ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՍ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէս, որ անցաւ տօնախմբութեան համազօր մթնոլորտով։ Ութերորդ դասարանի տղաքը դպրոցէն հրաժեշտ առին յուզումնախառն զգացումներով՝ իրենց հայեացքը ուղղած դէպի նոր հորիզոններ ու նուաճումներ։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքի վարիչները փութացած էին ուրախակից ըլլալու շրջանաւարտներուն եւ իրենց ընտանիքներուն, որոնց նկատմամբ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին նաեւ դպրոցի կրթական մշակները։
Ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ աշակերտները ստացան իրենց վկայականներն ու յուշանուէրները, իսկ դափնեկիրներուն համար վերապահուած էին այլ պարգեւներ։
Ստեղծուած բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ։ Թաղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն աւ. քհնյ. Ֆէնէրճեանն ալ արտասանեց օրհնութեան խօսքը։
Հանդէսը շարունակուեցաւ երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ, տղաքը հատեցին նաեւ իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։
Եզրափակիչ փուլին բոլորը բարեմաղթանքներ յղեցին տղոց՝ կրթական կեանքի շարունակութեան համար։