ԱՆՀՊԵԼԻ, ԲԱՅՑ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿ. ԴԱՐԵՐՈՒ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ ընդլայնել Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտօնական ցանկը։ Ամէն անգամ աւելի հետաքրքրական, ուշագրաւ ու ինքնատիպ արժէքներ կը ներառուին պետական հովանիի տակ, ինչ որ կը փաստէ, թէ անոնք ազգային մակարդակով ենթակայ են յատուկ պահպանման, արժեւորման եւ լայն տարածման։
Ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութիւնը ազգի մը կենդանի յիշողութիւնն է, անոր հոգեւոր ու ինքնութենական հիմնաքարը, որ անաղարտօրէն կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ՝ ապահովելով մեր անցեալի, ներկայի ու ապագայի անխզելի կապը: Այս արժէքները, ըլլալով անհպելի, բայց, միաժամանակ բացառիկօրէն կենսունակ, իրենց մէջ կը խտացնեն ժողովրդական հաւաքական հանճարը, դարերու ընթացքին կուտակուած կենսափորձն ու տիեզերական ընկալումները:
Արագ փոփոխուող եւ համաշխարհայնացման ահագնացող ազդեցութիւններուն ենթակայ մեր օրերուն, նման ժառանգութեան պետական վաւերացումն ու պաշտպանութիւնը կը դառնան աւելի քան անհրաժեշտ, որպէսզի միօրինակ դարձող աշխարհի մէջ չկորսնցնենք մեր ազգային դիմագիծն ու արմատները:
Այս համատեքստին մէջ յատկանշական է, որ դարաւոր այս աւանդութիւններն ու սովորութիւնները արտաքին միջամտութեամբ կամ վարչական որոշումներով ո՛չ ոք կրնայ փոխել։ Պետութեան առաքելութիւնը վերէն թելադրելը չէ, այլ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով օժանդակելը, որպէսզի իսկական կրողը հանդիսացող համայնքն ու ժողովուրդը զանոնք անխախտ ու անաղարտ պահեն, կենսագործեն եւ հարազատօրէն փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն։
Կը ներկայացնենք քանի մը հատ նոր ցանկէն․
ԹՄԲՈՒԿԻ ՊԱՏՐԱՍՏՄԱՆ ԵՒ ԿԻՐԱՐԿՄԱՆ ԱՒԱՆԴՈՅԹԸ
Թմբուկի պատրաստման եւ կիրարկման աւանդոյթը ներառուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու պաշտօնական ցանկին վրայ, ինչ որ կը փաստէ անոր բացառիկ դերը ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ։
Դարեր շարունակ հայկական հարուածային նուագարանները՝ դհոլն ու գոսը (մեծ թմբուկը), եղած են ժողովուրդի ուրախութեան, բերկրանքի, յաղթանակներու եւ նոյնիսկ տագնապի ազդարարները։
Հարուածային գործիքները հայկական լեռնաշխարհի մէջ կիրարկուած են հնագոյն ժամանակներէն ի վեր՝ ուղեկցելով ծիսական արարողութիւններուն, ռազմերթերուն եւ ժողովրդական հաւաքներուն։ Թմբուկի հզօր հնչիւնները համարուած են երկրային եւ վերին ուժերը կապող օղակ, որոնք համախմբած են համայնքը մէկ ընդհանուր ձայնի շուրջ։
Այսօր թմբուկի պատրաստումը կը նկատուի բարդ, մանրակրկիտ եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուող արհեստ մը, որուն մէջ իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն ուղղակիօրէն կ՚ազդէ գործիքի ձայնին ու հոգիին վրայ։
Գործընթացը կը սկսի իրանի ընտրութեամբ. դհոլի եւ գոսի կմախքը՝ ձայնադարձիչը, կը պատրաստուի բարձրորակ ու ամուր փայտատեսակներէ, ինչպիսիք են՝ ընկուզենին, թթենին կամ հաճարենին։ Փայտը յատուկ ձեւով կը մշակուի ու կը կորացուի՝ ստանալով կատարեալ գլանաձեւ տեսք։ Յաջորդ կարեւոր փուլը թաղանթի ձգումն է, որուն համար գործիքի երկու կողմերը կը պատուին կենդանական մշակուած կաշիով, յատկապէս՝ այծի կամ հորթի։ Կաշիի հաստութիւնը կ՚ընտրուի այնպիսի հաշուարկով, որ կողմերէն մէկը ապահովէ բարձր ու սուր, իսկ միւսը՝ թաւ ու խորունկ հնչողութիւն։ Վերջաւորութեան կը կատարուի լարումը, երբ կաշին իրանին կ՚ամրացուի յատուկ պարաններու կամ ճարմանդներու միջոցով, որոնց ձգուածութեան աստիճանով ալ կ՚որոշուի գործիքի հնչիւնային բարձրութիւնը։
Հայկական թմբուկները ունին կիրարկման լայն եւ բազմազան շրջանակ, որուն մէջ ուրոյն տեղ կը գրաւեն զուռնա-դհոլ համոյթները։ Դհոլը զուռնայի անբաժան ուղեկիցն է եւ այս երկու գործիքներու համադրութիւնը կը կազմէ հայկական աւանդական հարսանիքներու, կնունքներու եւ ժողովրդական տօներու երաժշտական հիմքը։ Իր հերթին, գոսը՝ մեծ թմբուկը, իր խուլ ու որոտընդոստ ձայնով յաճախ կ՚օգտագործուի մեծ համոյթներու մէջ կամ բացօթեայ միջոցառումներու ընթացքին՝ հիմնական շեշտերը ընդգծելու եւ հզօր ուժականութիւն հաղորդելու համար։ Այս բոլորի կողքին, հայկական պարարուեստը, յատկապէս տղամարդոց ռազմապարերն ու համայնքային շուրջպարերը, ինչպէս՝ «Քոչարի»ն ու «Եարխուշտա»ն, անհնար է պատկերացնել առանց թմբուկի թելադրած հաստատուն ու հպարտ ձայնին։
Ժամանակակից հայ երաժիշտներն ու վարպետները հաւատարմութեամբ կը պահպանեն հին աւանդութիւնները՝ զանոնք վարպետօրէն համադրելով նորագոյն երաժշտական ուղղութիւններուն հետ, որու շնորհիւ ալ հայկական դհոլն ու գոսը կը շարունակեն յաղթականօրէն հնչել աշխարհի ամենատարբեր բեմերէն։
«ՈՐՍՈՐԴՆԵՐ ՈՒ ԲԱԴԵՐ». ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽԱՂ
«Որսորդներ ու բադեր» գնդակախաղը հայկական բակային մշակոյթի ամենասիրուած եւ տարածուած խաղերէն մէկն է։ Անիկա նոյնպէս սերունդներէն եկած ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութիւն է։
Խաղը ունի պարզ կանոններ, սակայն, միաժամանակ կը պահանջէ բարձր ֆիզիքական պատրաստուածութիւն ու արագ կողմնորոշում։
Խաղը հիմնուած է երկու խումբերու մրցակցութեան վրայ, ուր յստակօրէն բաժնուած են դերերն ու նպատակները։ «Որսորդները» կը կանգնին խաղադաշտի սահմաններէն դուրս եւ կը փորձեն գնդակով «խոցել» հակառակորդները, իսկ «բադերը» կը գտնուին խաղադաշտի ներսը եւ ամէն գնով կը ջանան խուսափիլ գնդակի հարուածներէն։ Խաղի հիմնական նպատակն է զարգացնել ճարպիկութիւն, աչքաչափ, արագաշարժութիւն եւ խմբային աշխատանքի հմտութիւններ։
Այս գնդակախաղի կազմակերպման համար անհրաժեշտ է հարթ տարածք. ինչպէս՝ բակ մը կամ մարզադահլիճ եւ մէկ միջին չափի գնդակ։
Խաղի սկիզբը գետնին կը գծուի մեծ ուղղանկիւն մը՝ մօտաւորապէս 10x15 մեթր տարածութեամբ, որմէ ետք կը կատարուի դիրքաւորումը։ «Որսորդները» կը բաժնուին երկու մասի եւ կը կանգնին ուղղանկիւնին հակադիր կողմերը՝ գիծերէն դուրս, իսկ «բադերը» կը հաւաքուին ուղղանկիւնին կեդրոնը։ Խաղի ընթացքին «որսորդները» կը սկսին գնդակը արագ փոխանցել միմեանց եւ յարմար պահուն զայն կը նետեն «բադերու» ուղղութեամբ։ Այն մասնակիցը, որուն կը դպչի գնդակը, կը լքէ խաղադաշտը, սակայն, եթէ գնդակը նախ գետնին դպչի եւ ապա միայն դպչի խաղացողին, հարուածը չի հաշուըւիր։ Խաղը կ՚աւարտի այն ատեն, երբ բոլոր «բադերը» արդէն որսուած կ՚ըլլան, որմէ ետք խումբերը կը փոխեն իրենց դերերը։
Խաղը աւելի հետաքրքրական դարձնելու նպատակով յաճախ կը կիրարկուի նաեւ «կեանքերու» կանոնը։ Եթէ խաղադաշտի ներսը գտնուող «բադը» կրնայ օդէն որսալ «որսորդի» նետած գնդակը՝ առանց անոր գետին դպչելուն, ան կը վաստակի լրացուցիչ «կեանք»։ Այս առաւելութիւնը խաղացողը կրնայ օգտագործել զինք յետագայ հարուածէ մը փրկելու կա՛մ խաղէն արդէն դուրս եկած խմբակիցներէն մէկը դարձեալ խաղադաշտ վերադարձնելու համար։
«Որսորդներ ու բադեր» խաղը ժամանց է, բայց նաեւ՝ ֆիզիքական դաստիարակութեան հրաշալի միջոց մը։ Խաղի ընթացքին երեխաները կը սորվին կանխատեսել հակառակորդի քայլերը, կը վարժուին արագ որոշումներ կայացնելու եւ իրենց խմբակիցներուն աջակցելու։ Անիկա մեծապէս կը նպաստէ առողջ ապրելակերպին եւ բակային աշխոյժ խաղերու աւանդոյթի պահպանման. բան մը, որ աստիճանաբար կը մարի։
«ԹԱՔ ԾԱՂԿԵՑԱՒ». ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՊԱՏԱՌԻԿ ՄԸ
«Թաք ծաղկեցաւ» երգը հայկական աւանդական հարսանեկան ծիսակարգի ամենաինքնատիպ ու խորհրդաւոր պատառիկներէն մէկն է, որ վերջերս նոյնպէս պաշտօնապէս ներառուեցաւ Հայաստանի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու պաշտօնական ցանկին մէջ։ Այս երգը դարաւոր պատմութիւն ու տոհմային յիշողութիւն կրող ծէս մըն է, որ սերտօրէն կը կապէ արեւմտահայութիւնը եւ արեւելահայութիւնը։
Երգի արմատները կը տանին դէպի Պայազետի գաւառի Արծափ գիւղը։ 1830 թուականին, երբ արծափցիները տեղափոխուեցան ու վերաբնակեցան Սեւանայ լիճի ափին գտնուող Ծովագիւղ համայնքին մէջ, իրենց հետ բերին նաեւ այս ծիսական երգը։ Դարեր շարունակ անիկա փոխանցուած է բերանացի՝ պահպանուելով բացառապէս Ծովագիւղի բնակիչներու կենցաղին մէջ։
Տեղական բարբառին եւ աւանդազրոյցներուն մէջ «թաք» բառը ունի երկու հիմնական բացատրութիւն, որոնցմէ ամենատարածուած վարկածով կը նշանակէ տան մինուճար, միակ արու զաւակը՝ թանկ ու մէկ հատիկ տղան, որուն ամուսնութեամբ ալ պիտի շարունակուի տոհմածառը։ Ըստ մէկ այլ մեկնաբանութեան՝ ատիկա «թագ» բառի տեղական արտասանութիւնն է, ինչ որ կը կապուի փեսան հարսանիքի օրը «թագաւոր» կարգելու սովորութեան հետ։
Աւանդական հայկական հարսանիքներուն մէջ «Թաք ծաղկեցաւ»ը կը հնչէր ամենապատասխանատու պահերէն մէկուն՝ փեսայի հագուստը փոխելու եւ զայն թագադրելու արարողութեան ընթացքին։ Երգը կատարելու պարտականութիւնը վստահուած էր փեսայի կողմի չամուսնացած երիտասարդ աղջիկներուն, որոնք շրջապատելով փեսան՝ կը գովերգէին անոր տեսքը, կարմիր ու կանաչ կապերով հարսանեկան ուսակապերը եւ զայն կը համեմատէին բնութեան զարթօնքին ու ծաղկող ծառի հետ․ այդ մէկը կը խորհրդանշէր նոր ընտանիքի հիմնումն ու կեանքի շարունակականութիւնը։ Երգի պարզ, բայց խորիմաստ բանաստեղծական պատառիկը վառ կերպով կ՚արտայայտէ մօր եւ հարազատներու բերկրանքը.
«Թաք ծաղկեցաւ, թաք ծաղկեցաւ,
Թագաւորի մերն ուրախացաւ,
Թագաւոր, ի՞նչ բերեմ քո նման,
Քո կարմիր արեւի նման»։
Երկար ժամանակ միայն տեղական մակարդակով յայտնի այս գոհարը վերջին տարիներուն մշակութային նոր վերածնունդ ու նոր կեանք ստացած է։ «Տիեզերք», ապա «ԳԱՄՄԱ» խումբերու արդիական, էթնօ-ռոք ու ֆոլք մշակումներուն շնորհիւ երգը մեծ տարածում գտաւ համացանցի վրայ ու դարձաւ շատ սիրուած։ Այսօր յաճախ կը հնչէ ժամանակակից հայկական հարսանիքներու ընթացքին՝ հարազատօրէն ապահովելով սերունդներու եւ դարաւոր աւանդոյթներու անխզելի կապը։
ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՓՈԽՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՒԱՌ ՇՐՋԱՆԻ ԹԱՂՄԱՆ ԾԻՍԱԿԱՐԳԻՆ ՄԷՋ
Մարդու կեանքի շրջափուլային ծէսերու շարքին թաղման արարողակարգը ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն։ Անիկա հանգուցեալին վերջին հրաժեշտը տալու եւ հոգիի խաղաղութեան համար աղօթելու քրիստոնէական ու աւանդական արարողութիւն է, բայց նաեւ՝ ընկերային մեծ կարեւորութիւն ունեցող հանգրուան։
Գեղարքունիքի մարզի Գաւառ տարածաշրջանին մէջ այս ծէսը կը դրսեւորուի իւրայատուկ կենսունակութեամբ, ուր կեդրոնական դեր կը խաղայ համայնքային կուռ միասնութիւնը։ «Համայնքային փոխօգնութեան ձեւերը Գաւառի թաղման ծէսին մէջ» երեւոյթը այնքան բնորոշ ու արժէքաւոր է, որ պաշտօնապէս ներառուած է Հայաստանի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու պետական ցանկին մէջ։
Աւանդական հայկական գիւղական համայնքներուն միշտ ալ բնորոշ եղած է դժբախտութեան կամ կորուստի պահուն դրացիի ու բարեկամի կողքին կանգնելու սովորութիւնը։ Սակայն, Գաւառի մէջ այս երեւոյթը վերածուած է գրեթէ չգրուած օրէնքներով գործող իւրօրինակ համակարգի մը։ Հոն, երբ ընտանիքի մը մէջ դժբախտութիւն կը պատահի, սգաւոր հարազատները երբեք մինակ չեն մնար իրենց ցաւին ու հոգերուն հետ, քանի որ համայնքը անմիջապէս կը ստանձնէ կազմակերպչական ողջ բեռը՝ թոյլ տալով ընտանիքին անցնիլ սգոյ ծանր փուլը առանց յաւելեալ ճնշումներու։
Գաւառի թաղման ծէսին մէջ առաջնայինը աշխատանքային եւ կազմակերպչական ներդրումն է, զոր տեղացիները կը կոչեն «խարջ ու խնամք»։ Թաղման արարողութեան եւ յաջորդող հոգեհացի կազմակերպումը կը պահանջէ հսկայական ֆիզիքական աշխատանք, ուստի, համայնքի տղամարդիկ անմիջապէս իրենց վրայ կը վերցնեն գերեզմանի պատրաստման, փոխադրամիջոցներու եւ այլ հարցերու լուծումը։ Միեւնոյն ժամանակ, կիները կը հաւաքուին սգաւորի տան կամ համայնքային սրահին մէջ՝ ստանձնելով ծիսական կերակուրներու պատրաստման, սեղաններու սպասարկման եւ մաքրութեան ողջ գործընթացը, իսկ սգաւոր ընտանիքի անդամներուն բնաւ թոյլ չի տրուիր ներգրաւուիլ ֆիզիքական որեւէ աշխատանքի մէջ։
Այս բոլորի զուգահեռ, խիստ կարեւոր է նաեւ նիւթական բեռի թեթեւացումը, քանի որ թաղման ծախսերը ժամանակակից աշխարհի մէջ կրնան լուրջ տնտեսական հարուած հասցնել որեւէ ընտանիքի։ Այս մէկը յաղթահարելու համար Գաւառի մէջ կը գործէ դրամական եւ նիւթական փոխօգնութեան հնամենի աւանդոյթը, երբ դրացիները, համագիւղացիներն ու բարեկամները կը բերեն անհրաժեշտ սննդամթերք (միս, խմիչք, հաց) կամ կը տրամադրեն որոշակի դրամական գումար, որ կ՚արձանագրուի յատուկ յուշատետրերու մէջ։ Ասիկա ո՛չ թէ ողորմութիւն է, այլ փոխադարձութեան սկզբունքով գործող ներդրում, քանի որ վաղը նոյն ձեւով տուեալ ընտանիքը պիտի կանգնի դիմացինի կողքին։ Այս նիւթական աջակցութիւնը կ՚ամբողջանայ մշտական ներկայութեամբ ու հոգեբանական մեծ աջակցութեամբ, քանի որ Գաւառի մէջ ընդունուած չէ սգոյ օրերուն տունը դատարկ ձգել. մարդոց հոսքը դէպի սգաւորի տուն կը շարունակուի օրեր ու շաբաթներ՝ դառնալով հոգեբանական հզօր վահան, որ կը մեղմէ կորուստի ամայութիւնը։
Թէեւ այս թաղման ծէսը երբեմն կը քննադատուի կամ ժամանակակից կեանքի պայմաններուն մէջ ոմանց կողմէ չափազանց բարդ ու պարտաւորեցնող կը նկատուի, այդուհանդերձ գաւառցիները կը շարունակեն անոր հաւատարիմ մնալ։ Այդ տարածաշրջանի բնակիչներու համոզումով՝ այս աւանդութիւնը սոսկ մահուան հետ կապուած ծիսակարգ մը չէ, այլ համայնքային համերաշխութեան, փոխադարձ վստահութեան եւ մարդկային զօրակցութեան եզակի դրսեւորում։ Դժբախտութեան եւ կորստեան պահուն զայն կը վերածուի անտեսանելի, սակայն, հզօր ցանցի մը, որ կը միաւորէ ընտանիքները, դրացիներն ու բարեկամները՝ յիշեցնելով, որ մարդը իր վիշտին մէջ մինակ չէ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան