ԿՐԿՆԱԿ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան շաբաթավերջին թեւակոխած է իր ծննդեան 75-ամեայ յոբելեանը: Սա ուրախառիթ յոբելեան մըն է՝ քանի Նորին Սրբազնութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբազաններու դասի երիցագոյն անդամներէն մին է: Ան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ արդի պատմութեան մէջ ունի իր մասնաւոր տեղն ու դերը: Ծառայութեան, նուիրումի կերպար մըն Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս անմնացորդ եւ անձնդիր աշխատանք կը տանի տասնամեակներէ ի վեր: 

Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան ծնած է 4 յուլիս 1951 թուականին, Արաբկիրի մէջ: Թրքահայ մթնոլորտի մէջ ծնած եւ հասած երիտասարդ մը եղած է, որ շատ փոքր տարիքէն իր մէջ զգացած է հոգեւոր կոչում: Հայաթափուած գաւառներու մնացորդացէն ծնունդ առած պատանի մը ըլլալով՝ միջոց մը նախ յաճախած է Սուրբ Խաչ դպրեվանք, ապա բռնած է Երուսաղէմի ճանապարհը, ուր աւարտած է Ժառանգաւորաց վարժարանն ու ընծայարանը: 1971 թուականին կուսակրօն քահանայ ձեռանդրուած է, իսկ 1973 թուականին՝ վարդապետ: Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան իսկապէս ուխտեալ անդամներէն մին եղած է եւ ցայսօր այդ զգայնութեամբ կը շարունակէ գործել: 

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ բարձրագոյն ուսումը կատարելագործելու զուհագեռ՝ 1990 թուականին ընտրուած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ. պաշտօն մը, զոր շուրջ երեք տասնամեակ վարած է ձեռնհասօրէն: Արեւելեան թեմի առաջնորդի պաշտօնը իսկական անկիւնադարձ մը եղած է Նորին Սրբազնութեան ազգային-հոգեւոր ծառայութեան մէջ: Սփիւռքի ամենաազդու այս թեմի առաջնորդի պաշտօնին վրայ ինքզինք արդարացուցած է՝ համազգային հարթութեան վրայ ազդու եւ կարեւոր գործունէութիւն ծաւալելով: 

Առաջնորդի պաշտօնը փոխանցելէ ետք, 2018 թուականին նշանակուած է Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ, միեւնոյն ժամանակ, Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ: Այս պաշտօնները ցայսօր կը վարէ յաջողութեամբ՝ իր ուշադրութեան կիզակէտին պահելով Եւրոպայի զանազան երկիրներէ ներս հայկական ազգային-եկեղեցական կեանքի վերակազմակերպման անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:

Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան միջեկեղեցական եւ միջազգային գետնի վրայ լուրջ գործունէութիւն ծաւալած է՝ ներառեալ դիւանագիտական հարթութիւնը, ուր ան կ՚առանձնանայ իր ներդրումով: Նորին Սրբազնութիւնը համբաւ ձեռք բերած է՝ որպէս երկխօսութեան մարդ, ինչ որ յարիր է Սուրբ Աւետարանի խաղաղութեան պատգամին: 

Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան տասնամեակներ շարունակ եղած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աներեր հաւատարիմներէն մին՝ միշտ դիրք գրաւելով Ամենայն Հայոց հայրապետներու կողքին: Ան ցարդ համագործակցած է երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. եւ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներուն հետ: Իսկ վերջին շուրջ քսանհինգ տարիներուն ան միշտ եղած է Լուսաւորչի Գահու այժմու յաջորդին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անմիջական գործակիցներէն մին: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ անսակարկ հաւատարմութիւնը ան համարած է հայ եկեղեցականի իր կոչումի անտարանջատելի բաղադրիչը: 

Տ. Խաժակ Ս. արք. Պարսամեան քահանայագործութեան շրջանին եղած է լրջութեան, հաւատքի եւ յոյսի հետամուտ հոգեւորականի կերպարը: Միշտ ձգտած է համախմբման, ներդաշնակութեան եւ համագործակցութեան: Ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս հետամուտ եղած է յաւելեալ արժէք ստեղծելու եւ այդ արժէքներու ձգողականութիւնը ծառայեցնելու՝ յաւակնոտ նպատակներու ճանապարհին առաւելութիւններ ձեռք բերելու: Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան միշտ նոր ժամանակներու ոգիին համահունչ վերաբանաձեւած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատգամը եւ վերարժեւորած՝ անոր առաքելութիւնը: 

Իր ծննդեան 75-ամեակը կը զուգադիպի նաեւ քահանայական ձեռանդրութեան 45-ամեակին: Սա կարծես նախախնամական զուգադիպութիւն մը ըլլար՝ քանի Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի կեանքի ուղին նոյնացած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայութիւն մատուցելու ճանապարհին հետ: Իր կեանքը եւ հոգեւոր ասպարէզէ ներս ծառայութիւնը դժուար թէ տարանջատուին եւ իր մարմնաւորած արժէքներով արդէն ան այս ուղղութեամբ տարակոյս չի թողուր: 

Ծննդեան 75-ամեակին առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորեան Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանը՝ մաղթելով իրեն արեւշատութիւն եւ մանաւանդ՝ առողջութիւն կեանքի տեւողութեան, որպէսզի ան Տիրոջ ապաւինութեամբ կարողանայ տեւականացնել իր ազգային-հոգեւոր ծառայութիւնը: 

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2026