ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՈՐՈՆՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան տեսակցեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած շարք մը երկիրներու դեսպաններուն հետ։ Այսպէս, նախարար Պապոյեան հիւրընկալեց՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քուէյթի, Իրաքի եւ Քաթարի դեսպանները եւ այդ երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն այլ պաշտօնատարներ։ Նախարարի կողքին էին իր տեղակալները՝ Արման Խոճոյեան եւ Անուշիկ Աւէտեան: 

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Գէորգ Պապոյեան կարեւորեց դեսպանութիւններու աջակցութիւնը՝ հայկական արտադրանքներու եւ ներածումներու, խոշոր առեւտրային ցանցերու բաժանումներու միջեւ գործարար կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ։ 

Քննարկուեցան հայկական արտադրանքի ներկայութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները Ծոցի երկիրներու շուկաներէն ներս, լոժիստիք եւ տարանցիկ ուղղութիւններու զարգացումը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան այլ ուղղութիւնները։ 

Զրոյցի աւարտին Պապոյեան պատասխանեց դեսպաններու հարցումներուն, լսեց անոնց առաջարկները՝ առեւտրատնտեսական կապերու ապագայ զարգացման վերաբերեալ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2026