ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Հայաստանի բնապահպանութեան նախարար Համբարձում Մատթէոսեան, նախընթաց օր Լոնտոնի մէջ մասնակցեցաւ հաւաքոյթի մը, որ կազմակերպուած էր Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորի բարձր հովանաւորութեամբ: Սենթ Ճէյմս պալատէն ներս տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին նախարար Համբարձում Մատթէոսեան հանդիպեցաւ Չարլզ Գ. թագաւորին հետ:
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ այս ընդունելութիւնը համախմբեց՝ կլիմայի քաղաքականութեան, գիտութեան, գործարար աշխարհի եւ բարեգործական ոլորտներու միջազգային բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ: Հաւաքոյթը կազմակերպուած էր՝ գերհզօր աղտոտող նիւթերու արտանետումներու կրճատման եւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի համատեղ ջանքերու շուրջ համագործակցութեան ամրապնդման նպատակով: Նման հեղինակաւոր միջազգային հարթակները կը նպաստեն երկիրներու միջեւ երկխօսութեան խորացման, փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման եւ համագործակցութեան նոր ուղղութիւններ կը ձեւաւորեն:
Նախարար Մատթէոսեանի այս հաւաքին մասնակցութիւնը կու գայ ապացուցանել, որ Երեւան կը կարեւորէ Լոնտոնի հետ գործընկերութեան շարունակական զարգացումը՝ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան, կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի եւ կենսաբազմազանութեան պահպանման ոլորտներէն ներս: