ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ ՃԱՂԵՐՈՒ ԵՏԻՆ
Հայաստանի մէջ, վերջին խորհրդարանակ ընտրութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ, երէկ, իրաւապահ մարմինները լայնածաւալ եւ աղմկարար գործողութիւն մը իրականացուցին, որու հետեւանքով արդէն ճաղերու ետին յայտնուած է յայտնի գործարար եւ քաղաքական գործիչ Գագիկ Ծառուկեան:
Հայաստանի իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչները երէկ խուզարկութիւն կատարեցին Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող զանազան զբօսարաններու եւ այլ կառոյցներու շէնքերէն ներս՝ ներառեալ անոր ընդունարան-բնակարանը: Այս լայնածաւալ գործողութիւնը զուգադիպեցաւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական ատեանին կողմէ վերջին խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքի վաւերացման յաջորդած օրերուն: Արդարեւ, Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը Բարձրագոյն դատարան դիմած էին վիճարկելով ընտրութեան արդիւնքը: Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ գլախաւորուած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը շատ չնչին տարբերութեամբ չէր յաջողած մտնել խորհրդարան՝ չյաղթահարելով անցողիկ շեմը:
Այս համայնապատկերին վրայ, Հայաստանի իրաւապահ մարմինները շուրջ 70 հասցէէ ներս միաժամանակ խուզարկութիւն իրականացուցին: Այս լայնածաւալ գործողութիւններուն զուգահեռ՝ Գագիկ Ծառուկեան տարուեցաւ Քննչական կոմիտէ, ուրկէ ալ ուղարկուեցաւ դատարան: Իր ձերբակալման եւ ճաղերու ետին յայտնուելուն զուգահեռ՝ Գագիկ Ծառուկեանի Ծաղկաձորի զբօսարանները կապարակնքուեցան: Երեւանի մօտակայքի իր ընդունարան-բնակարանէն ներս ալ կատարուեցաւ լայնածաւալ խուզարկութիւն: Ծառուկեանի այդ բնակարանէն դուրս բերուեցան՝ երկու առիւծ եւ մէկ վագր, որոնք յանձնուեցան Երեւանի կենդանաբանական այգիին:
Հանրային կարծիքը իրադարձութիւններուն կը հետեւի ուշադրութեամբ, մինչ իրադարձութիւններու շարունակութեան կը սպասուի հետաքրքրութեամբ: Մինչ այդ, ընդդիմադիր շրջանակներն ալ ահազանգ կը հնչեցնեն այս իրադարձութիւններուն դէմ: Որոշ վերլուծաբաններ եւ քաղաքական գործիչներ մամուլին յայտարարած են, թէ երկրի իշխանութիւնները կը փորձեն ո՛չ թէ լռեցնել, այլեւ չէզոքացնել ընդդիմադիր առաջնորդները: