ՀԱՒԱՏՔԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Մանուկներու դաստիարակութիւնը ծնողներու լուրջ պատասխանատուութեան յանձնուած գործ մըն է։ Մանուկներու դաստիարակութիւնը պէտք է բնորոշել հաւատքը փոխանցելու ճամբով. բան մը՝ որ այժմեան կեանքի ոճին, աշխատանքի օրակարգերուն, ժամանակակից աշխարհի բարդութիւններուն կողմէ դժուարացած է, ուր շատեր կարենան ապրելու համար՝ ծայրայեղ արագութեամբ կ՚ընթանան։ Սակայն, ընտանիքը շարունակելու է ա՛յն վայրն ալ՝ ո՛ւր կը սորվեցուին հաւատալու պատճառները, անոր գեղեցկութիւնը, անհրաժեշտութիւնը, աղօթելու պաահանջքը եւ իր նմանին՝ ընկերին ծառայելը։ Արդարեւ, ասիկա կը սկսի մկրտութեամբ՝ ուր կնքահայրը ծանր պատասխանատուութիւն մը ունի։
Այս մասին Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Իրենց մայրերը կ՚օժանդակեն անոնց ծնելուն։ Ապա այս նոր կեանքին աճումին ընթացքը սկիզբ կ՚առնէ։ Հաւատքը մկրտութեամբ տրուած Աստուծոյ պարգեւն է եւ ո՛չ թէ մարդկային արարքի մը արդիւնքը։ Սակայն, ծնողները Աստուծոյ գործիքները կը հանդիսանան անոր հասունացումին եւ զարգացումին մէջ։ Ուստի, գեղեցիկ է, երբ մայրերը իրենց փոքրիկներուն կը սորվեցնեն Յիսուսին կամ Ս. Կոյսին համբոյր մը ղրկել։ Որքա՜ն գուրգուրանք կայ այս արարքին մէջ։ Փոքրերուն սրտերը այս պահուն աղօթատեղիի կը վերածուին։ Հաւատքին փոխանցումը կ՚ենթադրէ, որ ծնողները կ՚ապրին Աստուծոյ վստահելո՛ւ, զԱյն փնտռելու, Անոր կարիքը զգալու իրական փորձառութիւնը, որովհետեւ այսպէս է որ մարդս, տարիքէ տարիք, Անոր գործերը պիտի փառաբանէ եւ Անոր քաջագործութիւնները հռչակէ. (ՍԱՂՄ. ՃԽԵ 4), հայրն ալ Անոր հաւատարմութիւնը իր զաւակներուն պիտի ճանչցնէ. (ԵՍ. ԼԸ 19)։ Ասիկա կը պահանջէ, որ Աստուծոյ գործը աղերսենք սրտերուն մէջ, ուր մենք չենք կրնար հասնիլ։ Այսպէս՝ մանանեխի այնքան մանր հատիկը մեծ ծառ կը դառնայ. (ՄԱՏԹ. ԺԳ 31-32) եւ այսպէս ալ՝ նաեւ արարքին եւ անոր արդիւնքին միջեւ անհամապատասխանութիւնը կը նկատենք։ Ուստի այսպէս՝ նաեւ կը գիտնանք գործին եւ արդիւնքին միջեւ եղող անհամապատասխանութիւնը եւ թէ մենք պարգեւին ո՛չ թէ տէրերն ենք, այլ անոր արթուն մատակարարները։ Սակայն, մեր այս ստեղծագործ յանձնառումը պարգե՛ւ մըն է, որ թոյլ կու տայ մեզի գործակցիլ Աստուծոյ նախաձեռնութեան»։
Հետեւաբար, հա՛րկ է հսկել արժեւորելու ամոլները, մայրերն եւ հայրերը՝ որպէս քրիստոնէականին ուսուցման գործօն արդամները։
Ընտանեկան քրիստոնէականը մեծ օգտակարութիւն ունի երիտասարդ ծնողները կազմելու որպէս գործօն մեթոտ եւ նաեւ զանոնք գիտակիցներ դարձնելու իրենց առաքելութեան, որպէս «աւետարանիչներ» իրենց ընտանիքներուն։
Հաւատքի դաստիարակումը գիտէ իւրաքանչիւր մանուկի հետ յարմարիլ, որովհետեւ մեր սորված մեթոտները կամ հնարած բանաձեւերը երբեմն ապարդիւն կը մնան։
Մանուկները կարիքը ունին խորհրդանիշերու, շարժուձեւերու, պատմուածքներու։ Պատանիները իշխանութեան եւ օրէնքներու դիմաց ընդհանրապէս տագնապ կ՚անցընեն։ Ուստի, հա՛րկ է հաւատքի նկատմամբ անոնց իսկ ապրած փորձառութիւնները քաջալերել եւ անոնց լուսաւոր վկայութիւններ տալ, որոնք իրենց գեղեցկութեամբ իսկ՝ իրենք զիրենք կը պարտադրեն։ Իրենց զաւակներուն հաւատքի ընկերակցիլ ուզող ծնողները թող զգո՛յշ ըլլան անոնց կրած յեղաշրջումներուն՝ գիտնալով, որ հոգեւոր փորձառութիւն մը չի՛ պարտադրուիր, այլ անոնց ազատ ընտրութեան կ՚առաջարկուի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 30, 2026, Իսթանպուլ