ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ՈՒՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՅՄԱՆԱԿԱՆ Է

Եթէ ներկայ օրերուն հանդիպիք մարդու, որ կը պնդէ, թէ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի ժողովրդավարութիւն եւ կամ արդարադատութիւն, ապա վստահ կրնաք ըլլալ, որ այդ անձը կա՛մ կառավարական պաշտօնեայ է եւ կամ անոնց սեղանէն փշրանք հաւաքող մարդ, որովհետեւ հայրենիքէն ներս ժողովրդավարութեան ու արդարութեան ձայնն ու աղաղակը կայ, սակայն, ինք չկայ: Շատեր «Հայաստանը ժողովրդավար երկիր է», ըսելով կը կարծեն, թէ շատ աւելի «հայրենասէր» կ՚ըլլան, մոռնալով, որ սուտը երբեք որպէս հայրենիքի սէր չի թարգմանուիր. ճշմարտութիւնը կը շարունակէ մնալ ճշմարտութիւն:

Հայաստանի ներկայ «ժողովրդավար» ու «արդար» ընթացքը տեսնելու համար բաւարար է աչքէ անցընել Հայաստանի ներներքաղաքական կեանքը. այդտեղ տեղի ունեցող որեւէ արարք, որեւէ որոշում հիմնուած է ո՛չ թէ արդարութեան, այլ սեփական շահերու եւ «կռիւ»ներու վրայ: Տանք մի քանի օրինակ.

Մինչեւ վերջին մէկ տարին Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սամուէլ Կարապետեանը կը ճանչնար եւ կ՚ընդունէր որպէս «մեծ բարերար», նոյնիսկ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախօրօք խօսած էր անոր կատարած աշխատանքներուն մասին՝ որպէս «բարերար» ու նուիրեալ։ Նոյն բարերարը իշխանութեան բառերով «օլիկարխ», «գող» ու «խաբեբայ» դարձաւ, երբ իր աջակցութիւնը յայտնեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։ Տասնամեակներ շարունակ բարերարին պատկանող «Տաշիր փիցցա» սնունդի ընկերութիւնը մէկէն ի մէկ ունեցաւ առողջագիտական խնդիրներ ու մարդոց առողջութիւնը վտանգելու պատրուակով հալածանքի ենթարկուեցաւ։ Յանկարծ պետութիւնը «նկատեց», թէ Հայաստանի «Ելեկտրական ցանցեր» ընկերութիւնը՝ որ նոյնպէս բարերարին կը պատկանի, իր գործը «կանոնաւոր» ձեւով չի կատարեր։ Հետեւաբար, իշխանութիւնը որոշեց ժողովրդականացնելու անուան տակ սեփականացնել Հայաստանի «Ելեկտրական ցանցեր»ը։ Մինչեւ Եկեղեցւոյ աջակցութիւնը՝ բարերարի համբաւ վայելող բարերարը մէկէն ի մէկ տարբեր մեղադրանքներով մի քանի ամիսներ բանտի պայմաններուն մէջ գտաւ ինքզինք: Հիմա հարցում Հայաստանը ժողովրդավար ու արդարադատութեան վրայ հիմնուած կարծող տգէտներուն. «Ինչպէ՞ս եղաւ, որ մինչեւ Եկեղեցւոյ աջակցութեան կոչը նման բացթողումներ չնկատուեցան եւ յայտարարութենէն ընդամէնը մի քանի օրեր ետք, արդէն իսկ բարերար Սամուէլ Կարապէտեանի դէմ բուռն պայքար տեղի ունեցաւ»։ Սնունդի կէտի առողջագիտական խնդիրները, Հայասատանի «Ելեկտրական ցանցեր»ու խախտումները Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ աջակցութեան կոչէն մի քանի օրեր ե՞տք ի յայտ եկան. պիտի ըլլա՞ն «այո», ըսող տգէտներ (չենք զարմանար): 

Այլ օրինակ մըն է Գագիկ Ծառուկեանը։ Հայաստանի վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք, մէկէն ի մէկ Հայաստանի իշխանութիւնները «նկատեցին», որ վերջինիս պատկանող «Շանգրի Լա» խաղատան մէջ կան հաշիւներու անհամատեղելիութիւն։ Եղած մուտքերն ու ելքերը ներկայացուած փաստաթղթերուն մէջ համապատասխան վիճակ չեն ներկայացներ եւ անմիջապէս նախարարութեան որոշումով՝ վերջ տրուեցաւ խաղատան գործունէութեան։ Նոյն միջոցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բացէ ի բաց յայտարարեց, որ Ծառուկեանի ձեռքէն պիտի խլէ եւ դարձեալ «ժողովուրդին վերադարձնէ» անոր պատկանող շինարարական յայտնի «Արարատ ցեմենտ»ը (գուցէ պետականացնելէ ետք դառնայ «Արագած ցեմենտ»): Յառաջիկայ օրերուն վստահ եղէք նոր բացայայտումներ ու որոշումներ ի յայտ կու գան: 

Այս բոլորը մտածել կու տայ հիմնական մէկ բանի մասին. Հայաստանի մէջ արդարութիւն ըսուած արժէքը գոյութիւն չունի։ Գուցէ մեր մէջ այսօր կան բազմաթի՜ւ գող-աւազակներ, որոնք իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ հաշտ ըլլալով՝ հեռու կը մնան ամէն տեսակի քննութիւններէ ու հսկողութենէ: Օրինակի համար՝ այսօր Խաչատուր Սուքիասեան Հայաստանի մէջ կը ներկայանայ որպէս մեծ գործարար։ Իշխանութիւնները անոր մասին կը խօսին յարգանքով, իսկ իշխանութեան դէմ եղած արտայայտութիւն մը բաւարար պիտի ըլլար մեծ գործարարը դարձեալ գողի ու «օլիկարխ»ի վերածելու։ Այս հաշուով՝ Հայաստանի մէջ կապ չունի, թէ ի՞նչ կ՚ընես։ Կարեւորը այն է, թէ ինչքան լաւ կապեր ու յարաբերութիւններ կը ստեղծես իշխող կառավարութեան հետ: Նման երկրի մը մէջ ժողովրդավարութիւն եւ արդարադատութիւն փնտռելը պարզապէս հեգնելի է՝ մանաւանդ, որ առիթով մը երկրի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նման արտայայտութիւն մը ունեցաւ. «Հայատանի մէջ կա՞յ դատաւոր, որ վարչապետի ըսածը չընէ…»։ Դատաւորները օրէնքո՞վ, թէ վարչապետի խօսքերով կ՚առաջնորդուին։ Պէտք է հասկնալ, որ բռնատիրութեան տակ ապրիլը շատ աւելի լաւ է, քան ինքզինք ժողովրդավար ներկայացնող, սակայն, ժողովրդավարութենէ ամբողջութեամբ հեռու ապրող իշխանութեան մը տակ ապրիլը, որ իշխողը ո՛չ թէ օրէնքն ու իրաւունքն է, այլ շուկայական ըսի-ըսաւ։ Այս մէկը եւս բռնատիրութեան մէկ ձեւն է, լռութեան մատնելու բոլոր անոնք՝ որոնք իշխանութեան այս կամ այն գործունէութիւնը քննադատել կ՚ուզեն, որովհետեւ եթէ քննադատեն՝ պիտի դառնան թիրախ, արժանանալու վերջը նշուած երկու գործարարներու ճակատագրին:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Դիւրին է ըսել հոգւոյ տանջանք, բայց ատիկա մանկական տանջանք մը չէ, երբ մենք ցաւ ու կսկիծ կը զգանք, ախ ու վախ կը քաշենք, կ՚արտասուենք եւ կը թեթեւցնենք մեր ցաւերը: Իսկ հոգեկան տանջանքին ցաւն ու կսկիծը այդպէս չէ, ան արցունք չունի, որ գոռայ, աղաղակէ, այլ ան լուռ, անձայն կը կրծէ մեր սիրտը, կը շամփրէ սրտին ամենէն քնքոյշ տեղերը, կը ցամքեցնէ արցունքները աչքերուն մէջ եւ գեհենի պէս կը վառի հոգւոյն մէջ…: 

ԲԱԳՐԱՏ ԱՅՎԱԶԵԱՆՑ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2026