ԱՆՑԵԱԼԸ ՄԵՐԺՈՂԸ ԻՐ ԱՊԱԳԱՆ ԿԸ ԹԱՂԷ
Վերջին տարիներուն յաճախ կը խօսուի մեր պատմութեան խեղաթիւրումի մասին, յաճախ կը մատնանշուի, թէ գործող իշխանութիւնները ո՛չ մէկ ջանք կը խնայեն մեր պատմութիւնը այլասերելու: «Իրական Հայաստան»ի կեղծ գաղափարախօսութիւնը յառաջ կը տանին, արդարացնելու համար իրենց ձախողութիւնները եւ ապաշնորհ կառավարումը մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ ծածկելու համար իրենց հողեր յանձնելու եւ ծախելու ապազգային վարքագիծը։
Արդարեւ, ի՞նչ է պատմութիւնը, ի՞նչ կը հասկնանք պատմութիւն ըսելով, պատմութիւնը արտաքին եւ ներքին գործօններ ունի՞, թէ չունի: Կարդանք Նիկողայոս Ադոնցի այս տողերը եւ յետոյ խորհրդածենք. «Որքան կարեւոր համարուին պատմութեան, արտաքին այսպէս կոչուած նիւթական գործօնները, անկարելի է ունենալ ներքին կամ հոգեւոր ազդակներու արժէքը։ Եթէ մէկը պատմութեան անհրաժեշտ ատաղձը տայ, միւսն է իսկական ճարտարապետը, որ անշունչ նիւթեղէնին վրայ կը կերտէ ու կը կանգնէ պատմական մշտաբարբառ հրաշազան շէնքը։
...Պատմութիւնը, ինչպէս որ պէտք է հասկնանք, ամենէն առաջ գործողութիւններու շարան է։ Հոգեբանական տեսակէտէ գործը այլ բան չէ, եթէ ո՛չ հասկացողութեան մարմնացում։ Անհատը, առանձինն թէ հաւաքաբար, կը գործէ այն չափով, որչափ կ՚ըմբռնէ։ Կարելի է համարձակ ըսել, որ ազգերու հասունութեան աստիճանը, անոնց տեսութեան հորիզոնները շատ անգամ կը նախորոշեն եւ կը նախագծեն իրենց պատմութեան շրջանակը։ Քաջերուն սահմանը զէնքը չէ՛ միայն, ինչպէս ըսուած է, այլ՝ ա՛յն հոգեկան մղումը, որ կը տանի դէպի զէնք։
...Դժբախտաբար, հուրն ու սուրը, որ հանապազ աւերի դարձուցած են մեր երկիրը, չեն խնայած նաեւ մեր ներքին աշխարհը։ Իսկ այս կարգի քայքայումը նուազ աղէտալի չէ, քան նիւթական փլատակները։ Հետեւիլ մեր աշխարհատեսական ուղիին, պարզել անոր հարազատ եւ խորթ ոլորտները եւ կամ վերականգնել անոր այնքան անգամ կտրտուած թելը, անկարելի գործ է։ Այն սարսափները, որոնք տեղալով տեղացած են մեր երկրին վրայ, ահաւոր են եւ անով, որ խորտակած են ամբողջ աշխարհայեացքներ, չքացուցած են ապրած անցեալի կրած փորձառութեան թանկարժէք եւ աննիւթ հարստութիւնը։
Պէտք է զարմանալ, որ հայ յիշողութիւնը, հակառակ բոլոր աննպաստ պայմաններուն, տակաւին կարողութիւնը ունեցած է պահելու դարերու մտաւոր եւ նիւթական աւերուածի փոշիին մէջ այնպիսի շողշողուն մարգարիտներ, որոնք մեզ կը տանին դէպի մարդկութեան ամենահին պաշտամունքներու տաճարները»։
Պատմութիւնը, արդարեւ, գործողութիւններու շարան է: Այս արտայայտութիւնը բաւարար է ջրելու գործող իշխանութիւններուն «իրական Հայաստան»ի կեղծ գաղափարախօսութիւնը, որովհետեւ եթէ պատմութիւնը գործողութիւններու շարան է, այդ շարանը ինքնին կը պահանջէ յաջորդականութիւն, շարունակականութիւն՝ անցեալէն սկսող, մինչեւ ներկայ երկարող եւ դէպի ապագայ ընթացող։
Մեր նման որեւէ մէկ ժողովուրդ կամ ազգ փոքրաթիւ եւ աշխարհագրութեամբ փոքրածաւալ, մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն, չի՛ կրնար իր պատմութիւնը շարունակել կերտել, առանց արտաքին գործօններու: Իրողութիւն մը, որ այսօրուան իշխանութիւնները յաճախ կը փորձեն սեւեռուիլ անոր վրայ, փորձելով արտաքին գործօնը բացարձակ իրողութիւն որպէս ներկայացնել: Ադոնցի այս տողը կու գայ նաեւ այս կեղծիքն ալ ջրելու. որքան կարեւոր համարուին պատմութեան արտաքին այսպէս կոչուած նիւթական գործօնները, անկարելի է ունենալ ներքին կամ հոգեւոր ազդակներու արժէքը. այսինքն, արտաքին պայմանները որքան ալ ազդեցիկ ըլլան, անոնք երբեք չեն կրնար փոխարինել ժողովուրդի ներքին նկարագիրը, ազգային յիշողութիւնը, մշակոյթը եւ ինքնագիտակցութիւնը։ Առանց այդ ներքին հիմքերուն՝ արտաքին պայմանները դատարկ շրջանակներ կը դառնան։
Ահա՛, թէ ինչու պատմութիւնը երբեք չի՛ կրնար սկսիլ այսօրուընէ։ Պատմութիւնը չի՛ գրուիր զերոյական կէտէ։ Որեւէ ազգ, որ կը փորձէ իր ներկան կտրել անցեալէն, այդպիսով ինքզինք կը խզէ նաեւ իր ապագայէն։ Երբ իշխանութիւնը կը փորձէ համոզել, թէ նախորդ դարերու փորձառութիւնը, ազգային պայքարները, կորուստներն ու նուաճումները այլեւս նշանակութիւն չունին, ան փաստօրէն կը փորձէ խզել պատմական յիշողութեան շղթան։ Բայց, պատմութիւնը կամայական ընտրանի մը չէ, ուր հաճելի էջերը կը պահենք, իսկ ոչ-հաճելիները մէկ կողմ կը դնենք։ Պատմութիւնը մէկ ամբողջութիւն է իր անցեալով, ներկայով եւ գալիք ապագայով:
Հայ ժողովուրդի պարագային այս ճշմարտութիւնը աւելի ակնյայտ է։ Մենք հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ ենք, որ իր գոյութիւնը պահպանած է ո՛չ թէ նիւթական առաւելութիւններով, այլ նախ եւ առաջ հոգեւոր եւ ազգային արժէքներով։ Երբ պետականութիւն չունէինք, պատմութիւն ունէինք։ Երբ բանակ չունէինք, յիշողութիւն ունէինք։ Երբ հայրենիքի մեծ մասը կորսնցուցած էինք, տակաւին ունէինք լեզու, եկեղեցի, աւանդութիւն եւ ազգային գիտակցութիւն։ Ահա այս ներքին ուժն է, որ մեզ պահած է դարերու ընթացքին։ Հետեւաբար, երբ այսօր կը ներկայացուի այն միտքը, թէ ժողովուրդը պէտք է հրաժարի իր պատմական յիշողութեան զգալի բաժինէն, որպէսզի «իրական» դառնայ, այդ առաջարկը ո՛չ թէ իրապաշտութիւն է, այլ ինքնամերժում։ Որովհետեւ, իրականութիւնը չի՛ կառուցուիր մոռացութեան վրայ։ Իրականութիւնը կը կառուցուի ճշմարտութեան վրայ, իսկ ճշմարտութիւնը կը ներառէ ամբողջ պատմական փորձառութիւնը։
Ադոնցի այն միտքը, թէ «գործը հասկացողութեան մարմնացում է», առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի ներկայ պայմաններուն մէջ։ Իշխանութիւնները կ՚ընեն այն, ինչ որ կը մտածեն, իսկ ժողովուրդները կ՚ընթանան այն ուղղութեամբ, որ իրենց աշխարհայեացքը կը թելադրէ։ Երբ քաղաքական մտածողութեան հիմքին մէջ կը դրուի հրաժարումը, բնական է, որ անոր արդիւնքը եւս հրաժարում ըլլայ։ Երբ հիմքին մէջ կը դրուի ազգային կամքի նահանջը, ապա պետական քաղաքականութիւնն ալ այդ նահանջին արտայայտութիւնը կը դառնայ։
Ուստի, այսօր տեղի ունեցող շատ մը գործընթացներ պատահական չեն։ Անոնք որոշ մտածողութեան արդիւնք են։ Երբ կը լսենք, թէ պատմական Հայաստան հասկացողութիւնը վնասակար է, երբ կը լսենք, թէ ազգային պահանջատիրութիւնը պէտք է մերժուի, երբ կը փորձուի արժեզրկել մեր պատմական պայքարները, պէտք է հասկնանք, որ ասոնք առանձին արտայայտութիւններ չեն, այլ՝ ամբողջական գաղափարախօսութեան մը մասն են, որուն նպատակն է փոխել հայ մարդու պատմական գիտակցութիւնը։
Բայց, պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, որ ազգային գիտակցութիւնը քաղաքական հրահանգներով չի՛ վերնար։ Դարեր շարունակ օտար կայսրութիւններ փորձեցին հայը զրկել իր ինքնութենէն։ Փորձեցին փոխել լեզուն, կրօնքը, մշակոյթը, պատմութիւնը։ Սակայն, հայ ժողովուրդը վերապրեցաւ, որովհետեւ իր ինքնութեան հիմնական կորիզը պահպանեց։ Այդ կորիզը չէր կազմուած միայն նիւթական ուժերէ։ Ան կազմուած էր յիշողութենէ, արժէքներէ, հաւատքէ եւ պատմական շարունակականութեան զգացումէ։
Այս իմաստով, պատմութեան խեղաթիւրումը միայն գիտական կամ ակադեմական խնդիր չէ։ Ան ազգային անվտանգութեան խնդիր է։ Ժողովուրդ մը, որ չի՛ ճանչնար իր անցեալը, դժուար թէ կարողանայ ճիշդ գնահատել իր ներկան։ Իսկ ժողովուրդ մը, որ չի՛ հասկնար իր ներկան, չի՛ կրնար նաեւ ապահովել իր ապագան։ Հետեւաբար, պատմական յիշողութիւնը ազգային գոյութեան հիմնասիւներէն մէկն է։
Ադոնց կը խօսի նաեւ հայ յիշողութեան զարմանալի տոկունութեան մասին։ Իրապէս, մեր պատմութիւնը կարելի է կարդալ ո՛չ միայն որպէս պատերազմներու եւ արհաւիրքներու պատմութիւն, այլեւ որպէս յիշողութեան յաղթանակ։ Անհամար քաղաքներ աւերուեցան, թագաւորութիւններ կործանեցան, մշակութային կեդրոններ ոչնչացան, բայց ժողովուրդը պահեց իր յիշողութիւնը։ Այդ յիշողութիւնը դարձաւ ազգային վերածնունդներու աղբիւրը։
19-րդ դարու ազգային զարթօնքը, Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը, սփիւռքի վերակազմակերպումը, Արցախի շարժումը՝ բոլորը սնանած են նոյն աղբիւրէն։ Անոնք ծնունդ առած են ո՛չ թէ մոռացութենէն, այլ յիշողութենէն։ Ազգերը կը վերականգնին, երբ կը յիշեն, ո՛չ թէ երբ կը մոռնան։ Այստեղ արժէ կարդալ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Սարգիսեանի հետեւեալ միտքը. «Մեր ժողովուրդը կարիք ունի իր պատմութիւնը, իր հաւաքական ինքնակենսագրութիւնը ճիշդ ըմբռնելու։ Պատմական կեանքի համայնական առողջ յիշողութիւնը (mémoire collective) նոր կեանքի ներշնչման աղբիւր է։ Անյիշողութիւնը՝ (amnésie) մահուան նախադուռ, իսկ վառ, սխալ, այլափոխեալ յիշողութիւնը՝ ազգային խաթարման ճանապարհ»:
Այսօր եւս մեր առջեւ կանգնած հիմնական հարցը նոյնն է. պիտի շարունակե՞նք պահպանել պատմական յիշողութիւնը, թէ՞ պիտի ընդունինք պատմական անյիշողութեան քաղաքականութիւնը։ Այս հարցումը պարզ ակադեմական վէճ չէ։ Ան մեր ազգային ապագային վերաբերող հարցում է։
Պատմութիւնը չի՛ կրնար ըլլալ իշխանութեան օրուան քաղաքական շահերուն ծառայող գործիք։ Ան շատ աւելի մեծ արժէք է։ Պատմութիւնը ժողովուրդի հաւաքական փորձառութիւնն է, անոր անցած ճանապարհը, յաղթանակներն ու պարտութիւնները, սխալներն ու ձեռքբերումները։ Անիկա ազգային ինքնաճանաչողութեան հիմնական միջոցն է։
Երբ քաղաքական նպատակներով փորձ կը կատարուի վերաձեւելու եւ երբեմն նոյնիսկ «վերաշարադրելու» պատմութիւնը, առաջին հերթին կը տուժէ ժողովուրդին ինքնաճանաչողութիւնը։ Իսկ ինքնաճանաչողութիւնը կորսնցնող ժողովուրդը դանդաղօրէն կը կորսնցնէ նաեւ իր դիմադրողականութիւնը։ Որովհետեւ, մարդը եւ ազգը կը պաշտպանեն միայն այն, ինչ որ կը սիրեն, իսկ կը սիրեն միայն այն, ինչ որ կը ճանչնան։
Ահա՛, թէ ինչու պատմութեան պաշտպանութիւնը պարզապէս անցեալին կառչած մնալ չէ։ Ընդհակառակը, ան ապագայի պաշտպանութիւնն է։ Որքան խոր արմատներ ունենայ ծառը, այնքան ամուր կը դիմանայ փոթորիկներուն։ Նոյնպէս ալ ազգերը։ Անոնք կը դիմանան արտաքին ճնշումներուն այնքանով, որքանով ամուր կը մնան իրենց պատմական, հոգեւոր եւ մշակութային արմատներուն վրայ։
Նիկողայոս Ադոնցի խօսքերը այսօր կը հնչեն իբրեւ զգուշացում եւ միաժամանակ՝ իբրեւ ուղեցոյց։ Ան կը յիշեցնէ, որ պատմութիւնը միայն արտաքին իրադարձութիւններու շարան չէ, այլ նախ եւ առաջ հոգեւոր ընթացք է։ Ան կը կերտուի գաղափարներով, արժէքներով, աշխարհայեացքով եւ ազգային կամքով ու յիշողութեամբ։ Իսկ երբ այդ կամքը կենդանի է, ժողովուրդը կը շարունակէ իր պատմութիւնը, նոյնիսկ ամենադժուար պայմաններուն մէջ։
Արդարեւ, մեր պարտականութիւնը միայն պահպանել չէ՛ պատմութեան յիշողութիւնը, այլեւ հասկնալ անոր խոր իմաստը, որովհետեւ պատմութիւնը սոսկ անցեալի մասին չէ, անցեալ չէ, այլ՝ ներկայի բացատրութիւնն է եւ ապագայի ուղեցոյցը։ Իսկ ժողովուրդ մը, որ կը հրաժարի իր պատմութենէն, վերջ ի վերջոյ կը հրաժարի նաեւ ինքն իրմէ։ Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ գոյատեւած է այն պատճառով, որ մերժած է այդ հրաժարումը։ Այսօր եւս մեր ազգային գոյութեան ամենակարեւոր երաշխիքներէն մէկը կը մնայ նոյնը՝ հաւատարիմ մնալ մեր պատմական յիշողութեան, մեր ազգային արժէքներուն եւ մեր դարաւոր հոգեւոր ժառանգութեան։
Ահա այստեղ է, որ «իրական Հայաստան»ի կեղծ գաղափարախօսութեան ամբողջ սնանկութիւնը կը բացայայտուի, որովհետեւ պատմութիւնը չի՛ սկսիր այն օրէն, երբ իշխանութեան եկած է այս կամ այն քաղաքական ուժը, ինչպէս նաեւ չի՛ վերջանար այն օրը, երբ տուեալ վարչախումբը իշխանութենէն հեռանայ։ Պատմութիւնը կուսակցական ծրագիր չէ, որ կարելի ըլլայ վերաշարադրել ըստ քաղաքական շահերու։ Անիկա ազգի հաւաքական յիշողութիւնն է, անոր գոյութեան փաստաթուղթը, անոր անցած ճանապարհին կենդանի վկայութիւնը։ Իրողութիւն մը, որմէ զուրկ են թէ՛ գործող իշխանութիւնները եւ թէ ընդդիմադիր հոսանքները, քանի որ բոլորն ալ մէկ նպատակ ունին՝ իրենց շահը, իրենց եսը…:
Այսօր կը փորձեն համոզել մեզ, թէ հայ ժողովուրդը պէտք է հրաժարի իր պատմական տեսլականէն, որովհետեւ այդ տեսլականը իբրեւ թէ վտանգաւոր է։ Կը փորձեն ներկայացնել, թէ ազգային յիշողութիւնը բեռ է, պատմական իրաւունքներու մասին խօսիլը՝ վնասակար, իսկ ազգային իղձերու մասին մտածելը՝ անիրապաշտութիւն։ Սակայն, պատմութեան մէջ ո՛չ մէկ ժողովուրդ իր ապագան կառուցած է ինքնամոռացութեան հիման վրայ։ Ընդհակառակը, բոլոր այն ազգերը, որոնք յաջողած են վերականգնել իրենց պետականութիւնը կամ պաշտպանել իրենց շահերը, նախ պահպանած են իրենց պատմական յիշողութիւնը։
Պահ մը մեր ուշադրութիւնը դարձնենք ուրիշ հին ժողովուրդներու եւ հարցնենք: Արդեօք հրեաները հրաժարեցա՞ն իրենց պատմական յիշողութենէն երկու հազար տարուան ընթացքին։ Արդեօք յոյները մոռցա՞ն իրենց պատմական ժառանգութիւնը օսմանեան տիրապետութեան դարերուն։ Արդեօք լեհերը, որոնց պետութիւնը քարտէսէն ջնջուած էր աւելի քան հարիւր տարի, հրաժարեցա՞ն իրենց ազգային իտէալներէն։ Արդեօք Պաղեստինի ժողովուրդը իր կրած բոլոր չարչարանքներուն ու նեղութիւններուն կողքին, մոռցած կամ հրաժարա՞ծ է իր իրաւունքներէն: Ո՛չ։ Ընդհակառակը, անոնք պահպանած են իրենց յիշողութիւնը եւ այդ յիշողութիւնն է, որ ի վերջոյ վերածուեցաւ ու պիտի վերածուի քաղաքական ուժի։
Մեզի, սակայն, կը քարոզուի հակառակը։ Կը քարոզուի, թէ ազգային յիշողութիւնը պէտք է սահմանափակուի ներկայ հանրապետութեան աշխարհագրական սահմաններով։ Այսինքն՝ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութիւնը պէտք է կրճատուի մինչեւ քանի մը տասնամեակ։ Հայկական քաղաքակրթութեան տարածական եւ ժամանակային ամբողջ հորիզոնը պէտք է սեղմուի վարչական քարտէսի մը սահմաններուն մէջ։ Ասիկա պատմական մտածողութիւն չէ։ Ասիկա պատմութեան աղաւաղում է, պատմական գիտակցութեան անդամահատում։
Ադոնցի խօսքերը ճիշդ այս վտանգին մասին կը զգուշացնեն, երբ ան կը խօսի «աշխարհայեացքներու խորտակման» մասին: Ան միայն անցեալի արհաւիրքները նկատի չունի, որովհետեւ աշխարհայեացքը կարելի է ոչնչացնել նաեւ առանց սուրի եւ հրացանի։ Աշխարհայեացքը կարելի է քանդել կրթական քաղաքականութեամբ, պետական քարոզչութեամբ, մշակութային ապազգայնացումով եւ պատմական արժէքներու հետեւողական արժեզրկումով։ Դիտեցէ՛ք եւ ուսումնասիրեցէք ներկայ իշխանութիւններուն գործելաոճը այս ոլորտներուն մէջ անցնող տարիներու ընթացքին:
Այսօր այդ գործընթացը մեր աչքերուն առջեւ տեղի կ՚ունենայ։ Փորձ կը կատարուի նուազեցնել ազգային պատմութեան նշանակութիւնը, փորձ կը կատարուի կասկածի տակ դնել հերոսական պայքարները, հեգնել ազգային խորհրդանիշները։ Տակաւին, փորձ կը կատարուի արժեզրկել այն դէմքերը, որոնք դարեր շարունակ եղած են հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային դիմագիծի կրողները։
Պատահակա՞ն է, որ այս ամէնը տեղի կ՚ունենայ այն ժամանակ, երբ Հայաստանը կորսնցուց Արցախի մեծագոյն ազգային նուաճումը։ Պատահակա՞ն է, որ պատմական յիշողութեան դէմ պայքարը կը զուգադիպի ազգային իրաւունքներու նահանջին։ Պատահակա՞ն է, որ պատմութեան վերանայման կոչերը կը հնչեն այն ժամանակ, երբ պետական քաղաքականութիւնը մէկ առ մէկ կը հրաժարի ազգային օրակարգի հիմնարար կէտերէն։
Բնականաբար՝ ոչ։
Գաղափարախօսութիւնը միշտ ալ քաղաքականութեան նախակարապետը եղած է։ Նախ կը փոխեն բառերը, ապա՝ մտածողութիւնը եւ ի վերջոյ՝ իրականութիւնը։ Նախ կը յայտարարեն, թէ պատմական հայրենիքը վտանգաւոր գաղափար է, ապա կը համոզեն, թէ ազգային պահանջատիրութիւնը անհարկի է, իսկ վերջապէս կը փորձեն հասարակութիւնը հաշտեցնել հերթական զիջումներուն հետ։
Այս պատճառով «իրական Հայաստան»ի կեղծ գաղափարախօսութիւնը պէտք է դիտարկել ո՛չ թէ իբրեւ պարզ տեսութիւն, այլ՝ իբրեւ քաղաքական ծրագիր։ Անիկա նպատակ ունի ստեղծելու նոր տեսակի հայ մարդ մը՝ կտրուած իր պատմութենէն, անտարբեր իր ազգային ժառանգութեան հանդէպ, սահմանափակուած ներկայ պահու շահերով եւ զրկուած պատմական հեռանկար ունենալու կարողութենէն։
Բայց ժողովուրդները չեն ապրիր միայն ներկայով։ Մարդը եւս չի՛ սահմանուիր իր այսօրով միայն։ Ան ունի յիշողութիւն, ինքնութիւն եւ տեսլական։ Նոյնն է նաեւ ազգերու պարագան։ Ազգ մը, որ կը հրաժարի իր պատմական խորքէն, կը վերածուի բնակչութեան։ Ազգ մը, որ կը մոռնայ իր յիշողութիւնը, կը վերածուի վարչական միաւորի։ Իսկ պետութիւնը, որ կորսնցուցած է իր ազգային բովանդակութիւնը, ի վերջոյ կը վերածուի պարզ վարչական կառոյցի մը։
Հայոց պատմութիւնը հակառակը սորվեցուցած է մեզի։ Մեր գոյութեան հիմքը երբեք միայն պետականութիւնը չէ եղած։ Մեր գոյութեան հիմքը եղած է ազգային գաղափարը։ Այդ գաղափարը գոյատեւած է պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ, կայսրութիւններու տիրապետութեան տակ, ցեղասպանութենէն ետք եւ հայրենազրկումի պայմաններուն մէջ։ Ուստի, այսօր ալ պետականութիւնը կրնայ ամուր մնալ միայն այն պարագային, երբ հիմնուած է ազգային գաղափարի վրայ։
Պէտք է նաեւ հասկնալ, որ պատմութեան խեղաթիւրումը միայն անցեալի նկատմամբ անարդարութիւն չէ։ Ան ապագայի նկատմամբ յանցանք է։ Որովհետեւ ամէն սերունդ իր նախորդներէն կը ժառանգէ ո՛չ միայն հող եւ շինութիւններ, այլ նաեւ յիշողութիւն եւ արժէքներ։ Երբ այդ յիշողութիւնը խեղաթիւրուի, ապագայ սերունդները կը զրկուին իրենց ինքնութիւնը հասկնալու հնարաւորութենէն։
Այսօր դպրոցականին կը ներկայացուի պատմութիւն մը, որուն մէջ ազգային պայքարը երկրորդական է, հայրենիքի գաղափարը՝ կասկածելի, իսկ ազգային նպատակները՝ անիրական։ Բայց պատմութիւնը կը վկայէ, որ մեծ գործերը միշտ սկսած են «անիրական» թուացող նպատակներէ։ Եթէ մեր նախնիները առաջնորդուէին միայն նեղ իրապաշտութեամբ, հայ ժողովուրդը վաղուց անհետացած պիտի ըլլար պատմութեան բեմէն։
Վարդանանց ճակատամարտը «իրապաշտ» չէր: Սարդարապատը «իրապաշտ» չէր։ Արցախի ազատագրական շարժումը «իրապաշտ» չէր։ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը «իրապաշտ» չէր։ Սակայն, այդ բոլորը իրականութիւն դարձան, որովհետեւ մեր ժողովուրդի զաւակները ունեցած են ազգային կամք եւ պատմական տեսլական։
Ադոնցի միտքերը մեզի կը յիշեցնեն նաեւ այլ կարեւոր ճշմարտութիւն մը. ազգերու ճակատագիրը վերջնականապէս կ՚որոշուի անոնց հոգեւոր վիճակով։ Երբ ժողովուրդ մը կը հաւատայ իր ուժին, նոյնիսկ պարտութիւններէ ետք կը վերականգնուի։ Երբ ժողովուրդ մը կը կորսնցնէ իր հաւատքը, նոյնիսկ յաղթանակները չեն փրկեր զայն։
Այսօր հայ ժողովուրդին առջեւ կանգնած ամենամեծ մարտահրաւէրը թերեւս ռազմական կամ տնտեսական չէ։ Ամենամեծ մարտահրաւէրը հոգեւոր եւ գաղափարական է։ Պայքարը մեր յիշողութեան համար է, մեր ինքնութեան համար է, մեր պատմական շարունակականութեան համար է։ Ուստի, պատմութեան պաշտպանութիւնը անցեալի հանդէպ հայրենատենչութիւն չէ։ Ան ազգային ինքնապաշտպանութիւն է։ Ան գոյապայքարի ձեւ մըն է։ Որովհետեւ ազգ մը կրնայ ժամանակաւորապէս կորսնցնել տարածքներ, կրնայ պարտութիւններ կրել, կրնայ տնտեսական դժուարութիւններու հանդիպիլ, սակայն, եթէ պահպանէ իր յիշողութիւնը եւ իր ազգային գիտակցութիւնը, ան միշտ վերածնունդի հնարաւորութիւն կ՚ունենայ։ Իսկ երբ այդ յիշողութիւնը կորսնցնէ, նոյնիսկ ամենաբարենպաստ պայմանները չեն կրնար փրկել զայն։
Հետեւաբար, այսօրուան հիմնական հարցադրումը պարզ է. պիտի շարունակե՞նք ըլլալ պատմութիւն կերտող ժողովուրդ, թէ՞ պիտի համաձայնինք դառնալ պատմութենէ հրաժարած հասարակութիւն։ Պիտի շարունակե՞նք մեզ տեսնել իբրեւ հազարամեայ քաղաքակրթութեան ժառանգորդներ, թէ՞ պիտի ընդունինք, որ մեր ազգային հորիզոնը սահմանափակուի օրուան քաղաքական շահերով, մեր ստամոքսներու ընդարձակումով, «հպարտ քաղաքացի»ի ինքնախաբէութեամբ եւ «իրական Հայաստան»ի կեղծ գաղափարախօսութեամբ։
Այս հարցումներուն պատասխանը պիտի որոշէ ո՛չ միայն մեր վերաբերմունքը անցեալին, այլեւ մեր ճակատագիրը ապագային նկատմամբ։ Որովհետեւ, ինչպէս Ադոնց կը յիշեցնէ, պատմութիւնը գործողութիւններու շարան է, իսկ գործողութիւնները ծնունդ կ՚առնեն գաղափարներէն։ Եթէ գաղափարները առողջ են, ազգը կը վերականգնուի։ Եթէ գաղափարները խեղաթիւրուած են, ապա նոյն խեղաթիւրումը անխուսափելիօրէն կը փոխանցուի քաղաքականութեան, պետականութեան եւ ազգային կեանքին։
Ահա, թէ ինչու պատմութեան վերաբերեալ այսօր պէտք է ընթանայ պայքար մը, որ խորքին մէջ ըլլայ պայքար Հայաստանի վաղուան՝ ապագային համար։ Ըլլայ պայքար ո՛չ միայն այն հարցին շուրջ, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանենք մեր անցեալը, այլեւ այն հարցին շուրջ, թէ ի՞նչ ազգ պիտի ըլլանք վաղը եւ ի՞նչ Հայաստան պիտի ձգենք յաջորդ սերունդներուն։
Մտածենք այս մասին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
6 յուլիս 2026, Վաղարշապատ