ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած՝ սփիւռքահայ ուսուցիչներու տարեկան վերապատրաստման դասընթացները վերջերս տեղի ունեցան Երեւանի մէջ, «Եղիշէ Չարենց» թիւ 67 հիմնական դպրոցի համալիրէն ներս: Վերապատրաստման ծրագրին այս տարի մասնակցեցաւ՝ 11 երկրէ շուրջ 60 մանկավարժ:
Վերապատրաստման ծրագրի բացման ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, որու կողքին էին փոխ-նախարար Արթուր Մարտիրոսեան, Լեզուի կոմիտէի նախագահ Սիրանոյշ Դւոյեան եւ շահագրգիռ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ:
Նախարար Ժաննա Անդրէասեան ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց վերապատրաստման մասնակից կրթական մշակներուն, որոնք իրենց արձակուրդի շրջանին նախընտրած էին կատարելագործման ուղղեալ այս ձեռնարկին մասնակցիլ:
«Ի դէմս ձեզ՝ մենք կը տեսնենք մարդիկ, որոնք տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր լեզուական ու մշակութային միջավայրերու մէջ կը պահպանեն եւ կը տարածեն հայոց լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը: Ձեր գործունէութեամբ կը նպաստէք, որ աշխարհի տարբեր մասերու մէջ ապրող մեր հայրենակիցները աւելի ամուր կապուին Հայաստանի հետ: Սա չափազանց կարեւոր առաքելութիւն մըն է եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտաւոր է շարունակաբար խթանել ու աջակցիլ ձեզի», ըսաւ նախարարը:
Բաց աստի, Ժաննա Անդրէասեան դիտել տուաւ, որ նախարարութիւնը սփիւռքահայ ուսուցիչներու հետ համագործակցութեան աշխատանքը կը շարունակէ նաեւ վերապատրաստման ծրագրի աւարտէն վերջ: Այսպէս, մասնագիտական աջակցութիւնը, խորհրդատուութիւնը եւ փորձառութեան փոխանակումը կ՚ընթանան հեռավար ձեւաչափով: Ան խրախուսելի նկատեց մասնակիցներու միջեւ աշխոյժ ներգրաւուածութեան պահպանումը՝ մանաւանդ մասնագիտական համայնքէ ներս ներքին կապերու զօրացման առումով: Ժաննա Անդրէասեան մատնանշեց, որ ձեւաւորուած ցանցը կարեւոր հարթակ մըն է շարունակական մասնագիտական զարգացման, իրարու հետ շփումներու եւ փորձի փոխանակումներու տեսակէտէ: Նախարարը համոզուած է, թէ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստումը իր գլխաւորած նախարարութեան ամենէն կարեւոր ծրագիրներէն մին է եւ այս առումով շատ կարեւոր է լսել ուսուցիչներու առաջարկները: Սա խնդրոյ առարկայ է թէ՛ կազմակերպչական եւ թէ բովանդակային հարցերու վերաբերեալ՝ մանաւանդ, որ ծրագրի ապագայ բարելաւումը գերնպատակ է:
«Վերապատրաստումը փոխադարձ սորվելու գործընթաց մըն է: Մենք նոյնպէս ձեզմէ սորվելու շատ բան ունինք: Դուք այնպիսի միջավայրերու մէջ կ՚աշխատիք, որ մեզի համար շատ յաճախ աւելի տեսական է, մինչդեռ դուք այդ իրավիճակներուն կ՚առընչուիք ամէն օր: Մենք կրնանք ձեզի փոխանցել մեթոտական եւ տեսական գիտելիքներ, սակայն, դուք ունիք սփիւռքի մէջ աշխատելու գործնական փորձառութիւն եւ հմտութիւն, ինչ որ չափազանց արժէքաւոր է մեզի համար: Ձեր փորձառութեան, դիտարկումներուն, յետադարձ կապերուն շնորհիւ կրնանք վերապատրաստումները դարձնել աւելի բովանդակալից եւ արդիւնաւէտ», դիտել տուաւ նախարարը, որ յոյս յայտնեց, թէ վերապատրաստումը ուսուցիչներու համար պիտի դառնայ նաեւ Հայաստանը նորովի բացայայտելու հնարաւորութիւն: Այս ծրագրերով կը նախատեսուին նաեւ մշակութային բազմաթիւ ձեռնարկներ, պատմամշակութային ճանաչողական շրջագայութիւններ:
«Համոզուած եմ՝ Հայաստանի մէջ միշտ կան նոր բացայայտումներ, տեսնելու եւ զգալու վայրեր եւ վստահ եմ, թէ այս առումով ձեր տպաւորութիւնները եւս պիտի օգնեն աւելի ամրապնդելու ձեր կապը հայրենիքի հետ», նշեց Ժաննա Անդրէասեան: