ԲԱՆԱԳՆԱՑԸ ՓՈԽՈՒԵՑԱՒ

Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ներկայ կազմը գումարեց իր վերջին նիստը: Անցեալ ամսուայ ընտրութեամբ ձեւաւորուած խորհրդարանի նոր կազմը կը պատրաստուի գումարել իր անդրանիկ ժողովը: Խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն ապահոված է՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնը: 

Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ, երէկ, միեւնոյն ժամանակ, զգացական պահեր ապրուեցան: Երեսփոխանները հրաժեշտ տուին խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեանին: Այս վերջնոյն գլխաւորութեամբ Ազգային ժողովը արդէն վերջին անգամ գումարուեցաւ: Ալէն Սիմոնեան եւ ՔՊ-ի կողմէ նոր շրջանին համար խորհրդարանի նախագահ առաջադրուած Ռուբէն Ռուբինեան երեսփոխաններուն առջեւ հանդէս եկաւ՝ հերթի փոխանցման մթնոլորտի մը մէջ, բոլորի ծափողջոյններու ներքեւ: 

Միւս կողմէ, Ռուբէն Ռուբինեան յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի չվարէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնը: Այսպէսով, հորիզոնին վրայ ուրուագծուած է Ռուբէն Ռուբինեանի համար յաջորդի մը ընտրութեան խնդիրը: Յայտնի է, որ ամենայն հաւանականութեամբ Հայաստանի պարագային փոխուի բանագնացը: Թէ ո՞վ պիտի յաջորդէ այդ պաշտօնին մէջ Ռուբէն Ռուբինեանին, առայժմ պաշտօնական աղբիւրները ոչինչ հաղորդած են:   

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2026