ՈՒԺԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մնացական Սաֆարեան վերջին օրերուն Խրուաթիոյ մէջ մասնակցութիւն բերաւ Տուպրովնիքի ֆորումին, որու շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ «Ուժային կեդրոններու միջեւ. բազմավեքթէօր դիւանագիտութեան դասերը» խորագրեալ փանել մը։ Քննարկման ընթացքին Մնացական Սաֆարեան ներկայացուց Երեւանի կողմէ որդեգրուած՝ հաւասարակշռուած ու հաւասարակշռման արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններն ու մօտեցումները։ Ան անդրադարձաւ Հայաստանի դիրքաւորման փոխակերպուող, բազմաբեւեռ միջազգային յարաբերութիւններու պայմաններուն ներքեւ։

Փոխ-նախարարը ներկայացուց Հայաստանի արտաքին կապերով զանազանեցման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն՝ ընդգծելով քաղաքական, տնտեսական եւ անվտանգային ոլորտներէ ներս համագործակցութիւններու ընդլայնումն ու ռազմավարական գործընկերութիւններու խորացումը։ Այս կապակցութեամբ ան առանձնապէս կանգ առաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան հետեւողական զարգացման, ինչպէս նաեւ գործընկեր պետութիւններու հետ համագործակցութեան ընդլայնման վրայ։

Խօսելով տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման մասին՝ փոխ-նախարարը ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը։ Ան բացատրեց, որ TRIPP-ը այս մէկուն կարեւոր մէկ մասն է, կը նպաստէ տարածաշրջանէ ներս փոխկապակցուածութեան ու փոխադարձ վստահութեան ձեւաւորման՝ ամրապնդելով Հայաստանի՝ որպէս հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք տարածաշրջանային կարեւոր հանգոյցի դերակատարութիւնը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2026