Հինգշաբթի 25, Յունիս 2026
ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄՐՑՈՅԹ
Պէզճեան Մայր վարժարանը նախընթաց օր հիւրընկալեց STEM մրցոյթը, որու նպատակն է աշակերտներուն ուղեկից դառնալ զանազան հարցերու լուծման ճանապարհին ընդունակութիւններ ձեռք բերելու առումով։ Համայնքային ութ միջնակարգեր մասնակցութիւն բերին այս նախաձեռնութեան։ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութիւնը ջերմօրէն հիւրընկալեց բոլոր մասնակիցները։
Միջվարժարանային ձեռնարկի արդիւնքին առաջին երեք հորիզոնականները զբաղեցուցին՝ Պաքըրգիւղի Տատեան, Մխիթարեան եւ Պէզճեան Մայր վարժարաններու խումբերը։
Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2026