ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՀՌԵՏՈՐ

Ի՞նչ կ՚ընէ պետական մտածելակերպով քաղաքական գործիչը, երբ ընտրութիւններու մէջ կը յաղթէ: Կամ կը կարծէ, թէ յաղթած է, կամ կ՚ուզէ բոլորը համոզել, թէ յաղթած է: Քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ առաջին բանը, որ ան կը փորձէ ընել՝ ընտրութիւններու պարագային յառաջացած քաղաքական անխուսափելի լարուածութիւնը մեղմացնելն է: Այդ նպատակով ան՝ մասնաւորապէս կը յայտարարէ, որ բոլորին նախագահն է կամ բոլորին վարչապետը՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ որո՞ւ համար քաղաքացիները ձայն տուած են: Այդ ոգիով ընտրութիւններէն յետոյ կ՚արտայայտուէին ու կ՚արտայայտուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական երկիրներու բոլոր ղեկավարները՝ անկախ այն բանէն, թէ ի՞նչ տեղի ունեցած է եւ ի՞նչ խօսուած է ընտրարշաւի ընթացքին, ինչպէս նաեւ՝ բուն քուէարկութեան ժամանակ: Խնդիրը այն չէ, որ այդ բոլոր ղեկավարները հրաշալի մարդիկ են. պետական այդ աւանդութիւնը զուտ կիրառական նշանակութիւն ունի: Եթէ նպատակ չի՛ դրուիր ապագայ տարիներու կառավարումը իրականացնել բացառապէս ձերբակալութիւններու եւ քաղաքական ահաբեկչութեան միջոցաւ, ապա բոլոր մնացեալ պարագաներուն աւելի դիւրին է ղեկավարել այնպիսի իրավիճակի մը մէջ, երբ ընդդիմութիւնը ընտրածներուն դուն չես համարեր քու անձնական թշնամիները: 

Փաշինեան, բնականաբար, գիտէ, որ չէ՛ յաղթած ընտրութիւններուն մէջ եւ առանձնապէս ալ չի՛ փորձեր ոեւէ մէկը համոզել, թէ յաղթած է: Իրեն պէտք չէ ապացուցանել, որ ան վարչապետ է եւ բոլորը հոգիի խորքին մէջ կը հասկնան, թէ այլեւս վարչապետ չէ: Անոր պէտք է ապացուցանել, որ ինքը «ժողովուրդի սրտէն խօսող համարձակ տղայ» մըն է, որ ընդունակ է ամէն ինչի: Եւ այս իսկ պատճառով ընտրութիւններու գիշերը, երբ հաշուարկուած էր ընտրողներու ձայներու հազիւ տասը տոկոսը, ան կը յայտարարէր իր «յաղթանակի» մասին: Իսկ աւելի վերջ ո՛չ թէ քաղաքակիրթ երկիրներուն յատուկ աւանդական յայտարարութիւնը՝ «կը պարտաւորուիմ ըլլալ բոլորի վարչապետը, պաշտպանել բոլոր քաղաքացիներու շահերը, հաշուի առնել ընտրարշաւի մէջ հնչած բոլոր հիմնարար մտահոգութիւնները»: Ո՛չ, Փաշինեան միացուց իր մշտական ձայնապնակը՝ «ասոր կը բռնեմ, միւսը անտուն կը դարձնեմ, ուրիշ մը ծունկի կը բերեմ»: Այսինքն, Փաշինեանի բոլոր քաղաքական ընդդիմախօսները արժանի են միայն նման վերաբերմունքի: Իսկ սա, իր հերթին, կը նշանակէ, որ հարիւր հազարաւոր մարդիկ, որոնք ձայն տուած են ընդդիմութեան, նոյնպէս որեւէ յարգանքի, որեւէ մարդկային վերաբերմունքի արժանի չեն: Արդեօք հնարաւո՞ր է նման մտածելակերպով պետութիւն ղեկավարել: 

Փաշինեան պետութեան ղեկավար չէ ո՛չ միայն այն պատճառով, որ չէ կարողացած ընտրուիլ վարչապետի պաշտօնին մէջ, բայց, նաեւ այն պատճառով, որ երբեք ինքզինք չէ դրսեւորած՝ որպէս պետութեան ղեկավար, պետական մարդ: Ան եղած է եւ կը մնայ ընդդիմութեան բոցաշունչ հռետոր: Բայց, ի տարբերութիւն սովորական ընդդիմադիր հռետորներէ, ան իր ձեռքին տակ ունի քաղաքական հաշուեյարդարի գործիքներ: 

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2026