ԻՍԿԱԿԱՆ ՄԵՂՐԱԼՈՒՍԻՆ

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն, որ վերջին օրերուն այցելեց Պաքու եւ Երեւան, յայտարարեց, թէ Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ մինչեւ 200 միլիոն եւրօ ներդնել՝ Հարաւային Կովկասէ ներս փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ թուային կապի միջոցներու ամրապնդման համար։

Երէկ, Հայաստանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնը։ Այս վերջնոյն այցելութեան նախօրէին ստեղծուած իրավիճակին մէջ այժմէական դարձած էր՝ դէպի Եւրոմիութեան շուկաներ հայկական գիւղատնտեսական արտադրութեան արտածման դիւրացումը։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որմէ վերջ տեղի ունեցաւ համատեղ մամլոյ ասուլիս։ Եւրոյանձնաժողովի նախագահը այս փուլին տեղեկացուց, որ Եւրոմիութիւնը 18 միլիոն եւրօ պիտի յատկացնէ, որպէսզի Հայաստան ամրացնէ եւ զանազանեցնէ իր առեւտուրը։ Բաց աստի, ան շեշտեց, թէ Եւրոմիութիւնը պիտի օգնէ նաեւ Հայաստանի ուժանիւթի մատակարարումներու զանազանեցման։

«Բաց սահմանները պիտի վերափոխեն Հայաստանի տնտեսական ապագան։ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է այս տեսլականը իրականութիւն դարձնելու», ըսաւ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն աւելցնելով, որ տպաւորուած է Հայաստանի արձանագրած յառաջընթացով՝ դէպի շենկէնի գօտի մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման ճանապարհին։

Ի լրումն այս բոլորին, Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն նշեց, որ Պրիւքսէլ կը գիտակցի, թէ Մոսկուա Երեւանի վրայ կը գործադրէ ճնշումներ, որպէսզի Հայաստանն ու Եւրոմիութիւնը իրարու շատ չմերձենան։ «Եթէ Ռուսաստան փակէ իր շուկան Հայաստանի համար, ապա Եւրոմիութիւնը պիտի բանայ իր դռները հայկական արտադրանքին համար՝ հասանելիութիւն ապահովելով 450 միլիոննոց սպառողական շուկային», դիտել տուաւ ան։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնը Հայաստանի ամենավստահելի գործընկերներէն մին է։ Իր խօսքով՝ բացառուած է Եւրոմիութեան հետ մերձեցումը մէկ գիշերուան մէջ կասեցնելու բեմագրին կրկնութիւնը։ Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ ակնարկելով աւելի առաջ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած կացութեան։

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ ելեկտրահաղորդման գիծերու եւ կապակցիչներու կարեւորութիւնը։ Իր խօսքով՝ Հայաստան հիւսիսային երթուղիի կառուցման համար աշխատանք կը տանի Եւրոմիութեան հետ։ Բաց աստի, Կիւմրի-Ախուրիկ-Երասխ երկաթուղիի հատուածներու վերանորոգման աշխատանքներն ալ սկսած են Հայաստանէ ներս։

Փաշինեան Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն շուրջ երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ երկու առիթով։ Առաջինը՝ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսն էր, իսկ երկրորդը՝ վարչապետին կողմէ սարքուած առանձին մամլոյ ասուլիսը։ Այս երկու փուլերուն ալ ան կարեւոր պատգամներ տուաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան ընթացքին շուրջ։ Վարչապետը շեշտեց, որ Եւրոմիութեան չափանիշերուն լիարժէք համապատասխանալէ վերջ կրնայ իրագործման օրակարգի մը վերածուիլ Հայաստանի լիիրաւ անդամակցութեան հարցը։ Ան ընդգծեց, որ այս պահուն Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ առանց մաքսատուրքի ընդունիլ Հայաստանէն արտածուող շարք մը ապրանքները։

Հուսկ, Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանն ու Եւրոմիութիւնը աւելի քան երբեւէ մօտ են իրարու։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2026