ՃԵՐՄԱԿ ՈՒԼՈՒՆՔՆԵՐՈՎ ՎԶՆՈՑԸ
Նուէրներ, ընծաներ, պարգեւնե, բնականաբար, կ՚ուրախացնեն զանոնք ստացողները։ Հապա Յիսուս չ՚ուրախանա՞ր, երբ Իրեն նուիրենք նուէրներ, մանաւանդ նուէրներուն ամենէն թանկագինը՝ մեր սէրը…
Կը պատմուի, թէ հինգ տարեկան, դեղնորակ գանգուր մազերով աղջնակ մը վաճառատան ցուցափեղկին մէջ ճերմակ ուլունքներով վզնոց մը տեսաւ։ «Հաճիս մայրիկ, կրնա՞նք այս գեղեցիկ վզնոցը գնել ինծի համար», հարցուց ան աղերսանքով իր մօր։ Մայրը նայեցաւ կեղծ վզնոցի գինին, ապա՝ աղջնակին պաղատագին աչքերուն։ «Բաւական դրամ կ՚արժէ այդ վզնոցը աղջիկս», ըսաւ մայրը եւ շարունակեց. «եթէ իրապէս կ՚ուզես այս վզնոցը ունենալ, քիչ մը եւս դրամ աւելցուր գանձանակիդ մէջ։ Գալ շաբաթ քու ծննդեան տարեդարձն է, թերեւս մեծ մայրիկդ ալ դրամ կու տայ։ Ուստի յաջորդին կրնանք գնել զայն»։
Դեղնորակ գանգուր մազերով փոքրիկ աղջիկը տուն գալուն պէս պարպեց գանձանակը եւ համրեց հաւաքուած դրամը։ Ըրթրիքէն վերջ մօրը օգնեց, ապա դրացիին պարտէզը մաքրեց եւ շահած դրամը պահեց։ Երբ մեծ մայրիկը տարեդարձին համար դրամ՝ նուէր տուաւ, փոքրիկ աղջիկը վերջապէս կրցաւ վզնոցին արժէքին չափ դրամ հաւաքել եւ վերջապէս կրցաւ գնել իր այնքան փափաքած վզնոցը…
Փոքրիկ աղջիկը ունէր զինք շատ սիրող հայր մը, որ ամէն գիշեր պատմութիւն մը կը կարդար իրեն։ Օր մը պատմութիւնը վերջացնելէն յետոյ, հայրիկը հարցուց. «Աղջիկս, կը սիրե՞ս զիս»։ «Անշուշտ հայրիկ, դուն գիտես, որ ես քեզ շա՜տ կը սիրեմ», պատասխանեց աղջիկը։ «Ուրեմն վզնոցդ տուր ինծի», ըսաւ հայրը։ «Ո՛չ հայրիկ, ուլունքներս չեմ կրնար տալ։ Բայց քեզի կու տամ ճերմակ ձիս, որ շատ կը սիրեմ», դարձեալ պատասխանեց աղջիկը։ Վերջապէս հայրը ըսաւ. «Հոգ չէ՛ աղջիկս։ Հայրիկը քեզ շա՜տ կը սիրէ։ Գիշեր բարի…»։ Եւ սրտաբուխ ջերմ համբոյր մը դրոշմելով աղջնակին ճակատին հեռացաւ սենեակէն։
Շաբաթ մը վերջ աղջնակին հայրը դարձեալ հարցուց. «Զիս կը սիրե՞ս աղջիկս»։ Աղջիկը պատասխանեց դարձեալ. «Հայրիկ, դուն գիտես, որ քեզ շատ կը սիրեմ»։ «Ուրեմն վզնոցդ տո՛ւր ինծի»։ Աղջիկը քիչ մը սրտառուչ եւ աղիողորմ ըսաւ. «Ո՜հ հայրիկ, ուլունքներս չե՛մ տար։ Բայց կրնաս նոր պուպրիկս առնել. այդ մէկը, որ տարեդարձիս որպէս նուէր ստացայ»։ Հայրը քաղցր ձայնով ըսաւ. «Հոգ չէ սիրասուն աղջիկս։ Հայրիկը քեզ շա՜տ կը սիրէ։ Ուրեմն անուշ քուն, բարի երազ…»։
Մի քանի օր վերջ, երբ հայրիկը աղջկան սենեակը մտաւ, ան ծալապատիկ նստած էր անկողնին վրայ։
Երբ մօտեցաւ, հայրը նշմարեց, որ աղջկան պզտիկ կզակը կը դողար եւ արցունքի մեծ կաթիլ մը կը սահէր այտերէն վար։ «Ի՞նչ է աղջիկս, ի՞նչ ունիս, ինչո՞ւ կու լաս», հարցուց հայրը։ Աղջնակը առանց պատասխանելու ձեռքը երկնցուց եւ երբ բացաւ ափերը, հո՛ն էին ահաւասիկ ճերմակ ուլունքները՝ իր փոքրիկ թաթիկներուն մէջ։ Ճերմակ ուլունքներով վզնոցը հօրը տալու պատրա՛ստ էր։ «Առ հայրիկ, ասիկա քեզի՛ է…», ըսաւ ի վերջոյ լալագին, հեծեծագին ձայնով մը։
Նոյնպէս, արցունքոտ աչքերով, փոքրիկ աղջկան ազնիւ հայրը, մէկ ձեռքով առաւ կեղծ վզնոցը եւ միւս ձեռքով գրպանէն հանեց կապոյտ թաւշեայ սուփ մը՝ որուն մէջ կար իսկական ուլուքներով վզնոց մը, շատ աւելի թանկագին, որը միշտ իր հետն էր, միայն կը սպասէր, որ աղջնակը հրաժարէր կեղծ վզնոցէն, որպէսզի իսկականը եւ աւելի թանկագինը, աւելի պատուականը տար իրեն։
Սիրելի՜ բարեկամներ, երբեմն պէտք է տա՛լ՝ աւելի շատը ստանալու համար։ Չէ՞ որ «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը». (ԳՈՐԾ. Ի 35)։
Նոյնպէս ալ Տէր Յիսուս Քրիստոս կը սպասէ, որ մենք ալ իրեն յանձնենք մեր սնոտի կեանքը՝ որ մեզի պարգեւէ խոստացեալ «ա՛լ աւելի կեանք», որ մեզի խոստանայ Տէր Յիսուս. (ՅՈՎՀ. Ժ 10)։
Եկէ՛ք սիրելիներ, այսօր Քրիստոսի խաչին ներքեւ դնենք մեր երկրային վաղանցիկ գանձերը, որպէսզի յարուցեալ Փրկիչը մեզի պարգեւէ երկնային անանց յաւիտենական փառքը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 6, 2026, Իսթանպուլ