ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՖԱԹԻՀԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆ

Երէկ, Թոփգաբուի ընտանիքէն վարիչներ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Ֆաթիհի քաղաքապետարանը։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի կողմէ գլխաւորուած խումբը հիւրընկալեց քաղաքապետ Մեհմէտ Էրկիւն Թուրան, որու կողքին էր իր տեղակալը՝ Մեհմէտ Էօզչելիք։

Զրոյցի ընթացքին թոփգաբուցիները քաղաքապետին շնորհակալութիւն յայտնեցին Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շէնքի ամրակայման շրջանին ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ Բաց աստի, կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան՝ վերանորոգման կարօտ եկեղեցապատկան կարգ մը կալուածներու առկայ հարցերուն շուրջ։

Դրական մթնոլորտի մէջ ծաւալուած խօսակցութեան աւարտին, Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները քաղաքապետէն հրաժեշտ առին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026