ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿՈՂՄԷ ԱՅՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան շաբաթավերջին ընդունեց Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ պատուիրակութիւն մը: Այսպէս, Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցին Իսթանպուլի մէջ ունի այցելու հովիւ մը, որ երեք ընկերակիցներու հետ վերջին օրերուն փութացած էր քաղաքս: Իր կեցութեան օրերուն, ղպտի այցելու հովիւը փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, որ զինքը ընդունեց Գնալը կղզիի մէջ: Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան: 

Դաւանակից Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւորականները զրոյցի ընթացքին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին՝ Իսթանպուլի իրենց կեցութեան ընթացքին ծաւալուած աշխատանքին մասին: Անոնք Նորին Ամենապատուութեան փոխանցեցին նաեւ Տ.Տ. Թաուատրոս Բ. Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները: 

Իր կարգին, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց հիւրերու այս այցելութեան համար՝ հետաքրքրութեամբ լսած ըլլալով անոնց փոխանցած տեղեկութիւնները: 

Հուսկ, հիւրերը Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նուիրեցին սրբապատկեր մը եւ հրաժեշտ առին իր օրհնութիւնը ստանալով:

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2026