ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԶՐՈՅՑՆԵՐԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի եւ Իրաքի վարչապետ Ալի Զէյտիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ հեռախօսազրոյցները տեղի ունեցան երէկ երեկոյեան ժամերուն։ Էրտողան-Փեզեշքիան զրոյցի ժամանակ շօշափուեցան երկկողանի յարաբերութիւններու ընթացքն ու տարածաշրջանային ու համաշխարհային բնոյթով իրադարձութիւններ։ Էրտողան շեշտեց, որ Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը գոհունակութիւն կը պատճառէ եւ Թուրքիա պատրաստակամ է՝ գործընթացի խաղաղութեամբ եզրափակման համար իրմէ կախեալ ամէն ինչը ընելու։ Նախագահ Էրտողան մատնանշեց նաեւ, որ ուշադիր պէտք է ըլլալ անոնց դէմ, որոնք բանակցութիւնները խափանարարել կը փորձեն։

Փեզեշքիանի հետ զրուցելու ժամանակ, Էրտողան մատնանշեց, որ նոր շրջանին տարածաշրջանային խաղաղութեան ամրապնդման ուղղեալ քայլեր առնելը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն եւ Թուրքիա այս անհրաժեշտութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ պիտի աշխատի։

Զրոյցի ընթացքին Թուրքիա-Իրան առեւտրական, ելմտական եւ ուժանիւթի ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ նախատեսուած քայլերն ալ շօշափուեցան։

Ալի Զէյտիի հետ զրուցելու ընթացքին ալ Էրտողան նշեց, որ Թուրքիա պատրաստակամ է Իրաքի հետ համագործակցութիւնը զարգացնելու՝ մասնաւորապէս ուժանիւթի, պաշտպանական արդիւնաբերութեան եւ հաղորդակցութեան բնագաւառներէն ներս։ Ան Իրաքի վարչապետը Թուրքիա հրաւիրեց՝ ծաւալուն խորհրդակցութիւններու համար։

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան վերջին օրերուն «Էլ Ճեզիրէ» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ կանխատեսած էր, որ ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններուն մէջ կրնան յառաջանալ դժուարութիւններ։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2026