ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ
Օրթագիւղի ընտանիքը բարձր տրամադրութեամբ հրաժեշտ տուաւ՝ թաղի Ս. Թարգմանչաց վարժարանի 2025-2026 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն: Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ:
Յայտագիրը սկսաւ դպրոցի սրահի երդիքին տակ, ապա շարունակուեցաւ բացօթեայ՝ պարտէզին մէջ: Ներկայ էին թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Պետրոս քահանայ Պուլտուքեան, Օրթագիւղի ընտանիքէն վարիչներ, դպրոցի կրթական մշակները, շրջանաւարտներու ընտանիքները եւ հիւրեր:
Սրահին մէջ տղաքը ունեցան ելոյթներ՝ արժանանալով ծափահարութիւններու: Շրջանաւարտ դասարանի անունով հրաժեշտի խօսք մը արտասանեց՝ Աքսել Արտա Էօզթոսուն: Տղաքը ստացան իրենց վկայականները, Օրթագիւղի ընտանիքին կողմէ պատրաստուած յուշանուէրները, նաեւ յաջողագոյնները՝ յաւելեալ պարգեւներ:
Այս բոլորէն վերջ ծրագիրը շարունակուեցաւ դպրոցի պարտէզին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ ընթրիք մը: Վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին այս փուլին արտասանեց իր խօսքը՝ բարի երթ եւ ապագայ յաջողութիւն մաղթելով շրջանաւարտներուն: Խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ, երբ տղաքը հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը:
Հուսկ, բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին ընթացաւարտները, որոնց մաղթցին նորանոր ձեռքբերումներ: