ԱՆՍԱՍԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ
Անգարայի մէջ եզրափակուեցաւ ՆԱԹՕ-ի պատմական գագաթաժողովը, որ վերջին օրերուն միջազգային բեմահարթակի առաջնահերթ իրադարձութիւնն էր եւ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացուց Թուրքիոյ վրայ: Գագաթաժողովի աւարտին դաշինքի ընդհանուր քարտուղարը՝ Մարք Ռութէ յայտարարեց, որ ՆԱԹՕ հզօր է աւելի քան երբեք:
«ՆԱԹՕ 3.0» նպատակներու որդեգրուած այս գագաթաժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ համատեղ պաշտօնական հռչակագիր մը։ Դաշինքի անդամները այս առթիւ ընդգծեցին հաւաքական պաշտպանութեան կարեւորութիւնը՝ շեշտելով այս ուղղութեամբ իրենց անսասան յանձնառութիւնը։ Գագաթաժողովի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ՝ Ռուսաստանի ներկայացուցած սպառնալիքին։ Յատկանշական է, որ հակառակ խաղաղութեան որոնումներուն եւ դիւանագիտական ջանքերուն՝ Անգարայի գագաթաժողովին ժամանակ արձանագրուեցաւ, որ Ռուսաստան սպառնալիք մը կը հանդիսանայ ՆԱԹՕ-ին դէմ։
Հռչակագրին մէջ նշուած է, որ Ռուսաստան «երկարաժամկէտ սպառնալիք» մը կը համարուի Եւրոատլանտեան անվտանգութեան դէմ: «Ռուսաստանի կողմը Եւրոատլանտեան անվտանգութեան ու կայունութեան դէմ երկարաժամկէտ սպառնալիքին, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան մշտական սպառնալիքին հակազդելու համար դաշնակիցները կը կատարեն Լահէյի պաշտպանական պարտաւորութիւնը: 2025 թուականին եւրոպացի դաշնակիցները եւ Գանատան հիմնական պաշտպանական պահանջներու մէջ իրենց ներդրումները աւելցուցած են աւելի քան 139 միլիառ ամերիկեան տոլարով: Մեր ներդրումները կ՚ապահովեն մեզի անհրաժեշտ հնարաւորութիւնները՝ միաժամանակ ամրապնդելով մեր արդիւնաբերական դաշտը եւ դիմադրողականութիւնը: Այսօր Անգարայի մէջ մենք կը յայտարարենք աւելի քան 50 միլիառ տոլար արժողութեամբ նոր գնումներու մասին եւ կը պարտաւորուինք ընդլայնել հաւաքական ու արտադրական գործողութիւնները եւ համագործակցիլ արդիւնաբերութեան հետ նորարարութիւնները արագացնելու համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Ի շարունակութիւն, հռչակագրի մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Ուքրայնայի ի նպաստ աջակցութիւններուն։ Բաց աստի, միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներէն Իրանի տագնապն ալ տեղ գտաւ եզրափակիչ հռչակագրի մէջ։ Անգարայի գագաթաժողովի վերջին օրուան զուգադիպեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնը, թէ Իրանի հետ հրադադարը վերջ գտած է։ Պատերազմի վերսկսման հորիզոնին վրայ՝ գագաթաժողովի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Իրանի տագնապին։ Ի լրումն այս բոլորին, ՆԱԹՕ-ի երկիրները ամուր կամք արտայայտեցին՝ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացման ուղղութեամբ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ գագաթաժողովի աւարտին հանդէս եկաւ երկու կարեւոր առաջարկով՝ գերադասելով «ՆԱԹՕ 3.0» նպատակներու իրականացման խթանումը: Այսպէս, Էրտողան համոզուած է, թէ դաշնակից երկիրներու միջեւ սահմանափակումներ պէտք չէ ըլլան եւ առկայ սահմանափակումներն ալ պէտք է դադրեցուին: Բաց աստի, ըստ Էրտողանի, ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներուն միջեւ արհեստական պառակտումներէ պէտք է խուսափիլ: