ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ

«Աֆէեան նախաձեռնութիւններ Հայաստանի համար» (AIFA) հիմնադրամի գործադիր տնօրէնուհի նշանակուեցաւ Իրինա Սէյլանեան: Հարկ է նշել, որ այս հիմնադրամը Հայաստանէ ներս յառաջ կը տանի՝ ամերիկահայ գիտնական, ազգային բարերար ու գործարար Նուպար Աֆէեանի եւ ընտանիքին կողմէ նախաձեռնուած բարեգործական եւ զարգացման միտուած ծրագիրները: 

Ըստ հինադրամի աղբիւրներուն՝ Իրինա Սէյլանեան պիտի ղեկավարէ Հայաստանի երկարաժամկէտ բարգաւաճման, դիմակայունութեան եւ աշխարհէ ներս մրցունակ ըլլալուն ուղղեալ վերափոխիչ նախաձեռնութիւնները զարգացնելու ջանքերը: Սէյլանեան այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Դալար Գազնաճեանին, որ այս տարեսկիզբին հեռացած էր գործադիր տնօրէնի պաշտօնէն՝ անձնական պատճառներով: Ան այժմ գործունէութիւնը կը շարունակէ՝ խորհրդականի կարգավիճակով: 

Նորանշանակ գործադիր տնօրէն Իրինա Սէյլանեան Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ աւելի քան 25 տարիէ ի վեր աշխատած է ելմտական ոլորտէ ներս՝ ձեռք բերելով ռազմավարական կառավարման հարուստ փորձառութիւն մը: Գործադիր տնօրէնի պաշտօնին մէջ ան կ՚առաջնորդէ հիմնադրամի ռազմավարական ծրագրերու մշակումը, իրականացումն ու գործընկերային կապեր՝ աշխատելով Հայաստանի եւ աշխարհի հայութեան շահագրգիռ բոլոր կողմերուն հետ: 

«Իրինա Սէյլանեան առաջնորդութեան, ռազմավարական տեսլականի եւ Հայաստանի ապագայի նկատմամբ խոր պատասխանատուութեան բացառիկ համարդութիւն ունի: Գործընկերութիւններ կառուցելու, բարդ նախաձեռնութիւններ զարգացնելու եւ ղեկավարելու իր փորձառութիւնը մեծապէս կը նպաստէ առաջնորդել երկարաժամկէտ փոփոխութիւններու միտուած մեր ջանքերը: Կ՚ողջունենք զինքը իր նոր պաշտօնին մէջ», այս առթիւ յայտնած են Աֆէեան հիմնադրամի հոգաբարձուները՝ Նուպար եւ Աննա Աֆէեանները: Նախքան այս պաշտօնին նշանակուիլը՝ Սէյլանեան HSPC դրամատան Հայաստանի մասնաճիւղի ընդհանուր տնօրէնուհին էր: 

«Աֆէեան նախաձեռնութիւններ Հայաստանի համար» կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2000 թուականին եւ «Աֆէեան» հիմնադրամի մասանճիւղն է: Ան կը ծառայէ աւելի կենսունակ, դիմակայուն եւ բարգաւաճ Հայաստան կառուցելու՝ խթանելով երկրի կրթական, գիտական, թեքնոբանական եւ մշակութային վերափոխութիւնները:

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026