ԾՆՆԴԵԱՆ 225-ԱՄԵԱԿ - ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ՝ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳԻՐ, ԲԱՆԱՍԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՏԷՐՈՅԵՆՑԻ

Հայ հրապարակախօս, կրօնական գործիչ, բանասէր, թարգմանիչ, խմբագիր Յովհաննէս Տէր-Կարապետեանի (Տէրոյենց, Չամուրճեան) յիշատակը ոգեկոչուեցաւ Հայաստանի մէջ։

Հակառակ զանազան ժամանակներու Տէրոյենցին հասցուած սուր ու անխնայ հարուածներուն, ան պատմութեան մեջ մնացած է իբրեւ հակասական կերպար մը։ Տէրոյենց իր կեանքի ընթացքին եւս անդադար քննադատուած է. անոր գործունէութիւնը միշտ չէ, որ միանշանակ ընդունած է հանրութիւնն ու մտաւորականութիւնը։ Այսուհանդերձ, մայր հայրենիքի մէջ կատարուած այս արժեւորումը վերստին ուշադրութեան կեդրոն կը բերէ 19-րդ դարու պոլսահայ մտաւորական, Զարթօնքի կարկառուն դէմքերէն մէկը, որուն ձգած խոր հետքը մինչեւ օրս կը շարունակէ հետաքրքրութիւն սերմանել հայ բանասիրութեան, կրթութեան եւ հրապարակախօսութեան անդաստանէն ներս։

Հայաստանի Ազգային գրադարանի Մատենագիտութեան եւ գրադարանագիտութեան բաժնի նախաձեռնութեամբ, բաժնի ընթերցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յովհաննէս Պրուսացի Տէր-Կարապետեան Տէրոյենց Չամուրճեանի ծննդեան 225-ամեակին նուիրուած ցուցադրութիւն-զեկոյց մը։

Միջոցառման ընթացքին գրադարանի Մատենագիտութեան եւ գրադարանագիտութեան բաժնի վարիչ Անահիտ Նալպանտեան հանդէս եկաւ ծաւալուն զեկոյցով մը։ 

Ան ներկաներուն մանրամասնօրէն ներկայացուց Ազգային գրադարանի հարուստ հաւաքածուներուն մէջ Տէրոյենցի՝ խնամքով պահուող աշխատութիւնները, անոր խմբագրած հազուագիւտ պարբերականները, արժէքաւոր թարգմանութիւնները, ինչպէս նաեւ մտաւորականի կեանքի ու բազմակողմանի գործունէութեան առընչուող զանազան տարիներու հրատարակութիւններ ու գիտական ուսումնասիրութիւններ։ 

Հայաստանի Ազգային գրադարանը հայատառ մամուլի եւ գիրքերու՝ աշխարհի մէջ ամենէն մեծ ու անփոխարինելի շտեմարանն է, ուր մէկտեղուած են հայկական գրատպութեան դարաւոր ընթացքն ու ամբողջական տարեգրութիւնը։ Անոր խորհրդաւոր պահոցներուն եւ արխիւային դարակներուն մէջ դեռ կան պահուած որքա՜ն անյայտ էջեր, ծածուկ վաւերագիրներ ու բացայայտուելիք գանձեր, որոնք կը սպասեն իրենց հետազօտողներուն։ Այդ հսկայական ժառանգութիւնը կենդանի աղբիւր մըն է, որմէ դեռ երկար ժամանակ պիտի սնանին հայագիտութիւնն ու մեր մշակութային յիշողութիւնը՝ լոյս աշխարհ բերելով նորանոր պատմական յայտնագործութիւններ։

Այս ցուցադրութիւն-զեկոյցն ալ բացառիկ առիթ մըն էր ներկաներուն համար՝ ծանօթանալու Տէրոյենցի տպագիր բեղուն ժառանգութեան հետ, վերարժեւորելու անոր բացառիկ ներդրումը՝ հայ գրականութեան, եկեղեցական կեանքի եւ մշակոյթի պատմութեան մէջ։ Ցուցադրութեան մասնակիցը նաեւ հնարաւորութիւն ունեցաւ տեսնելու Պոլսոյ մէջ 19-րդ դարուն տպագրուած գիրքեր, թերթեր։ 

ԻՆՔՆԱՇԽԱՏ ԳԻՏՆԱԿԱՆԸ

Յովհաննէս «պատուելի» Չամուրճեան Տէրոյենց ծնած է 1801 թուականին՝ Պրուսայի մէջ։ 

Նախնական կրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, 1817-1819 թուականներուն ուսանած է Արմաշի հռչակաւոր վանքի երդիքին տակ։ 

Ան, համաձայն ժամանակակիցներու, ծանօթ էր աւելի քան տասն (12) հին ու նոր լեզուներու եւ հեղինակութիւն մըն էր դաւանական, աստուածաբանական ու եկեղեցական հարցերու մէջ։ 

1819 թուականէն սկսեալ դասաւանդած է Պրուսայի մէջ եւ լծուած՝ թարգմանչական բեղուն աշխատանքի։

Վերջին ներկայացուցիչներէն մէկն էր մինչեւ 1850-ական թուականներու սերունդին, որ զանազան մտայնութիւններու, ճաշակներու եւ շրջապատի մէջ արժեւորեց իր շնորհները՝ առաւելաբար կրօնական հետաքրքրութիւններով։

Յարութիւն Մրմըրեան, որ ամենէն աւելի զբաղած է Տէրոյենց մարդը եւ անոր գործը ներկայացնելու աշխատանքով եւ անոր կենսագիրն է նաեւ, զայն կը յորջորջէ «աշխարհիկ վանական»։ «Տասնեւիններորդ դար եւ Յովհաննէս Պրուսացի Տէրոյենց» (1908) գիրքին մէջ Մրմըրեան կը պատմէ Տէրոյենցի ամբողջ կեանքը։

150-Է ԱՒԵԼԻ ՀԱՏՈՐՆԵՐ

1830 թուականին, Տէրոյենցը տեղափոխուեցաւ Պոլիս։ 1838-1849 թուականներուն ան դասախօսեց եւ ստանձնեց Սկիւտարի ճեմարանի տնօրէնութիւնը։

Անոր ձգած մատենագիտական վաստակը ահռելի է. 150-է աւելի կը նկատուին ինքնագիր եւ թարգմանական, գրաբար եւ աշխարհաբար, տպագրեալ եւ անտիպ իր հատորները։

1841-1846 թուականներուն գրաբարէ աշխարհաբարի վերածեց շարք մը կարեւոր գիրքեր։ 1884 թուականին, հրատարակած է «Խորհրդածութիւնք Բասքալայ ի վերայ աստուածաբանական եւ իմաստասիրական նիւթոց եւ յապացոյց ճշմարտութեան քրիստոնէական սուրբ հաւատոց» թարգմանական գործը։ 

Մրմըրեան կը գրէ․ «Պոլիսին մէջ ամենէն վարժ ու արագագիր գիտունն էր այն ատեն Տէրոյենց, ինչո՞ւ չ՚ունենար իրեն սեպհական օրագիր մըն ալ։ «Եղանակ», «Դիտակ», «Ազդարար» բիւզանդեաններէն եւ բողոքականներու «Շտեմարան»էն ու Մխիթարեանց «Բազմավէպ»էն զատ՝ մինչեւ 1846-ը չկար մեծամասն հայերուն համար յատուկ լրագիր, որ քիչ շատ նմանէր արդի լրագիրներուն։ «Բազմավէպ»ը՝ բանասէր խումբի մը եւ գլխաւորապէս կաթողիկ հարուստներու ամսաթերթն էր, բողոքականներուն թերթն ալ չունէր ընդարձակ կարեւորութիւն։ Ազգին մեծամասնութեան ոգիին յարմար ու պէսպիսաւոր լրագրի մը հարկաւորութիւնը շատ կը զգացուէր», կը գրէ Մրմըրեան։ 1846-ին, կ՚որոշուի հիմնել՝ Պատրիարքարանի ծախքով թերթ մը։ Մրմըրեան այդ թերթը՝ «Հայաստան»ը, կը բնորոշէ Պոլսոյ անդրանիկ, միշտ ամբողջութեամբ հայատառ եղած հայ լրագիրը։ «Հայաստան»ը ամբողջութեամբ հայատառ եւ հայանիւթ եղած ըլլալուն, նաեւ Պատրիարքարանի կողմէ հիմնուած ըլլալու հանգամանքով՝ շատ մը մատենագէտներու կողմէ կը նկատուի նաեւ Պոլսոյ առաջին հայ լրագիրը, ինչպէս նաեւ Պատրիարքարանի առաջին պաշտօնաթերթը։

1846-1852 թուականներուն՝ տարուան մը ընդմիջումով (1849), Տէրոյենց վարած է խմբագրութիւնը Պատրիարքարանի կողմէ հովանաւորուող այդ լրագրին։ 

1846-1848 թուականներուն թերթը խմբագրած է գործակցութեամբ Մկրտիչ Աղաթօնի։

Անկէ ետք ան լոյս ընծայած է «Զօհալ» հայատառ թրքերէն հանդէսը, որ 1857-ին վերանուանուած է «Երեւակ» եւ տպագրուած է հայերէնով։ 

Այս ծիրէն ներս յատկանշական է, որ Տէրոյենց մեծ ներդրում ունեցած է նաեւ հայատառ թրքերէն մամուլի եւ տպագրութեան հրատարակման գործին մէջ։ Հայատառ թրքերէնը լոկ հաղորդակցութեան սովորական միջոց մը չէր։ Ան իւրայատուկ կամուրջ մըն էր։ Այս լեզուական շերտին միջոցով հայ հրատարակիչը, գրողն ու մտաւորականը փորձած են խօսիլ եւ հաղորդակցիլ այն հասարակութեան հետ, որուն մէջ կ՚ապրէին, սակայն, առանց հրաժարելու սեփական այբուբենէն, այսինքն՝ պահպանելով իրենց մշակութային ինքնութիւնը։

ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Կենսագրութիւնը կարդալով՝ կարելի չէ Տէրոյենցի անունը անջատել ամիրաներու, հոգեւորականութեան եւ ԺԹ. դարու առաջին կիսու աւագանիի սերունդէն, որուն հաշտ եւ հաւատարիմ մնաց իր պահպանողական ոգիով եւ համոզումներով, զորս պաշտպանեց՝ նոր գաղափարներու ջատագով երիտասարդութեան դէմ։

Ըլլալով պոլսահայ կղերաամիրայական պահպանողական հոսանքի պարագլուխը՝ ան հանդէս եկաւ որպէս ազատասիրական շարժումներու մոլեռանդ հակառակորդ։ Տէրոյենց գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ Երուսաղէմի պատրիարքական ընտրութիւններու առթիւ ծաւալած «Ներսէն-դուրսէն» պայքարին եւ տեւական հակամարտութեան մէջ եղաւ սահմանադրական շարժման կողմնակիցներուն, յատկապէս՝ «Մեղու» թերթի գործիչներուն եւ Միքայէլ Նալպանտեանի հետ, որ անոր ամբաստանագրերուն պատասխանեց «Երկու տող» երգիծագիրով։

Յովհաննէս Տէրոյենց իր մահկանացուն կնքեց 1888 թուականի յունիսի 24-ին, Պոլիս։ 

Ճիշդ իր մահուան օրը՝ յունիսի 24-ին, Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ կազմակերպուած իր յիշատակի ձեռնարկը հնարաւորութիւն տուաւ անգամ մը եւս յիշելու անոր մոռցուող անունը։ 

Թէեւ անոր գաղափարական դիրքորոշումները պատմութեան թատերաբեմին վրայ բուռն հակաճառութիւններու տեղի տուած են, սակայն, անոր լեզուագիտական, խմբագրական, թարգմանչական եւ կրթական վաստակը կը մնայ անժխտելի հարստութիւն՝ համայն հայ ժողովուրդին համար։

ՏԷՐՈՅԵՆՑԻ ԿԵՐՊԱՐԸ՝ ԸՍՏ ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ՍՈՒՐ ԵՐԳԻԾԱՆՔԻՆ

Յակոբ Պարոնեան իր «Ազգային ջոջեր»ու շարքին մէջ Յովհաննէս Տէրոյենցին կը բնութագրէ խիստ երգիծական, հեգնական ու անխնայ շեշտադրումներով։ 

Պարոնեանի յայտնի սկզբունքն էր՝ որքան անձը ազդեցիկ ու տաղանդաւոր է, այնքան աւելի վտանգաւոր կը դառնայ, եթէ սխալ ճամբու վրայ է։ Այդ դիտանկիւնէն ալ կը կարդանք «Ազգային ջոջեր»ը։ 

Պարոնեան Տէրոյենցը կը ներկայացնէ որպէս չափազանցուած ու «ցուցադրական» բարեպաշտութեամբ, ծոմապահութեամբ եւ կրօնական մոլեռանդութեամբ օժտուած անձնաւորութիւն, որ հեգնաբար՝ նոյնիսկ մօր արգանդին մէջ կը ջատագովէր սուրբերը եւ կը մերժէր չորեքշաբթի ու ուրբաթ օրերը կաթ ուտել: Ըստ երգիծաբանին՝ Տէրոյենց կրօնական սկզբունքները, աղօթքներն ու պապականութեան պաշտպանութիւնը հմտօրէն կը ծառայեցնէր հարուստ ամիրաներէն դրամ կորզելու նպատակին: Իբրեւ կրթական մշակ, ան իր աշակերտները տառապանքի կ՚ենթարկէր՝ անդադար ծունկ չոքել տալով, իսկ իր գրած քերականութեան գիրքը, ըստ Պարոնեանի, միայն նպարավաճառներուն պիտանի կ՚ըլլար՝ պանիր փաթթելու համար։

Պարոնեան Տէրոյենցը կը համարէ դեւերու գոյութեան ջատագով, զրպարտութեան ու կռիւի սիրահար, որ իր հրատարակած «Հայաստան» եւ «Երեւակ» թերթերով միայն տղայական վիճաբանութիւններ կը հրահրէր եւ կը մարէր ամէն լոյս: 

Անոր ֆիզիքական արտաքինն ու սովորութիւնները նոյնպէս ծաղրի կ՚ենթարկուին. պատուհանէն գլխու փոխարէն ոտքերը դուրս հանող, հսկայական կօշիկներով եւ խորշոմապատ ճակատով մարդ մը, որուն կեանքի գլխաւոր կարգախօսն է՝ մարդիկը դատել խօսքերով եւ ո՛չ թէ գործերով, ինչպէս նաեւ՝ սխալ բռնած ճամբան միշտ յամառօրէն շարունակել:

Պարոնեան կը շարունակէ Տէրոյենցի կերպարը մերկացնել աւելի խորունկ երգիծանքով՝ ցոյց տալով անոր մտաւորական ու հանրային դիմագիծի միւս կողմերը.

«Մայրենի լեզուի պաշտպանը». Պարոնեան հեգնանքով կը նշէ, որ Տէրոյենց կատաղի պայքար կը մղէր աշխարհաբարի դէմ՝ յանուն գրաբարի անդաստաններուն։ Սակայն, այդ պայքարը ո՛չ թէ լեզուական սիրոյ արդիւնք էր, այլ՝ կառչածութիւն հինին ու անհասկնալիին, որովհետեւ անոր համար լուսաւորութիւնն ու նորարարութիւնը վտանգաւոր հերետիկոսութիւններ էին։

«Հակառակամարտութեան ոգին». Տէրոյենց կեանք չունէր առանց թշնամիներու։ Եթէ օր մը հանգիստ անցընէր առանց մէկուն դէմ յարձակելու կամ զրպարտելու, ան իրեն հիւանդ կը զգար։ 

Պարոնեան կը պատկերէ զինք որպէս մարդ մը, որ «խաղաղութեան մէջ կը խեղդուէր, իսկ փոթորիկի մէջ շունչ կ՚առնէր»։

«Կուրութիւն սեփական սխալներուն հանդէպ». Ըստ հեղինակին՝ Տէրոյենց երբեք չէր ընդուներ իր սխալը, նոյնիսկ եթէ փաստերը ակնյայտ ըլլային։ Ան պատրաստ էր ամբողջ աշխարհը մեղադրելու տգիտութեան մէջ, միայն թէ չխոստովանէր իր տեսակէտին սնանկութիւնը։ Անոր յամառութիւնը ո՛չ թէ սկզբունքայնութիւն էր, այլ՝ կուրծք ծեծող յամառութիւն։

«Ազդեցութիւնը տգէտներու վրայ». Պարոնեան կը շեշտէ, որ Տէրոյենցի «գիտնականութիւնը» միայն տպաւորութիւն կը ձգէր այնպիսի հարուստներու եւ ամիրաներու վրայ, որոնք լուսաւորութենէն նոյնքան կը վախնային, որքան ինք՝ Տէրոյենց։ Ան դարձած էր յետամնաց խաւի գաղափարական խօսնակը, որ կը սնուցանէր անոնց վախերը։

Ի վերջոյ, Պարոնեանի գրիչով Տէրոյենց կը դառնայ կեղծ կրօնասիրութեան, կեղծ գիտնականութեան եւ հնամոլութեան այնպիսի մարմնացում մը, որուն ամբողջ գործունէութիւնը ուղղուած էր ազգային յառաջդիմութիւնը կասեցնելու։

Այսուհանդերձ, Պարոնեան կ՚ընդունի, որ Տէրոյենց ունէր հզօր գրիչ, մեծ աշխատասիրութիւն եւ արտակարգ եռանդ, սակայն, կը ցաւի, որ այդ գրիչը ո՛չ թէ լոյս տարածելու, այլ լոյսը մարելու եւ մարդոց միջեւ կռիւ ձգելու համար էր։ Ան կ՚ընդունի նաեւ, որ Տէրոյենց խորապէս հմուտ էր կրօնական ու եկեղեցական հարցերու մէջ, բայց, դարձեալ կը շեշտէ, որ այդ հմտութիւնը ո՛չ թէ անկեղծ հաւատքի, այլ ամիրաներուն հաճոյանալու եւ անոնցմէ նիւթական շահեր կորզելու գործիք էր։

Այսինքն, Պարոնեանի համար Տէրոյենց ո՛չ թէ պարզապէս «անպիտան» մէկն էր, այլ խելացի ու տաղանդաւոր չարիք մը, որ իր բացառիկ ունակութիւնները ի նպաստ ազգին յառաջդիմութեան գործածելու փոխարէն՝ ամբողջ կեանքը նուիրեց հինը, խաւարն ու կեղծիքը պաշտպանելու։

Կը տեսնենք, որ Յովհաննէս Տէրոյենց կը շարունակէ մնալ հայ մշակութային պատմութեան այն դէմքերէն մէկը, որուն շուրջ համաձայնութենէ աւելի՝ բանավէճ գոյութիւն ունի։ Սակայն, պատմութիւնը արժէքաւոր է նաեւ անով, որ նոյն հարցին կապակցութեամբ զանազան մօտեցումներ գոյութիւն ունին։

Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ կազմակերպուած այս յիշատակի ձեռնարկը անգամ մը եւս յիշեցուց, որ մեր մշակութային ժառանգութիւնը ամբողջական կը դառնայ միայն այն ատեն, երբ զայն կը դիտարկենք իր բոլոր երեսակներով՝ արժեւորելով ո՛չ միայն անոր անվիճելի ձեռքբերումները, այլեւ հասկնալով պատմական պայմանները, որոնց մէջ կերտուած են այդ դէմքերը։ Այդպիսի վերաբերմունքն է, որ կ՚օգնէ հայ մշակութային յիշողութիւնը պահել կենդանի, քննադատական եւ միաժամանակ՝ արդարամիտ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026