ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ՝ ՈՒՐ ԽՕՍՔԸ ԽՕՍՔՈՎ «ԱԶԱՏ» ԷՐ
Խորհրդային Միութիւնը որպէս ըմբոստ ու հայրենասէր գրող սկզբնական թիրախ կ՚ընտրէ Յովհաննէս Շիրազն ու Պարոյր Սեւակը, որոնց կը յաջորդեն Սարմէնը, Խաչիկ Դաշտենցը, որոնք իշխանութիւններու կողմէ կ՚որակուին որպէս «յոռետեսական եւ սովետական իրականութիւնը աղաւաղող» գրողներ:
Յովհաննէս Շիրազ իր բանաստեղծութիւններուն մէջ ամենայն խիզախութեամբ կ՚երգէր հայ ժողովուրդի ողբը։ Անոր բանաստեղծութիւններուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէին հայու ճակատագիրը, ցեղասպանութիւնն ու անցեալը։ Վստահաբար, Շիրազ գիտէր (շուրջինները եւս զգուշացուցած ըլլալու են վստահ), որ այդ բանաստեղծութիւնները կրնան հետեւանքներ ունենալ, սակայն, ան իր գաղափարներուն ու հայրենասիրութեան մէջ հաստատ էր։ Շիրազ իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Ո՛չ ոք չի կարող երգս կաշառել». այսինքն նոյնիսկ բանտարկութիւնը, Սիպիրը բաւարար չէին լռեցնելու մեծ բանաստեղծը: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ լոյս տեսնող «Էջմիածին» ամսագիրի ապրիլ, 2009-ի թիւին մէջ (Դ., էջ 68) Սամուէլ Մուրատեան կը գրէ. «Միլիոնաւոր զոհերու եւ կորսուած հայրենիքի ողբերգութեան խոր զգացողութեամբ, լաւագոյն ապագայի բուռն մղումով, ազգային երազանքներու եւ յոյսերու իրականացման տեսլականով, խորհրդային պետական գաղափարախօսութեան պայմաններուն մէջ յանդգնեցաւ մաքառիլ յանուն հայութեան ազգային ինքնաճանաչումին, անոր ոտնահարուած իրաւունքներուն համար եւ նպատակ ունեցաւ հայ կազմակերպել հայ սերունդներու հոգեբանութիւնը, մտածողութիւնն ու մարդկային նկարագիրը»: Յովհաննէս Շիրազ իր հայրենասիրական «արշաւ»ին սկսաւ 21 տարեկան հասակին։ Շիրազի բանաստեղծութիւններուն մէջ ի սկզբանէ յստակ էր պահանջատիրութեան ոգին։ Ան Մասիս լեռը կը ներկայացնէ որպէս «կտակ», կը խօսի հայրենադարձութեան կարեւորութեան մասին. խօսքը իր որդիին ուղղելով ամբողջ հայութեան հարց կու տայ բանաստեղծը. «Էլ ինչո՞վ ես դու իմ որդին, երբ կիսատ է տունը մեր»։ Այդ կիսատութիւնը հայ ժողովուրդի բռնութեան տակ ապրիլն էր, պայքարի ու պահանջատիրութեան պակասն էր:
Աւետիք Իսահակեան իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ Յովհաննէս Շիրազի մասին կը գրէ. «Շիրազը հայ ժողովուրդի դարաւոր մառախուղից ծագած աստղն է»:
Անշուշտ, այս բոլորով հանդերձ պէտք է ըսել, որ Յովհաննէս Շիրազ ունէր Ստալինի նուիրուած բանաստեղծութիւն։ Կարգ մը բանաստեղծներ կը պայքարէին Խորհրդային Միութեան դէմ, սակայն, Շիրազի համար առաջնահերթութիւն էր հայրենասիրութիւնն ու ցեղասպանութիւնը, պահանջատիրութիւնը, այդ իսկ պատճառով իշխող կառավարութիւնը քննադատելու միտում մը չունէր, ընդհակառակն, 1944 թուականին գրած է իր «Մեծ Ստալինին» բանաստեղծութիւնը, որուն մէջ խօսքը Ստալինին ուղղելով կ՚ըսէ. «Դու սրտիս մէջ ու պատկերդ կախած ունիմ իմ սնարին, որպէս հօրս պատկերը սուրբ, որպէս ոգի իմ քնարին»։ Կ՚արժէ անգամ մը ամբողջութեամբ կարդալ բանաստեղծութիւնը, գուցէ Ստալինի անձին հանդէպ եղած «սէր»ն է, որ Յովհաննէս Շիրազը հեռու պահեց աքսորէն, գնդակահարութենէն, որովհետեւ իրապէս տողերն ու համեմատութիւնները, ինչ որ Շիրազ կ՚ընէ, Ստալինի մասին երեւակայութենէ վեր՝ պաշտամունքի մակարդակ մը ունի։ Անշուշտ, կ՚արժէ նաեւ ուսումնասիրել, թէ արդեօք բանաստեղծը այդ բոլոր տողերը գրած է կամաւորաբա՞ր՝ հաւատալով այդ բոլորին, թէ օրուան պարտադրանքն էր այդ մէկը, որովհետեւ նման գովասանական բանաստեղծութիւններ գրած են նաեւ Ն. Զարեան, Աւետիք Իսահակեան, Սարմէն եւ բազմաթիւ ուրիշներ՝ ներառեալ նաեւ օտար գրողներ: Յովհաննէս Շիրազ նոյնիսկ գրած է «Բաղձանք» խորագրեալ բանաստեղծութիւն մը, որուն մէջ Ստալինի հանդէպ այս «սէր»ն է պատճառը, որ 1935-1950 թուականներուն հրատարակուած գրեթէ բոլոր հայկական թերթերը իրենց առաջին էջին վրայ կը հրատարակէին Շիրազի բանաստեղծութիւնները։ Հայրենասիրութիւնը հարց էր Խորհրդային Միութեան համար, սակայն, շատ աւելի խոր ու կարեւոր հարց էր իշխանութեան դէմ եղած բողոքներն ու տրտունջները։ Անշուշտ, հալածանքի ծանրութիւնը կշռելու մէջ կարեւոր դեր ունէր նաեւ բարեկամական կապերը։ Իշխանութիւնները «մատնիչ» մտաւորականներու ճամբով կը գիտնային այս կամ այն բանաստեղծին միտումները եւ այդ մատնողներէն կախեալ էր ապագայ պատիժին ծանրութիւնը:
Այս բոլորին հետեւանքը հետեւեալն էր. Յովհաննէս Շիրազի աշխատութիւնները լոյս կը տեսնէին, սակայն, որոշ պարագաներու յապաւումներով։ Շատ անգամ անոր գործերուն ամբողջական վիճակը լոյս կը տեսնէր սփիւռքի մէջ։ Անդին սփիւռքը հեռու ըլլալով Խորհրդային Միութեան սահմաններէն, Շիրազի մէջ կը կարեւորէր հայրենասիրական բաժինը։ Անշուշտ, Շիրազ հպարտութեամբ կ՚ընդունէր սփիւռքի հայութեան իրեն հանդէպ ունեցած սէրը, նոյնիսկ լոյս կ՚ընծայէ «Պատգամ արտասահմանի հայութեան» խորագրով բանաստեղծութիւն մը, որուն մէջ կը խօսի միասնութեան, լեզուի պահպանութեան եւ սփիւռքի մէջ ապրելու վտանգին մասին. լեզուի մոռացութիւն, ձուլում եւ օտար մշակոյթ. այդ իսկ պատճառով միայն մէկ բան կը յորդորէր. «Եկէ՛ք Հայաստան»:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Հայոց
երկնակամարի տակ, անմիաբանութեան հնաւանդ անմիաբանութեան միջավայրին մէջ՝ կռիւը միակ տիրական օրէնքը չէ: Կայ եւ անոր հակոտնեան-համերաշխութիւնը: Եւ գուցէ այդ համերաշխութեան գերագոյն արտայայտութիւնն է (տարիքը) այն զարմանալի կերտուածքը, որ կը կոչուի «Դաշնակցութիւն»…
ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան