TRIPP-Ի ՀԱՄԱՐ ԸՄԲՌՆՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ խաղաղութեան փաստը օրինականութիւն ստացած է՝ վերջին ընտրութիւններուն ժամանակ ժողովուրդի նախընտրութեամբ: 

Երէկ, Հայաստանի կառավարութեան նիստէն վերջ, Նիկոլ Փաշինեան զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Ան մամլոյ սպասաւորներուն տեղեկացուց, որ պիտի մասնակցի օգոստոսի 15-ին նախատեսուած Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջկառավարական խորհուրդի նիստին: Վարչապետը համոզուած է, թէ Հայաստան տարածաշրջանային անվտանգութեան բոլոր սպառնալիքները յաղթահարած է: Ի լրումն այս բոլորին, ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ տրամադրուած են արագ շարժելու՝ TRIPP-ի իրագործման համար: Իր յայտարարութիւններուն մէջ վարչապետը բաւական խիստ գնահատականներով հանդէս եկաւ ներքին կեանքին կապակցութեամբ: Ան շեշտեց, որ Հայաստանէ ներս ընտրակաշառքով պատերազմի սպառնալիք ստեղծուած է: Խորհրդարան մուտք գործած ընդդիմադիր կուսակցութիւնները շատ ծանր ոճով թիրախաւորելու առըթներ, Նիկոլ Փաշինեան պնդեց, որ անոնք բոլորը ընտրակաշառքով խորհրդարան մուտք գործել յաջողած են: «Ընտրակաշառքի պատճառով բանտարկութեան դէպքերու բացակայութիւնը դատաիրաւական համակարգի տագնապի դրսեւորումն է», ըսաւ վարչապետը: 

Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի ընտրութեան յաջորդած իրավիճակին մէջ ընդդիմադիր վեց քաղաքական ուժերուն կողմէ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան: «Այդ ուժերը մէկ կէտէ կը կառավարուին բոլորով», ըսաւ ան: 

Խորհրդարան մուտք գործած երկու քաղաքական ուժերուն՝ «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքներուն, ինչպէս նաեւ շատ նուազ տարբերութեամբ շեմը չյաղթահարած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան անդրադառնալով՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Եռագլուխ մաֆիան ոչինչ կրնայ ընել, որովհետեւ չունի ժողովրդական աջակցութիւն»:

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2026