ՉԱՐԹՆՆԱՅ ՔՆԱՑՈՂ ԱՌԻՒԾԸ
Եւ յանկարծ, Իսրայէլի կառավարութիւնը պաշտօնապէս միաձա՛յն քուէարկեց հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու օգտին։
Մինչեւ քուէարկութիւնը, արեւելք թէ՛ արեւմուտք՝ լրատուական միջոցները ողողուեցան Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաարի յայտարարած բանաձեւով, որուն մէջ նշուած էր, թէ « Իսրայէլ կը ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը՝ որպէս պատմական ու բարոյական պարտք» եւ առանձնապէս շեշտուած էր, որ Իսրայէլ պէ՛տք է դատապարտէ այդ իրադարձութիւններու պատմական ճշմարտութեան ժխտումը, նուազեցումը կամ խեղաթիւրումը։
Եթէ շահախնդիր մեր աշխարհէն հեռո՜ւ, ա՛յլ տեղ մը ըլլայինք, պիտի կարենայի ըսել.
Ասկէ աւելի արդարամտութի՞ւն։
2023 թուականի հոկտեմբերէն ի վեր Կազզէի մէջ սովի ենթարկուած, վրաններու տակ թրջուած, ծուխ, կրակ ու փլատակներու մէջ որբացած, սպաննուած ու ճերմակ տոպրակներու մէջ փաթթուած մանուկներուն ոսկորները չորցած չե՛ն կրնար ըլլալ դեռ։
Որո՞ւն վիզին մեղքն են անոնք։
Ամբողջ աշխարհին դատապարտած այս վայրագութեան գլուխ գործոցը, ամառնային խաղաղ օրուայ պայծա՜ռ առաւօտ մը կ՚որոշէ իր ոտնահարած արդարութեան զանգերը հնչեցնել ամէնուր։
Լսուեցան ղօղանջները՝ անկասկած, բայց, ո՞վ կը հաւատայ անոնց իրաւացիութեան։
Չենք հաւատար, բոլորս։
Բայց, զայրանալու կամ բողոքելու կարիք կա՞յ։
Տարածաշրջանի քաղաքական առօրեայ վերիվայրումները պահն ու պահին մեկնաբանող հայրենի թէ՛ սփիւռքի լրատուամիջոցներն ու անոնց տակ եռացող մեկնաբանութիւնները շատ զայրացան, դժգոհեցան ու բողոքեցին հայոց ցեղասպանութիւնը, ըստ կարիքի եւ անհրաժեշտութեան, որպէս խաղաքարտ օգտագործելու իրողութենէն։
«Լաւ կ՚ըլլար, որ արդարութեան սիրոյն առնուէր այս քայլը եւ ո՛չ որպէս արձագանգ Թուրքիա-Իսրայէլ վերջերս լարուած յարաբերութիւններուն…»։
Լո՞ւրջ էք։
Շա՞տ զարմացած էք, բարեկամներ։
Առաջին անգա՞մն է, որ այս ձեւով «կ՚օգտագործուի» հայոց ցեղասպանութիւնը։
Հակառակ ձեւով տանք հարցումը.
Ե՞րբ այս ձեւով չէ գործածուած։
Պատմութեան ընթացքին ո՞ր պետութիւնը յանուն մարդկային արդարութեան ճանչցած է հայոց ցեղասպանութիւնը։
«Լաւ կ՚ըլլար…»։
Անշուշտ, «լաւ կ՚ըլլար», բայց, ո՞րքանով իրական կ՚ըլլար։
Անիրատես, զարմանալի այս տեսակէտը դեռ չընդունած, առաջ եկաւ ուրիշ մը.
«Թուրքիոյ հետ վատ յարաբերութիւն, որեւէ հաշիւ ունեցողները թող դատապարտեն հայոց ցեղասպանութիւնը, շատ բարի, բայց մենք՝ Հայաստանը, խաղաղութեան Հայաստանը չշեղի՛նք մեր օրակարգէն, որ հազի՜ւ ճամբու մէջ մտած է»։
Բարոյականութեան հետ առնչութիւն չունեցող քաղաքական տրամաբանութեամբ՝ խնդրեմ, ճի՛շդ է։
Արցախ՝ հող, ժողովուրդ ու մշակութային ժառանգութիւն, տեղահանութիւն, սահմանագծում, «անկլաւ», Զանգեզուր, միջանցք, Մեղրի, Սիւնիք, Ջերմուկ, գրաւուած տարածք, «սուվերէն» տարածք, Արարատ, «Արեւմտեան Ատրպէյճան», «ֆէյք», յօրինուած յայտարարութիւններ, ամերիկեան երազի ծուխերուն վերեւը քուլայ-քուլայ դարձող ԵՄ, ծնկաչոք մեզ, միա՛յն մեզ սպասող շուկայ, քոնեաք, կանաչի, ծիրան եւ Մոսկուայէն պատգամ… «ռուսին վերարկո՞ւն, թէ եւրոպացիին վարդը» ըսելով-ըսելով յանձնարարութիւնները մինչեւ վերջ զիջող մեր երկրին համար, հայոց ցեղասպանութեան փշոտ նիւթին ժամանա՞կն է հիմա։
Ժամանակը չէ, ճի՛շդ է։
Այսպէս՝ «քնացող առիւծը չարթնցնելու» փիլիսոփայութեամբ, պահանջելու «այդ» ժամանակը օր մը կու գա՞յ, կրնա՞յ գալ։
Իսկ եթէ չգա՞յ։
Կը մոռցուի, կ՚երթա՞յ մեր պատմութեան «այս» էջը։
«Էջ մըն էր փակեցի՞նք», կ՚ըսենք եւ յառաջ կը նայի՞նք։
Ճիշդ հիմքերու վրայ հիմնուած կրնա՞յ ըլլալ այսպիսի թերի ու պակաս «բարեկամութիւն» մը։
Սերտար Քըլըչին ու Ռուբէն Ռուբինեանին պէս, եթէ Էրտողանն ու Փաշինեանը օր մը ջերմօրէն փաթթուին, երկու ժողովուրդներուն միջեւ արմատացած դարերու տարակարծութիւնն ու ատելութիւնը պիտի վերանա՞յ։
Այսքան պա՞րզ է աս հարցը։
Հայկական թէ թրքական ըլլալը վիճելի եղած երգի մը տակի «սիրայորդ քոմենթները» փորձա՞ծ էք կարդալ, օրինակ…
Չխօսուած՝ «յարմար» ժամանակի մը յետաձգուած այսպիսի էակա՛ն խնդիր մը, եթէ՜ օրը գայ ու բացուի, հաշիւները ետ չի՞ կրնար խանգարել, թէ հոս ալ «ընելիք», աւելի ճիշդը՝ «զիջելիք» բան մը ունինք մե՛նք։
Ունենալու ենք, կը հաւատամ։
«Երբեք ուշ չէ ճիշդը ընելու համար», յայտարարած էր Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը՝ կառավարութեան միաձայն քուէարկութենէն վերջ։
Ամիսներ առաջ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը Պաղեստինի պետութիւնը ճանչցած էր պաշտօնապէ՛ս։
Թէկուզ չափազանցելով՝ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, Ատրպէյճանը անթաքոյց զինամթերքով սնող, այսօր ալ Կազզէի ցեղասպանութիւնը իրագործող Իսրայէլը կրնա՞յ դատապարտել Հայաստանը։
Ատկէ առաջ՝ հայոց ցեղասպանութիւնը կրնա՞յ ճանչնալ։
«Քարտէսին նայէ՛»՝ պիտի ըսեն, հաւանաբար, ամէն եւ որեւէ գնով խաղաղութիւն տենչացող մեր քաղաքացիները…
Ճի՛շդ է, հի՜ն քարտէսէն մնացած, այսօրուա՛ն քարտէսին պէտք է նայիլ, աշխարհագրական մեր ճակատագիրը պէտք է գիտակցիլ եւ ըստ այնմ որոշումներ ընդունիլ՝ զօրեղ մեր դրացիներուն մէջ ու ապա գոյատեւելու համար….
«Այսօր նայելիք քարտէս մը կայ», պիտի պատասխանեմ անոնց։
Վաղը կը մնա՞յ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ