ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Գումգաբուի համանուն սրահին մէջ, մեծ խանդավառութեան մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Դպրոցի ընթացաւարտները հրաժեշտ առին տօնախմբութեան մը համազօր հաւաքոյթով մը՝ ապագայի համար նոր յոյսերով ու բոլորի անկեղծ խրախուսանքով։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրեր։ Ներկաներու շարքին էին՝ Գումգաբուի ընտանիքի վարիչներ, շրջանաւարտներու ընտանեկան անդամներ եւ հիւրեր։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Արաս Հոքքաճըի, որ շրջանաւարտ դասարանի ուսուցիչն էր։ Վարժարանի տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր արտասանեց ողջոյնի խօսք մը, որու ընթացքին շնորհաւորեց տղաքը՝ մաղթելով ապագայ յաջողութիւններ։ Ընթացաւարտ դասարանի սաներն ալ ջերմ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։ Յայտագիրը եզրափակուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով, որու ընթացքին հնչեցին յորդորներ՝ ապագայի համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը, իր հերթին, ջերմօրէն շնորհաւորեց շրջանաւարտները՝ հայրական օրհնութեամբ ու անկեղծ բարեմաղթանքով։
Ծրագրի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, հատուեցաւ տղոց համար պատրաստուած կարկանդակը, բոլորը ընթացաւարտները շրջապատեցին անկեղծ սիրոյ տարափով, նորանոր նուաճումներու մաղթանքով։