ՄԵՌԵԼՈՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ
Ամէն տաղաւար տօնի կը յաջորդէ մեռեալներու յիշատակութիւն՝ մասնակից ընելու համար անոնք եւս տաղաւարի ուրախութեան։ Բնական է ասիկա, քանի որ մահը մարմնին բաժանումն է հոգիէն եւ թէ հոգին միշտ կ՚ապրի եւ անմա՛հ է։
Արդարեւ, ինչպէս յաճախ կը յիշենք, ըստ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի «մահը՝ մարմին առանց հոգիի» է, որուն առաջին տառերը «մահ» բառը կը կազմեն։ Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառաւ, հանգուցեալներն ալ իրաւունք ունին տօնական ուրախութիւններուն հոգեպէս մասնակցելու եւ վայելելու։
Քրիստոնէութիւնը գաղափարային կրօն մըն է եւ այդ գաղափարի պաշտպանութեան եւ պահպանութեան համար ամէն քրիստոնեայ կը պայքարի՝ կը զոհէ եւ կը զոհուի դարերէ ի վեր։ Կրօնը քրիստոնեային համար խղճի խնդիր մը չէ՛, այլ՝ գիտակցութեան, խորին համոզումի, իմաստութեան, ամուր հաւատքի, հոգեւոր գոյապահպանման եւ գոյատեւման հարց մը։ Պայծառակերպութեան տօնին յաջորդող օրը այս գաղափարին բնական մէկ արդիւնքն է ահաւասիկ։
Պայծառակերպութեան տօնի խորհուրդներուն հանդէպ՝ քրիստոնեաներու եղբայրացումը պիտի ըլլայ իր կարգին մեծ եւ սքանչելի՜ խորհուրդ մը, որ կը տեսնուի, թէ պիտի վերլուծուէր եւ պիտի արտայայտուէր մաքուր սիրով, անկեղծ գործունէութեամբ եւ բարոյական մեծ եւ թանկ արժէքով։
Եւ մարմնով մեզմէ բաժնուած, բայց, հոգեպէս միշտ կենդանի հոգիներ իրաւունք ունին վայելելու այս արժէքը։
Քրիստոնեան, քրիստոնէական մաքուր ջերմեռանդութեամբ դարերէ ի վեր կը տօնէ Պայծառակերպութեան տօնը եւ տօներ բազմաթիւ, կ՚երգէ Արդարութեան, Փրկութեան, Ճշմարտութեան, Իմաստութեան եւ Սիրոյ յաղթանակը՝ իր հոգեւոր, իր կրօնական կեանքին մէջ, եւ այդ տօնախմբութիւններու ընթացքին ողջ եւ զօրեղ գիտակցութեամբ՝ կեանքի անխուսափելի նեղութիւններու եւ դառնութիւններու մէջ միշտ սիրով եւ համբերութեամբ տարաւ կեանքը՝ ընդունելով, թէ հոգին անմահ է եւ միշտ կը մնայ անփոփո՛խ։
Ուստի, քանի որ հոգին անմահ է, ապա ուրեմն հանգուցեալներուն հոգիներն ալ պէտք է մասնակից ըլլան մահկանացուներու ամէն ուրախութեան եւ խանդավառութեան։ Ասիկա որքան հանգուցեալ հոգիներու իրաւունքը, նո՛յնչափ ալ ապրողներու պարտականութի՛ւնն է։
Արդարեւ, Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի կ՚ըսէ, թէ մահը եղաւ Ադամի՝ պտուղի ճաշակումէն։ Եւ «ճաշակել»ը՝ յօժար կամքով մեռնիլը կը մատնանշէ։ «Ճաշակել»ը չափաւոր մա՛հն է, որովհետեւ Յիսուս մահուան մէջ ե՛ւ մեռած էր, ե՛ւ կենդանի՛։ Մարմինը մեռած էր ըստ հոգիի բաժանման եւ նոյն մարմինը կենդանի էր անբաժանելի Աստուածութեամբ։ Սողոմոն Երգ Երգոցին մէջ կը վկայէ. «Ես կը ննջեմ, եւ իմ սիրտս արթուն է». (ԵՐԳ. Ե 2)։ Այսինքն՝ Աստուածութիւնը մարմնի մէջ գերեզմանի մէջ է եւ հոգիի մէջ՝ դժոխքը։
Մահը երեք մասի կը բաժնուի՝ բնութեամբ, կամքով եւ ներգործութեամբ։ Բնութեամբ կը մեռնի մարդ, ներգործութեամբ՝ Ադամը, կամքով՝ Քրիստոսը։
Քրիստոս մեռաւ՝ որովհետեւ Աստուած մարդասէր է, ասիկա կը յայտնուի՝ յայտնի կը դառնայ Հայր Աստուծոյ անհուն սիրով, որ իր Որդին մարդոց համար մահուան ենթարկեց, ըստ այն խօսքի, որ կը վկայէ Աւետարանը. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ Միածին Որդին ուղարկեց». (ՅՈՎՀ. Գ 16)։
Յիսուս մեռաւ, որպէսզի Անոր հնազանդութիւնը օրինակ ըլլայ ամբողջ մարդկութեան։ Ուստի, Պօղոս առաքեալ կը վկայէ այս ճշմարտութեան, երբ կը գրէ Փիլիպպեցիներուն. «Իր անձը խոնարհեցուց՝ հնազանդ ըլլալ մահուան չափ եւ խաչի մահուան». (ՓԻԼԻՊ. Բ 8)։ Եւ դարձեալ, Յիսուս մեռաւ, որովհետեւ Աստուած Ադամին ըսաւ. «Մահուամբ պիտի մեռնիս». (ԾՆՆԴ. Բ 17)։
Սա կը նշանակէ՝ որ մարմնով մեռաւ եւ հոգիով տանջուեցաւ։
Եւ ոչ ոք կարող էր ազատիլ դժոխքէն, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ Հռովմէացիներուն գրած նամակին մէջ. «Մահը թագաւորեց մինչեւ Մովսէս, նաեւ չմեղանչողներու համար». (ՀՌՈՎՄ. Ե 14). եկաւ Քրիստոս եւ եղաւ Ադամի որդի եւ մեռաւ մարմնով եւ հոգիով դժոխք իջաւ եւ ազատեց զայն։
Քրիստոս մեռաւ եւ մահուամբ մահը մեռցուց եւ մարդը կենդանացուց, քանի որ Քրիստոսի մահը մահուան համար մահ եղաւ եւ մեռեալներուն՝ կենդանութի՛ւն։ Դժոխք իջաւ եւ ազատեց հոգիները՝ մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ մեզի ալ յարութիւն շնորհնեց։
Քրիստոս մեռաւ, որպէսզի մարգարէներու խօսքերը կատարուին եւ իրականանան. «որովհետեւ պատշաճ չէ՛ր գրուածին եղծումը», ինչպէս կը գրէ Պօղոս առաքեալ. (ՀՌՈՎՄ. Ժ 35)։ Եւ քանի որ մարգարէները սկիզբէն իսկ ըսին, եւ Քրիստոս բոլոր գրուածները կատարեց. մէկը՝ ըսաւ Կոյսէն ծնուելու մասին, միւսը՝ խաչի մասին, միւսը՝ թաղման, յարութեան, համբարձման եւ Երկրորդ Գալստեան մասին… եւ բոլորն ալ իրականացաւ։
Իր նախածանօթ գիտութեամբ Աստուած սահմանեց մարդկութեան փրկութիւնը՝ որ պէտք էր կատարուէր Քրիստոսի մահուան շնորհքով, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ Հռովմէացիներուն. «Աստուծոյ Որդիին կողմէ սահմանուած». (ՀՌՈՎՄ. Ա 4)։ Եւ Ի՛նք Աւետարանի մէջ կ՚ըսէ. «Մարդու Որդին պիտի մեռնի, ինչպէս գրուած է Իր մասին Սուրբ Գիրքերուն մէջ…». (ՄԱՏԹ. ԻԶ 24)։ Եւ ո՛չ միայն այս, այլեւ բոլոր սուրբերը ընտրեց նախքան աշխարհի ստեղծումը, եւ յետոյ մարդիկ կը ծնին եւ ըստ այդ ընտրութեան։
Այսպէս ալ՝ Քրիստոսի միջոցով մեր փրկութիւնը եղաւ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կը գրէ Եփեսացիներուն. «Որը ընտրեց մեզ նախքան աշխարհի ըլլալը». (ԵՓԵՍ. Ա 4)։
Յիսուս մեռաւ մէկ անգամ։
Ան մեռաւ մէ՛կ անգամ, որովհետեւ մարդկային ցեղին կատարեալ փրկութիւնը կատարեց, եւ այդ պատճառով երկրորդ անգամ չմեռաւ։ Եւ քանի որ Ան մահուամբ մահուան յաղթեց եւ մեզի յարութիւն պարգեւեց։ Եւ որովհետեւ բովանդակ մեղքը եւ դատապարտութիւնը Խաչի վրայ հանեց եւ մէ՛կ անգամ եւ մեզ այլեւս արդարացուց։
Յիսուս մէկ անգամ մեռաւ, քանի որ մարդ մէ՛կ անգամ կը մեռնի, եւ անկէ յետոյ դատաստան կայ եւ այսպէս ալ մեր Տէրը մէկ անգամ մեռաւ եւ անկէ յետոյ պիտի գայ դատելու։ Որովհետեւ Ի՛նքն է Քահանան, Պատարագը եւ Ընդունողը, այդ պատճառով ալ մէկ անգամ պատարագեց եւ այս իմաստով մէկ օր կը պատարագուի եւ ո՛չ աւելի։
Յիսուս Խաչով մեռաւ, որովհետեւ Խաչը աւելի կը հակադրուի Ադամի մեղքին, քանի որ ինչպէս Ադամը ոտքով գնաց եւ ձեռքը երկարեց ծառին, կերաւ պտուղը եւ եղծեց մարդկային ցեղը, այնպէս ալ մեր Տէրը ոտքով գնաց դէպի Խաչը, ձեռքը բեւեռեց փայտի վրայ եւ լեղի ճաշակեց եւ այսպէս փրկեց մարդկութիւնը։
Խաչի մահը անարգ էր, ինչպէս Օրէնքին մէջ կ՚ըսուի. «Անիծեալ է իւրաքանչիւր ոք, որ կախուած է փայտէն». (Բ ՕՐ. ԻԱ 23)։ Այս պատճառով ալ Քրիստոս կախուեցաւ փայտէն, վերցուց մեր մեղքերը եւ օրհնեց մեզ։
Իսահակի խոյրը կախուեցաւ Սաբեկի ծառէն՝ որ երկճիւղ էր, ինչ որ օրինակ էր Քրիստոսի ճշմարիտ Խաչին։
Ոսկեբերան կ՚ըսէ. «Քրիստոս այն պատճառով Խաչ բարձրացաւ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ Իր մահը ճանապարհ է դէպի երկնքի արքայութիւն, ինչպէս Յակոբ տեսաւ սանդուխը՝ որուն գլուխը երկինք կը հասնէր, եւ Տէրը հաստատուած էր անոր վրայ…»։
(Գրիգոր Տաթեւացի. «ՈՍԿԵՓՈՐԻԿ»)
Սիրելի՜ բարեկամներ, կեանքը, կեանքին իմաստը, կեանքին պատճառը հասկնալու եւ կեանքի խորհուրդին կարենալ թափանցելու համար յաճախ պէտք է յիշել մահը, եւ խորհիլ, խորհրդածել մահկանացուներու մասին եւ վայելել անոնց հոգեւոր ներկայութիւնը։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 11, 2026, Իսթանպուլ