ԵՐԿՈՒ ԱՄԻՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Հայաստանի դատական իշխանութիւնները որոշեցին արդէն բանտարկել՝ գործարար ու քաղաքական գործիչ Գագիկ Ծառուկեանը։ Այսպէս, Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանը քննեց «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի կալանաւորման համար՝ Քննչական կոմիտէին կողմէ ներկայացուած միջնորդութիւնը։ Քննարկման հիման վրայ Գագիկ Ծառուկեանի պարագային խափանման միջոց որոշուեցաւ՝ կալանաւորումը։ Նախօրէին, Գագիկ Ծառուկեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ ձերբակալուելով փոխադրուած էր Քննչական կոմիտէ։ Ներկայիս, Գագիկ Ծառուկեանի հասցէին մեղադրանք առաջադրուած է՝ «խարդախութեան» եւ «գումարներու լուացման» համար։ Ըստ Քննչական կոմիտէի պնդումներուն՝ առանձնապէս խոշոր չափերով «խարդախութիւն» եւ առանձնապէս խոշոր չափերով «գումարներու լուացում» կատարած ըլլալու մեղադրանքով ձերբակալուած է Գագիկ Ծառուկեան։ Այս վերջնոյն գործով յանցագործներու խումբի անդամ մը եւս ձերբակալուած է։ Քննչական կոմիտէի փոխանցմամբ՝ քրէական վարոյթի շրջանակներէն ներս Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, Պետական եկամուտներու կոմիտէի եւ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան հետ համատեղ 70-է աւելի հասցէի մօտ իրականացուած են միաժամանակեայ խուզարկութիւններ։
Ձերբակալուելէ վերջ Գագիկ Ծառուկեան տեղափոխութիւններու ժամանակ հնարաւորութիւն ունեցաւ կարճ յայտարարութիւն մը ընելու զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն։ Այս փուլին ան յայտնեց, որ իրեն դէմ ներկայացուած մեղադրանքները փուչիկ են։
Գագիկ Ծառուկեանի գործով ձերբակալուած է եւս մէկ անձ, իսկ ուրիշ անձի մը պարագային ձերբակալման որոշում առնուած է:
Գործարար եւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Գագիկ Ծառուկեանի ձերբակալումն ու բանտարկութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած է Հայաստանի հանրային կարծիքին մօտ։ Ընկերային ցանցերու վրայ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած են այն դրուագները, որոնք կը ցոլացնեն Գագիկ Ծառուկեանի ձերբակալման պահը՝ մանաւանդ, որ 70-ամեայ ենթական շղթայակալուած է գետին իյնալէ վերջ։