Երեքշաբթի 30, Յունիս 2026
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԷ ՉՄԵԿՆԱԲԱՆԵԼ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՔԱՅԼԸ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Իսրայէլի կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ առնուած քայլին արձագանգելու կարիքը չի տեսներ։
Երէկ, իր գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան վարչութեան նիստէն վերջ, Նիկոլ Փաշինեան յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ հարցումի մը պատասխանելով՝ Նիկոլ Փաշինեան մամլոյ սպասաւորներուն յայտնեց հետեւեալը.
«Արձագանգի կարիք չեմ տեսներ, որովհետեւ կը կարծենք, թէ հայոց ցեղասպանութեան զէնքայնացման նիւթի մէջ չմտնելը կը բխի Հայաստանի Հանրապետութեան շահերէն»։
Հարկ է նշել, որ վարչապետ Փաշինեանի այս յայտարարութիւնները արձագանգ գտած են նաեւ թրքական լրատուամիջոցներուն մօտ։
Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026