ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ՃԱՆԱՉՈՒՄ

Կը տեղեկանանք, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքը «College Board»ի կողմէ ճանչցուած է՝ որպէս «Level II Approved School»։

Վարժարանը աւելի քան տարի մը առաջ դիմած է այս ճանաչումը ունենալու համար։ «College Board»ը միջազգային հեղինակաւոր կրթական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը տնօրինէ SAT, PSAT եւ Advanced Placement (AP) ծրագիրները՝ ուղղութիւն տալով աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր աշակերտներու համալսարանական պատրաստութեան շրջանին։ Անոր վաւերականութիւնը ճանչցուած է միջազգային բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու կողմէ։

Սուրբ Խաչ դպրեվանքը հետամուտ է՝ աւանդական կրթական համակարգը համադրել՝ համաշխարհային մանկավարժութեան սկզբունքներուն հետ, որպէսզի ուսանողները նոր հնարաւորութիւններ ունենան՝ ապագայ աշխարհին մէջ դիրքաւորուելու ճանապարհին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2026