ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալուեցաւ Իրանի նախագահ  Մեսուտ Փեզեշքիանի կողմէ: Վարչապետ Փաշինեան Թեհրան մեկնած էր՝ Իրանի նախորդ հոգեւոր առաջնորդ Այեթուլլահ Խամանէյի յուղարկաւորութեան մասնակցելու համար: 

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Փաշինեան Փեզեշքիանի հետ զրուցելու ժամանակ անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնեց Ալի Խամանէյի մահ-ւան կապակցութեամբ՝ ընդգծելով, որ Հայաստան կը բաժնէ Իրանի ժողովուրդին վիշտը:

Իր կարգին,  Մեսուտ Փեզեշքիան շնորհակալութիւն յայտնեց Նիկոլ Փաշինեանին՝ Ալի Խամանէյի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան մասնակցելու բերումով: Ան նշեց, որ Իրան բարձր կը գնահատէ դժուարին իրավիճակի մէջ իրեն նկատմամբ Հայաստանի կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումը եւ ցուցաբերուած մարդասիրական աջակցութիւնը: Փեզեշքիան, միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեանը շնորհաւորեց՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու մէջ արձանագրած յաջողութեան առթիւ: Ան համոզուած է, թէ երկկողմանի յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն հետեւողականօրէն զարգանալ եւ ամրապնդուիլ: 

Երկու ղեկավարները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային բնոյթով հարցերու շուրջ՝ կարեւորելով խաղաղութեան, կայունութեան եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան ամրապնդման ուղղեալ հետեւողական քայլերու իրականացումը:

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2026