ԱՆԲԱՑԱՏՐԵԼԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աւանդական շուքով նշեց Պայծառակերպութեան տօնը։ Վարդավառի առթիւ Երեւանի մէջ ստեղծուեցաւ անբացատրելիօրէն խանդավառ մթնոլորտ մը։ Մայրաքաղաքի հրապարակներուն վրայ հազարաւորներ համախմբուեցան՝ նշելու համար Վարդավառը։ Ջրցան մեքենաները ժողովուրդին վրայ ջուր արձակեցին, մինչ ստեղծուած բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ բիւեղացաւ, որ հայկական աւանդութիւնները այսօր ալ կը պահեն իրենց ուժը եւ միշտ կրնան ոգեւորել լայն զանգուածները։ Երիտասարդները եւ, ընդհանրապէս, նոր սերունդի ներկայացուցիչները Երեւանէն հասած դրուագներուն մէջ առանձնացան՝ ոգեւորութեան գագաթնակէտին վրայ նկարահանուած պահերով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2026