ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՒԱՏԱԼ

«Չկայ մէկը, որ իմանայ Անոր ճանապարհները, ոչ ոք, որ գիտակցի Անոր շաւիղները։ Բայց ան, որ գիտէ ամէն ինչ, ան կը ճանչնայ իմաստութիւնը, ան է որ իր իմաստութեամբ կը գտնէ զԱյն, Ան որ ստեղծեց երկիրը յաւիտենական ժամանակներու համար… Ան որ լո՛յսն է, լոյսը կ՚ուղարկէ, եւ լոյսով կ՚ընթանայ եւ լոյսը ետ կը կանչէ եւ լոյսը դողալով կը հնազանդի Անոր…». (ԲԱՐՈՒՔ. Գ 31-33)։

«Իմաստութիւնը Աստուծոյ պատուիրաններուն գիրքն է, օրէնքն է…». (ԲԱՐՈՒՔ. Դ 1)։

Կը պատմուի, թէ օր մը սատանաները՝ «չար»երը ժողով մը գումարեցին Աւետարանին զօրութիւնը չէզոքացնելու համար։ Ժողովի ընթացքին, սատանայ մը յայտարարեց. «Ես մարդոց պիտի ըսեմ, որ Սուրբ Գիրք չկարդան։ Որովհետեւ Սւորբ Գիրքը սուտ է եւ սխա՛լ»։ Ուրիշ «չար» մը թելադրեց. «Ես ալ պիտի ըսեմ, թէ Աստուած գոյութիւն չունի եւ բոլոր քարոզիչները անմիտ են»։ Իսկ երրորդ սատանայ մը ոտքի ելաւ, կանգնած եւ առաջարկեց. «Տէր նախագահ, ես պիտի ըսեմ, թէ Աստուած կա՛յ եւ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ Խօսքն է, Աւետարանը Աստուծոյ զօրութիւնն է եւ բոլոր քարոզիչները մտացի են եւ անոնց ըսածները շիտակ են եւ ճշմարի՛տ…։ Միայն թէ մարդոց խորհուրդ պիտի տամ, որ իրենց փրկութինը վաղուան յետաձգեն»։

Այս վերջին սատանային ծրագիրը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ եւ անմիջապէս գործադրութեան դրուեցաւ։ Ա՛յս եղաւ «չար»ին գործելակերպը…

Ուստի, սատանան, այսինքն «չար»ը տեւաբար կը փորձէ մարդուս յետաձգելու իրենց բարեգործութիւնը։ Մինչդեռ բարին եւ ճշմարիտը յետաձգել՝ չարին կը նպաստէ. չարագործութեան չափ վնասակար եւ նոյնքան վտանգաւո՛ր։ Չարիք չգործել բարեգործ ըլլալ չի՛ նշանակեր, քանի որ մարդ չէզոքութեամբ, միջակութեամբ բարեգործ չի կրնար ըլլալ, այլ պէտք է գործել՝ դրական կերպով բարիք գործել։ Տեսարանը միայն դիտել չի բաւեր, զայն իրապէս տեսնելու համար պէտք է անոր թափանցել, ներգործե՛լ։

Յետաձգել՝ անտարբերութեան մէկ տարբեր ձեւն է. վնասակար է եւ մարդ շատ կը տուժէ անոնց պատճառով։ Մարդուս օրերը կ՚անցնին, եւ շատ շուտ կ՚անցնին, տարիներ արագ արագ կը սահին եւ պէտք է կեանքին ամէն մէկ պահը օգտագործել ի նպաստ բարիին։ Մարդ պէտք է արագ վազէ դէպի բարին՝ ապահովելու համար իր անվտանգութիւնը եւ ազատուելու համար «չար»էն, եւ թէ ինքզինք կորուստէ պահելու համար։ Մարդ, ընդհանրապէս, կը վազէ հեւ ի հեւ եւ սակայն կը փախցնէ երջանկութիւնը, քանի որ կը վազէ առանց նպատակի, անգիտակից եւ անհեռատես։ Մինչ առիթներ արագ արագ կը սուրան եւ կ՚անհետանան։

Մարդիկ կը վազեն, սակայն, չեն հասնիր իրենց նպատակին, քանի որ պէտք եղածին չափ արագ չեն վազեր։ Եթէ վազքը հաւատքով եւ համբերութեամբ չէ կատարուած եւ ընդհատուած զանազան պատճառներով եւ մանաւանդ՝ յետաձգումներով, անկարելի է, որ օգտաբեր ըլլայ։ Ուստի, սատանան յաճախ կը գործածէ մարդուս յետաձգումները՝ արգելք ըլլալու համար դէպի բարին եւ ճշմարտութեան վազքին։

Աստուած, սակայն, մարդուն ապաւէնը եւ զօրութիւնն է։ Աստուծոյ հզօր եւ բարեգութ ձեռքերուն մէջ պահուած է մարդուն ժամանակները։ Մարդուս երկնաւոր Հայրը կ՚առաջնորդէ ամէն մէկը տիրող մէգին մէջէն, կ՚առաջնորդէ մինչեւ վախճանը այս մութ եւ անծանօթ ճամբուն։ Մարդկային կեանքի բոլոր պարագաներուն, հիւանդութեան, նոյնիսկ մահուան տխուր ժամերուն Աստուծոյ ներկայութիւնը մարդուս հետ կ՚երթայ եւ մարդուս կու տայ յոյս եւ խրախոյս… Քրիստոս մի՛շտ մարդուս առջեւէն կը քալէ… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 8, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2026