ՎԵՐՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Անվտանգութեան օրակարգը Հայաստանի ներքին միասնութեան տեսակէտէ կարեւոր հնարաւորութիւն մը կ՚ընձեռէ՝ մանաւանդ ընտրութիւններուն յաջորդած ներկայ ժամանակաշրջանին: Արդարեւ, սա ներքին մասնատումէն վեր՝ ազգային օրակարգ մըն է: Հայաստանի քաղաքական գործընթացները չեն խօսիր միասնութիւն մը ստեղծելու մասին։ 

Ընդդիմութեան գլխաւոր խաղացողները հերթով դիմեցին Սահմանադրական ատեան՝ բողոքելով ընտրութիւններու արդիւնքներէն եւ, հետեւաբար, պահանջեցին զանոնք չեղարկել: Յամենայնդէպս, անոնք ունին միաւորման լուրջ խնդիր։ Այդ տարբաղադրումը, երկուութիւնները, նոյնիսկ ներքին խռովութիւնները, բնականաբար, դարձան իրական առիթներ, որպէսզի իշխանութիւնները լաւագոյնս օգտագործեն այդ մասնատումը եւ լռելեայն իրենց համակիրներուն, նաեւ չկողմնորոշուած հանրոյթին յայտնեն ու հաստատեն, որ ինչ ալ պատահի՝ ընդդիմութիւնը անկարող է զիրենք փոխարինելու։ 

Անշուշտ, այստեղ շատ կարեւոր է հաստատել, որ Հայաստանի մէջ ներքին միասնութիւն մը, ներքին համերաշխութիւն մը ստեղծելու թիւ մէկ պատասխանատուն երկրի իշխանութիւնն է։ Այս առումով ալ ցարդ ստացուած կամ երեւցած նախանշանները կը խօսին այն մասին, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ յատկապէս՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատրաստ չէ երկխօսութեան մթնոլորտի մը համար ճիգեր գործադրելու։ Եթէ պահ մը ընդունինք, որ ան կը համարուի ընտրեալ վարչապետ մը, ապա ի՞նչն է խորքային պատճառը, որ անոր հիմք կը դառնան ծայրայեղ յայտարարութիւններով հանդէս գալու՝ այսպէսով ալ մասնատելով արդէն իսկ ներքին համերաշխութեան լրջագոյն խնդիրներով Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը։

Այստեղ խօսքը համընդհանուր սէր մը կերտելու մասին չէ։ Բնական է, որ իւրաքանչիւր երկիր պարտաւոր է ունենալ ընդդիմութիւն, սակայն, երկրի իշխանութիւններուն գործն ու պարտաւորութիւնն է իրերուն, դէպքերուն եւ կողմերուն մօտենալ մեծ պրիսմակով ու տարածել երկխօսութիւն ստեղծելու եւ կերտելու իսկական դրոյթները։ 

TRIPP-ի հարցէն մինչեւ տարածաշրջանային քաղաքականութիւն, Արեւմտուտքի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու խնդիրէն, մինչեւ աւանդական համարուած դաշնակիցներու հետ յարաբերութեանց կարգաւորման հիմնահարց՝ առկայ են բազում սպիտակ բիծեր։ Ու այս առումով խնդիրը միայն իշխանութիւններու գործած սխալները չէին, այլ ընդդիմութեան կողմէ կեցուածքներու պղտորութիւնը եւ անորոշութիւնը։

Այս բոլորին առընթեր, ինչպէս ընտրութիւններու նախօրէին, այսօր եւս Հայաստանի համար հիմնական օրակարգը կը շարունակէ մնալ անվտանգութեան խնդիրը։ Այս առումով, եթէ ներկայիս երկրի սահմաններուն կը տիրէ խաղաղութիւն եւ անդորր, ապա այն չի՛ նշանակեր, որ ամէն հարց լուծուած է ու ամէն վտանգի էջ փակուած։ Ու հոս է, որ անվտանգութեան օրակարգը պէտք է դառնայ եւ ընկալուի՝ որպէս վերքաղաքական դրոյթ մը, որուն շուրջ պէտք է հաւաքուին բոլոր-բոլորը։ Ի վերջոյ, Հայաստանն ալ Իսրայէլի նման կարիքն ունի անվտանգութեան գործօն կոչուած զէնքի մը, որ ո՛չ միայն պիտի դառնայ միաւորման միջոց, այլեւ պիտի դառնայ հիմնական օրակարգ։ 

Երբ վտանգը երեւելի դառնայ, երբ ահազանգը հնչէ, ապա բոլորը պարտաւոր են ականջ տալ առկայ վտանգներուն, միաւորուիլ ու լծուիլ հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործին։ Ալ ասկէ անդին տեղի ունեցած կամ ունենալիք բոլոր մակարդակի գործընթացներն ու դրոյթները կը մասնատեն հայ հասարակութիւնը եւ, խորքին մէջ, հարուած կու տան ներքին միասնութիւն կերտելու հայութեան ազգային եւ իրական տեսլականին։ 

Ցոյցեր, հաւաքներ, բողոքի ալիք կամ ժողովրդավարութեան համար նետուած քայլեր, այո՛, բոլորն ալ կենսական ու կարեւոր են, բայց եւ այնպէս, բոլորն ալ անցողիկ ու երկրորդական են Հայաստանի անվտանգութեան մեծագոյն օրակարգին եւ թեզին դիմաց։ Հայաստանի քաղաքական բոլոր ուժերը 2026-ի ընտրապայքարի ընթացքին գրեթէ միաձայն կը յայտարարէին, թէ երկրի առաջնահերթ խնդիրը անվտանգութիւնն է։ Սակայն, այդ ընդհանուր համաձայնութիւնը չէր նշանակեր, որ բոլորն ալ նոյն խորութեամբ կամ նոյն հիմնաւորմամբ կը ներկայացնէին իրենց պատկերացումները։ Ոմանք աւելի շատ կը շեշտէին զինեալ ուժերու վերականգնումը, ուրիշներ՝ դաշնակցային յարաբերութիւններու վերանայումը, իսկ որոշ քաղաքական ուժեր ալ կը խօսէին բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութեան եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան զարգացման մասին։ Ընդհանուր առմամբ, կարելի է ըսել, որ ընտրապայքարին մէջ աւելի համոզիչ էին այն ուժերը, որոնք անվտանգութեան հարցը կը դիտէին ո՛չ միայն զինուորական, այլեւ քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական եւ հասարակական դիմադրողականութեան տեսանկիւնէ։ Անվտանգութիւնը միայն զէնքի հարց չէ, այլ ամբողջ պետական համակարգի որակին հետ կապուած խնդիր մըն է։ 

Գալով անվտանգութեան մեծ քննութեան: Ի դէպ, Հայաստանի ընդդիմութիւնը յատկապէս քննադատեց անցեալ 28 մայիսի զօրահանդէսը՝ զայն որակելով նախընտրական շոու։ Այդ գնահատականին մէջ քաղաքական չափաբաժին, անշուշտ, կայ։ Սակայն, դժուար է ամբողջութեամբ անտեսել այն դիտարկումը, թէ նման միջոցառումները ընտրութիւններու նախօրեակին նաեւ քաղաքական ուղերձներ կը պարունակեն։ Միեւնոյն ժամանակ, զօրահանդէսները միայն քարոզչական բնոյթ չունին։ Անոնք նաեւ բանակին, հասարակութեան եւ արտաքին աշխարհին ուղղուած խորհրդանշական պատգամներ են։ Ուստի, իրականութիւնը, հաւանաբար, կը գտնուի երկու ծայրայեղ գնահատականներուն միջեւ։ Զօրահանդէսը կրնար ունենալ թէ՛ պետական, թէ՛քաղաքական բաղադրիչներ։ 

Այսօրուայ վերընտրուած իշխանութիւնները կը պնդեն, որ իրենք կը կատարեն հնարաւոր ամէն ինչ՝ Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդման համար։ Վերջին տարիներուն իսկապէս նկատելի եղան որոշ քայլեր՝ պաշտպանական պիւտճէի աճ, սպառազինութեան նոր աղբիւրներու որոնում, Հնդկաստանի եւ Ֆրանսայի հետ համագործակցութեան ընդլայնում, տեղական ռազմարդիւնաբերութեան խթանում։ Սակայն, անվտանգութեան պարագային վստահութիւնը միայն առնուած քայլերով չի՛ չափուիր։ Անիկա նաեւ արդիւնքներու, ռազմավարական յստակութեան եւ հասարակական վստահութեան հարց մըն է։ Հետեւաբար, այսօր ալ հանրութեան զգալի հատուած մը կը շարունակէ վերապահութիւններ ունենալ՝ հաշուի առնելով 2020-ի պատերազմը եւ Արցախի կորուստը։ Վստահութիւնը կը կառուցուի տարիներու ընթացքին եւ միայն յայտարարութիւններով չ՚ամրապնդուիր։

2020 թուականի պատերազմէն եւ Արցախի կորուստէն ետք, թերեւս ամենամեծ հարցադրումը այն էր է, թէ ինչո՞ւ ազգային միասնական օրակարգ մը ձեւաւորել կարելի չեղաւ։ Տրամաբանական պիտի ըլլար, որ նման ծանր կորուստէ մը ետք հասարակութիւնը համախմբուէր՝ անվտանգութեան գաղափարին շուրջ։ Սակայն, իրականութեան մէջ ներքին քաղաքական բեւեռացումը, փոխադարձ անվստահութիւնը եւ պատասխանատուութեան շուրջ անդադար վէճերը աւելիով խորացուցին բաժանումները։ Անվտանգութիւնը բոլորին համար առաջնահերթութիւն է, բայց, չկայ համաձայնութիւն մը այն մասին, թէ ինչպէ՞ս պէտք է հասնիլ այդ նպատակին։ Միասնութիւնը միայն վտանգի գիտակցութենէն չի ծնիր, այլեւ ընդհանուր տեսլականի գոյութենէն, իսկ այդ տեսլականը տակաւին ամբողջական ձեւով չէ ձեւաւորուած։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պաշտպանական կարողութիւններու եւ ռազմական ծախսերու տարբերութիւնը ակնյայտ է։ Այդ պայմաններուն մէջ Հայաստանին համար դժուար պիտի ըլլայ մտնել դասական սպառազինութեան մրցավազքի մէջ եւ գումարային չափերով մրցիլ Ատրպէյճանի հետ։ Փոքր պետութիւններու փորձը ցոյց կու տայ, որ անվտանգութիւնը միայն մեծ պիւտճէներով չ՚ապահովուիր։ Բարձր թեքնոբանական լուծումները, ճկուն բանակը, որակեալ սպայական կազմը, միջազգային գործընկերութիւնները եւ ռազմավարական մտածելակերպը երբեմն աւելի մեծ նշանակութիւն կրնան ունենալ՝ քան քանակական ցուցանիշները։ Ուստի, Հայաստանի համար կարեւոր է ո՛չ թէ համաչափ մրցակցութիւնը, այլ խելացի եւ ընտրողական ռազմական զարգացումը։

Վերջին շրջանին ուշադրութիւն կը գրաւեն հայկական անօդաչուները եւ ռազմարդիւնաբերութեան շուրջ քննարկումները։ Այս ոլորտին մէջ որոշ յառաջընթացներ կան եւ տեղական արտադրութեան զարգացումը ինքնին յուսադրիչ երեւոյթ մըն է։ Սակայն, անհրաժեշտ է խուսափիլ չափազանցուած սպասումներէ։ Ռազմարդիւնաբերութեան կայացումը երկարաժամկէտ գործընթաց մըն է, որ կը պահանջէ գիտական ներուժ, ներդրումներ, կայուն պետական քաղաքականութիւն եւ միջազգային համագործակցութիւն։ Հայաստան տակաւին այդ ճանապարհի սկզբնական փուլերուն մէջ կը գտնուի։ Ուստի, աւելի օգտակար է իրատեսական գնահատականներով առաջնորդուիլ՝ քան վաղաժամ յաղթանակներու մասին խօսիլ։ Եթէ այս ճիգերը շարունակական բնոյթ ստանան, ապա ապագային անոնք կրնան ո՛չ միայն ներքին պահանջարկ սպասարկել, այլեւ որոշ շուկաներու մէջ ներկայութիւն ապահովել։

Երբ կը փորձենք հասկնալ Հայաստանի անվտանգութեան հիմնական բացը, դժուար է զայն մէկ գործօնի վերագրել։ Զէնքը կարեւոր է, դաշնակիցները՝ նոյնպէս, բայց, անոնք ինքնին բաւարար չեն։ Ազգային միասնականութեան պակասը, ռազմավարական մտածելակերպի թուլութիւնը եւ երկարաժամկէտ պետական տեսլականի բացակայութիւնը ոչ-պակաս լուրջ խնդիրներ են։ Անվտանգութիւնը, ի վերջոյ, ամբողջական համակարգ մըն է, ուր բանակը, տնտեսութիւնը, դիւանագիտութիւնը, գիտութիւնը եւ հասարակական համերաշխութիւնը փոխկապակցուած են։ Հաւանաբար, Հայաստանի առջեւ կանգնած ամենամեծ մարտահրաւէրը ո՛չ միայն նոր զէնքեր ձեռք բերելն է, այլեւ ստեղծելը ազգային կարողութիւններու այնպիսի համակարգ մը, որ երկիրը դարձնէ աւելի կայուն, աւելի դիմացկուն եւ աւելի պատրաստ՝ դիմագրաւելու ապագայի անորոշութիւնները: 

Այսօր անվտանգութիւնն է ազգային միասնականութեան կարեւոր փորձաքարը: Այս բոլորին լոյսին տակ պարզ կը դառնայ, որ Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրը այլեւս չի՛ կրնար մնալ միայն իշխանութիւն-ընդդիմութիւն հակադրութեան կամ նախընտրական խոստումներու սահմաններուն մէջ։ Ան պէտք է վերածուի ազգային համաձայնութեան առանցքի մը, ուր քաղաքական ուժերը, պետական հաստատութիւնները, մասնագիտական շրջանակները եւ հասարակութիւնը կը գիտակցին, թէ երկիրը չի՛ կրնար դիմագրաւել արտաքին մարտահրաւէրները՝ ներքին անվստահութեան, պառակտումի եւ փոխադարձ ժխտումի մթնոլորտին մէջ։ Անվտանգութիւնը միայն սահման պահելու հարց մը չէ, այլեւ պետութիւն պահելու, ժողովուրդ կազմակերպելու եւ ապագայի նկատմամբ հաւատք ստեղծելու հարց մըն է։

Հայաստանի առջեւ կանգնած հիմնական խնդիրը այսօր ո՛չ միայն զէնքի, դաշնակցի կամ պիւտճէի պակասն է, այլ՝ ընդհանուր պետական մտածելակերպի բացը։ Մինչեւ այն ատեն, որ անվտանգութիւնը չընկալուի՝ իբրեւ վերքաղաքական եւ համազգային օրակարգ, ամէն իշխանութիւն պիտի փորձէ զայն ներկայացնել՝ իբրեւ իր յաջողութիւնը, իսկ ամէն ընդդիմութիւն՝ իբրեւ իշխանութեան ձախողումը։ Այս փակ շրջանը պէտք է կոտրել։ Հայաստան կարիքն ունի այնպիսի նոր համաձայնութեան մը, որու հիմքը պիտի ըլլայ ո՛չ թէ քաղաքական շահը, այլ գոյութենական պատասխանատուութիւնը։

Ահա այստեղ է, որ ազգային միասնականութիւնը պէտք է դադրի միայն գեղեցիկ կարգախօս մը ըլլալէ եւ վերածուի գործնական քաղաքական մշակոյթի։ Այդ մշակոյթը կը պահանջէ յստակ ռազմավարութիւն, ճշգրիտ առաջնահերթութիւններ, պատասխանատու ընդդիմութիւն, վստահութիւն ներշնչող իշխանութիւն եւ հասարակութիւն մը, որ գիտէ տարբերել անցողիկ քաղաքական աղմուկը՝ երկրի երկարաժամկէտ շահերէն։ Հայաստանի համար անվտանգութիւնը պարզ օրակարգ մը չէ: Սա ապագայ գոյութեան պայմանն է։ Իսկ այդ ապագան կարելի է կառուցել միայն այն ատեն, երբ ներքին ուժերը դադրին զիրար սպառելէ եւ սկսին միասին մտածել պետութեան պաշտպանութեան, դիմադրողականութեան եւ վերականգնումին մասին։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 27, 2026