«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԱՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՆԵՐ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻՆ ՄԷՋ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը այս տարի ամրան դասընթացներ կը կազմակերպէ Գնալը կղզիին մէջ: Երէկ, եղանակի առաջին փորձը տեղի ունեցաւ՝ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս: Համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան կը վերահսկէ այս ծրագիրը՝ իր կողքին ունենալով համոյթի մանկապատանեկան կազմի երիտասարդ օգնականները: 

«Մարալ»ի ընտանիքը Գնալըի բարձունքին խանդավառութիւն կ՚ապրի՝ համոյթի ապագայ անդամներու պատրաստութեան ուղղեալ այս նախաձեռնութեան բերումով:

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2026