ԳԱՂԱՓԱՐԸ ՄԱՀԷՆ ՎԵՐ ԲՌՆՈՂ ԳՐՈՂԸ՝ ԱԿՍԵԼ ԲԱԿՈՒՆՑ

Հայ գրողներուն մէջ կան այնպիսիներ, որոնք իրենց գրականութեամբ, իրենց կեանքով ու գործով փաստած են այն, որ ճշմարիտ գրող մը չի կրնար բանտել իր միտքերն ու գաղափարները, եթէ իրապէս համոզուած է անոնց ճշմարտութեան։ Անկասկած անոնցմէ մէկն է արձակագիր, գրականագէտ ու թարգմանիչ Ակսել Բակունց, որ բազմաթի՜ւ աշխատութիւններ հրատարակելէ ետք կ՚որոշէ 1933 թուականին լոյս ընծայել իր «Սեւ ցելերի սերմնացանը» խորագրեալ պատմուածքներու շարքը, որ կը դառնայ հեղինակի ապագայ հալածանքներուն հիմնական պատճառը: Բակունց այդ աշխատութեան մէջ կը հրատարակէ «Ծիրանի փողը» խորագրեալ պատմուածք մը, որ հակառակ իր կարճ բովանդակութեան՝ լուրջ ուսումնասիրութեան ատաղձ ունի իր մէջ։ Պատմուածքին բովանդակութիւնը արտաքնապէս պարզ է. հիմնական հերոսը՝ որ այս պարագային հեղինակն է իր Ցոլակ անունը կրող ձիուն հետ, կ՚երթայ լեռներու միջով եւ կը հասնի Ձիանբերդ գիւղը եւ գիշերը կ՚անցընէ իր ծանօթներուն մօտ: Այդտեղ կը հանդիպի Հազրոյին, որ կնոջը մահուան համար սուգի մէջ է։ Հազրօ ժամանակ առ ժամանակ կրակ կը վառէ կնոջ գերեզմանին վրայ եւ կը սկսի ծիրանի փողը նուագել: Անշուշտ, այս պատմութեան հիմնական նպատակն ու իմաստը սահմանափակուած չէ այս կարճ պատմութիւնով։ Բակունցի այս գրութիւնը ունի խոր նշանակութիւն՝ ինչ որ հակառակ էր Խորհրդային Միութեան սկզբունքներուն: Կինը՝ որ մեռած էր, հայ ժողովուրդի կոր-սընցուցած հողերն էին, իսկ ծիրանի փողը՝ հայ ժողովուրդի հազարամեայ աւանդութիւնն էր, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, իսկ ամուսինը՝ որ կնոջ՝ հայրենիքի մահը կը սգայ, հայ ժողովուրդն է: Ծիրանի փողը կ՚երգէ այդ ամուսնոյն կարօտը եւ կ՚երազէ այն օրերը, երբ ինք իր կորսուած երկրին հովիւն էր, իսկ կինը՝ իր տան թագուհին: Բակունց աշխատութեան մէջ կը յիշէ բազմաթի՜ւ շրջաններու անուններ, որոնք կը գտնուէին Խորհրդային Հայաստանէն դուրս. այլ խօսքով՝ հողի պահանջատիրութիւն մը կ՚երգէր հերոսը իր աշխատութեան մէջ: Դարձեալ ծիրանի փողով վերջ կը գտնէ Բակունցի պատմուածքը, ուր հեղինակը աւելի ազատօրէն կը բարձրացնէ իր արդար երգերը՝ հաւասարութիւն եւ արդարութիւն պահանջելով: 

Բակունց կը քննադատէ նաեւ Խորհրդային Միութիւնը. ան իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Մեր հոգիները կառավարութեան կը պատկանին»։ Հետեւաբար, այս բոլորը միատեղելով՝ բնականաբար կը հասկնանք, որ Խորհրդային Միութիւնը՝ իր մատնիչ մտաւորականներով անպայմանօրէն պիտի կարդար Բակունցի այս աշխատութիւնը եւ հասկնար անոր ետին գտնուող միտքը: Բակունց իր աշխատութեան մէջ կ՚ուզէ ազատիլ հին «ահ»էն եւ կ՚ուզէ այդ «ահ»ը փոխարինել արդարութեան երգով: Այս աշխատութեան շուրջ յօդուածներ կը հրատարակեն Նայիրի Զարեան, Հրաչեայ Քոչար եւ ուրիշներ: Անշուշտ, այս գրութիւններէն անկախ կար Ակսել Բակունցը հետապնդելու այլ պատրուակ մը եւս. 1915-1923 թուականներուն ան եղած էր կուսակցական եւ մասնակցած էր կուսակցական որոշ ժողովներու, սակայն, 1936-1937 թուականներու հարցաքննութիւններու ժամանակ մերժած էր այդ մէկը: Այս բոլորը բաւարար էր, որպէսզի Խորհրդային Միութեան ժամանակ մարդ ձերբակալուի: 

Այսպիսով Բակունց ձերբակալուած է 1937 թուականի փետրուարի 4-ին եւ ենթարկուած բազմաթի՜ւ հարցաքննութիւններու եւ բռնութեան։ Կնոջ վկայութիւններուն համաձայն, երբ կինը բանտէն տուն տարած է ամուսնոյն հագուստները, անոնց վրայ նկատած է արեան հետքեր. դարձեալ կնոջ վկայութեամբ՝ Բակունց մէկ ամսուան մէջ անտրամաբանական փոփոխութիւն մը կրած էր եւ վերջին տեսակցութեան ընթացքին առանց դադարի լացած էր կնոջ մօտ: 

Բակունց լաւապէս կը գիտակցէր, որ վերջաւորութեան իր գրութիւնները իր մահուան պատճառ պիտի ըլլային։ Ան գիտակցելով յանձն առած էր այդ բոլորը գրել. պատրաստ էր մահուան, այդ իսկ պատճառով կնոջ հետ վերջին հանդիպումի ընթացքին կը խնդրէ, որպէսզի իր զաւակներուն ըսէ, թէ իրենց հայրը՝ Բակունց զոհ գացած է դժբախտ արկածի մը։ Այպէս Բակունց կը դատուի եւ 1937 թուականին Ստալինի ցուցումով կը գնդակահարուի. որպէս մեղք կ՚ամբաստանուի ազգային դժգոհութիւններ արտայայտած ըլլալու, կուսակցութեանց անդամ ըլլալու եւ «հակայեղափոխական գրողներու կազմակերպութեան» անդամ ըլլալու համար, որոնք իբրեւ թէ նպատակ ունէին սպաննել Ստալինը: 

Անշուշտ, Բակունցը ուսումնասիրելու ժամանակ եւ անոր մահուան դահիճները աւելի լաւ ճանչնալու համար պէտք է ուսումնասիրել ու կարդալ բոլոր այն յօդուածները, որոնք հայ մտաւորականներու կողմէ գրուած են Բակունցի դէմ. օրինակի համար՝ օրուան «Գրական Թերթ»ը Բակունցը կոչած էր «Քօղարկուած կուսակցական». Նայիրի Զարեան գրած էր «Նացիոնալիստը խորհրդային գրողի դիմակով» յօդուածը, որուն մէջ խստօրէն քննադատած է Բակունցը ազգային հայեացքներուն համար: Ակսել Բակունցի հետ միատեղ կը գնդակահարուին Արտաշէս Գէորգեանը, Դրաստամատ Տէր-Սիմոնեանը, Ներսիկ Ստեփանեանը եւ ուրիշներ: 

Այսպէս, իր գաղափարներուն ու հայրենասիրական զգացումներուն համար նահատակուած է Ակսել Բակունց՝ իր 48 տարեկան հասակին, իր ետին ձգելով հսկայական աշխատութիւններ:

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Դաւաճանին սիրտն ալ մարդու սիրտ է, հոն ալ գոյութիւն ունին արտասուքն ու ուրախութիւնը, խիղճը եւ անխղճութիւնը: Ան ալ երբեմն կու լայ, երբ կը տեսնէ անմեղ զոհի մը տանջանքն ու չարչարանքը եւ անոր հետ կը տանջուի եւ կ՚ուրախանայ: Վիշտը անոր սիրտն ալ կը կրծէ եւ դառն մտածումները անոր արիւնն ալ կը սառեցնեն երակներուն մէջ…:

ԲԱԳՐԱՏ ԱՅՎԱԶԵԱՆՑ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

 

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2026