ՏՈՔԹՈՐԱԿԱՆԻ ԿՈՉՈՒՄ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի գիտնականներէն տքթ. Արման Խաչատրեանը: Հարկ է նշել, որ այս վերջինը Իսրայէլի Նեկեւ քաղաքի «Պէն Կուրիոն» համալսարանէն վերջերս տոքթորականի վկայական ստացած է: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին ջերմօրէն շնորհաւորեց գիտնականը՝ տոքթորականի կոչման արժանացած ըլլալու բերումով: Հարկ է նշել, որ Արման Խաչատրեանի ատենախօսութեան նիւթը եղած է՝ «Հայոց Պատրիարքութիւնը փոփոխուող Երուսաղէմի մէջ. Պահպանութեան եւ արդիականացման միջեւ»: 

Պատրիարքարանի զրոյցի ընթացքին Խաչատրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան, որ տարիներ շարունակ միշտ իր հայրական օրհնութիւնը տուած էր՝ ատենախօսութեան վերաբերեալ պատրիարքութեան արխիւներէն օգտուելու եւ զանոնք ծանօթացնելու ճանապարհին: 

Հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հերթական անգամ տուաւ իր օրհնութիւնը տքթ. Խաչատրեանին եւ անոր ապագայ յաջողութիւններ մաղթեց՝ գիտական ասպարէզի գործունէութեան մէջ:

Շաբաթ, Յունիս 27, 2026