ՍՈՒՐԲԵՐ ԵՒ ՎԿԱՆԵՐ

«Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։ Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին եւ կատարողին, որ իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց եւ Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ». (ԵԲՐ. ԺԲ 1-2)։

Պօղոս առաքեալի այս խօսքերը ո՜րքան կը համեմատին մեր առօրեայ կեանքին, քանի որ իւրաքանչիւր օր պէտք ունինք սուրբերու եւ վկաներու բարեխօսութեան եւ օգնութեան։ Ուստի, հաւատքի նկատմամբ պէտք է զգոյշ ըլլանք՝ նոր հաւատք, նոր գիտակցութեամբ զօրացնենք մեր հաւատքը։ Այս պատճառով մեր հոգիին փոշին, կուտակուած աղտերը սրբելու ենք, քանի որ անոնք արգելք են մեր հոգեկան առողջութեան։ Արդարեւ, մեզ պաշարած մեղքի ծանրութենէն ազատելու ենք սուրբերու եւ վկաներու օգնութեամբ։ Սուրբեր եւ մարտիրոսներ ճշմարտութեան վկաներ են։ Մարտիրոսութիւնը գերագոյն վկայութիւնն է մատուցուած հաւատքի ճշմարտութեան։ Ան արտայայտութիւնն է ի գին մահուան կատարուած վկայութեան։

Մարտիրոսը, այսինքն վկան, խաչուած եւ յարուցեալ Քրիստոսի վկան է՝ որուն ինք միացած է սիրով։ Ան վկան է հաւատքին ճշմարտութեան եւ քրիստոնեայ վարդապետութեան։ Ան կը դիմակալէ մահը արիութեան արարքով մը։ Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացի կ՚ըսէ. «Թողէ՛ք որ գազաններուն կեր ըլլամ, անոնցմով պիտի տրուի ինծի հասնիլ Աստուծոյ»։

Ամենամեծ խնամքով Եկեղեցին հաւաքած է յիշատակները անոնց՝ որոնք ընթացան դէպի մահ, վկայելու համար իրենց հաւատքին։ Անոնք վկայաբանութիւններն են։ Անոնք վկայաբանութիւններն են՝ որոնք կը գոյացնեն դիւանները Ճշմարտութեան, գրուած արիւնի տառերով։

Մենք երկինքի բնակիչներուն յիշատակը չենք մեծարեր միայն անոնց տուած բարի օրինակին համար, այլ մենք աւելին փնտռելով՝ կը զօրացնենք ամբողջ Եկեղեցւոյ միութիւնը Ս. Հոգիին մէջ, եղբայրական սիրոյն գործադրութեամբ։ Որովհետեւ ինչպէս որ քրիստոնեաներուն միջեւ երկրի վրայ հաղորդութիւնը մեզ դեռ աւելի կը մօտեցնէ Քրիստոսի, նոյնպէս ալ սուրբերու հետ մեր հասարակութիւնը մեզ Քրիստոսի կը միացնէ, որմէ՝ իբրեւ անոնց առաջնորդողէ՝ պետէ կը բխի Աստուծոյ Ժողովուրդին ամէն շնորհք եւ կեանք։

Կռապաշտութիւնը, արդարեւ, չի հայիր միայն հեթանոսութեան թիւր պաշտամունքներուն։ Ան կը հանդիսանայ հաւատքին դէմ յարատեւ փորձութիւն մը։ Ան կը կայանայ աստուածացնելու մէջ, ինչ որ Աստուած չէ՛։ Մարդ կռապաշտութիւն կը գործէ, երբ փոխանակ Աստուծոյ՝ արարած մը կը պատուէ եւ կը մեծարէ, ըլլա՛ն անոնք չաստուածներ կամ դեւեր. զոր օրինակ՝ դիւապաշտութիւնը, ըլլան անոնք որեւէ նիւթեղէն, հաճոյք, ցեղ, նախահայրեր, արծաթ, խմբակցութիւն կամ նման աշխարհային, մարդկային էութիւններ. «Չէ՛ք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ Մամոնային», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՄԱՏԹ. Զ 24)։ Պատիւ եւ մեծարանք եթէ հասնի պաշտամունքի աստիճանին՝ կռապաշտութեան կը հասնի, ուստի ամէն արժէք պէտք է պատուել եւ մեծարել միայն իր արժէքին եւ հանգամանքին սահմաններուն մէջ։

Բազմաթիւ մարտիրոսներ-վկաներ նահատակուեցան, մերժելով պաշտել «Գազանը». (ՅԱՅՏ. ԺԳ-ԺԴ), մերժելով անոր նոյնիսկ կեղծ կամ ձեւական պաշտամունքը։ Կռապաշտութիւնը կը դրժէ միատիրութիւնը Աստուծոյ, ան հետեւաբար անհաշտ է աստուածային հաղորդութեան հետ. (ԳԱՂ. Ե 20), (ԵՍ. Ե 5)։ Մարդկային կեանքը կը միակցի երկրպագութեան մէջ Միակին։ Միակ Տիրոջ երկրպագելու պատուիրանը կը պարզացնէ մարդը եւ կը փրկէ զայն անվերջ տարտղնումէն։ Կռապաշտութիւնը վատափոխում մըն է մարդուն կրօնական բնածին զգայնութեան։ Կռապաշտը ա՛ն է՝ որ «Աստուծոյ անխորտակելի ըմբռնումը կը վերագրէ ամէն ինչի, բացի Աստուծմէ», կ՚ըսէ Որոգինէս։

Կարգ մը հաւատացեալներ սրբադասելով, այսինքն հանդիսաւորապէս հռչակելով, թէ անոնք առաքինութիւնները հերոսաբար գործադրեցին եւ Աստուծոյ շնորհքին հաւատարմութեան մէջ ապրեցան, Եկեղեցին կը ճանչնայ իր մէջ եղող սրբութեան Հոգիին զօրութիւնը եւ կը հրահրէ հաւատացեալներուն յոյսը, սուրբերը իբրեւ տիպար եւ բարեխօս տալով անոնց։ Եկեղեցւոյ պատմութեան դժուար շրջաններուն՝ սուրբեր եւ սրբուհիներ վերանորոգումի սկզբնաղբիւր եղած են միշտ։ Արդարեւ, սրբութիւնը թաքուն աղբիւրն է եւ անսխալական չափը Եկեղեցւոյ առաքելական գործունէութեան եւ քարոզական թափին։

Եկեղեցին՝ հաւատքի աչքով դիտուած, անսայթաքօրէն սո՛ւրբ է։ Քրիստոս, Հօր եւ Հոգիին հետ «միայն Սուրբ» հռչակուած Աստուծոյ Որդին՝ Եկեղեցին սիրեց իբրեւ Իր Հարսը եւ անոր համար Ինքզինք զոհեց, որպէսզի սրբացնէ զայն… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս, 11, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2026