ՔՊ-Ի ԱՆՇԵՂ ՕՐԱԿԱՐԳԸ

Հայաստանի մէջ, Սահմանադրական ատեանը արդէն վաւերացուցած է վերջին խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ արդէն կը սպասուի նորընտիր խորհրդարանի անդրանիկ նիստին։ Երեք քաղաքական ուժերէ պիտի բաղկանայ նոր խորհրդարանի կազմը։ Արդէն ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքներուն կողմէ ընտրուած երեսփոխաններն ալ հաղորդած են, որ պիտի ստանձնեն իրենց պարտաւորութիւնները։

Խորհրդարանէն ներս այս շրջանին ալ մեծամասնութիւն ապահոված է՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ՔՊ-ի շրջանակներէն կը հաղորդուի, որ նոր սահմանադրութեան մը ընդունման օրակարգը պիտի չառկախուի։ Կուսակցութեան շրջանակներէն հնչած այս յայտարարութիւնները ուշադրութեան կ՚արժանանան՝ քանի ՔՊ թէեւ մեծամասնութիւն ունի խորհրդարանէն ներս, սակայն, այդ մէկը բաւարար չէ սահմանադրութիւնը փոխելու։ Մեծամասնութիւն ապահոված կուսակցութիւնը կը նախատեսէ փորձել գտնել այլ իրաւական ճանապարհներ, որոնք հնարաւորութիւն պիտի ընձեռեն սահմանադրութիւնը փոխելու։ «Որեւէ բան պիտի չառկախուի։ Մենք պիտի շարունակենք մեր օրակարգով յառաջ ընթանալ», նշած են կուսակցութեան ներկայացուցիչները։

ՔՊ-ի աղբիւրները կը հաղորդեն, որ իրաւական այդ այլընտրանքային ճանապարհները աւելի տեսանելի պիտի դառնան, երբ նորընտիր խորհրդարանը սկսի գործել։

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2026