ԾԱՂԻԿ ԵՒ ԿԵԱՆՔ
Ճերմակ թուղթին վրայ գծուած մե՜ծ կլորին մէջ տեղաւորուած հարիւրաւոր շերտերէն վերջինին ներկելը վերջացուցի: Կլորին մէջ կլորներ, եռանկիւններ, ծուռումուռ քառակուսիներ, մեծ ու փոքր կամարներ՝ ի՛նչ ըսես կար: Թուղթը ձեռքս բռնեցի, հեռացուցի եւ դիտեցի. գեղեցիկ էր: Ամրան առանց վազվզուքի «հանդարտ» ժամանակս օգտագործելով որոշած էի շատոնց սկսած «մանտալա»ս վերջացնել:
Անջատումի, հանդարտութեան, երբեմն հոգեմտաւոր բուժումի հանրածանօթ ձեւ ու միջոց է «մանտալա»ն. տարբեր-տարբեր թեմաներով գծուած բազմաշերտ խիտ կլոր մը, որուն մէջ աշխարհի բոլոր երկրաչափական եւ ոչ-երկրաչափական ձեւերը կարելի է գտնել: Չթաքցնեմ. չեմ խորացած, իսկութեան մէջ, ձեւերու բազմազանութեան, իւրաքանչիւրին իմաստին ու նշանակութեան մէջ, քանի որ զիս գրաւողը այդ քանի մը վայրկեաններու անջատումն է շուրջի աշխարհէս…
Կը գոցուին դռները երբեմն, գիտէ՛ք, այդպիսի պահերուն նոյնիսկ ի՛մ պատրաստած երաժշտական ցանկս կրնայ չօգնել, համացանցի հնարները, նկարները, հի՜ն երգերը… անօգո՛ւտ. վրայ կը հասնի մանտալայի տետրակս, սկսած ու դեռ չվերջացուցած բազում ձեւերէս մէկը կը բանամ, կեանքին հետզհետէ սրբած գոյները թերեւս հոս, թուղթին վրայ կը փորձեմ ետ բերել՝ կը մտածեմ, փայտէ ներկերս կը տաշեմ ու կը ներկեմ:
Չեն բացուիր վերի գոց դռները, չյուսադրուիք. ես անոնց գոցուելու հնարաւորութիւնը աւելի խաղաղօրէն կ՚ընդունիմ եւ բաց դռները կրնամ տեսնել:
Համաչափութիւն, շիփ-շիտակ, անշեղ գիծեր, ճշգրտութիւն, ներդաշնակութիւն, գոյն, երանգ եւ գեղեցկութիւն… իրական կեանքին բոլոր չտուածները կամ դժուարաւ տուածները կային վերջացուցած թուղթիս մէջ, որուն վերջին անգամ նայեցայ եւ առանց վարանելու պատռեցի զայն:
-Ինչո՞ւ պատռեցիր, մօտս նստած էր տղաս:
Առաջին անգամը չէր, որ կը պատռէի ներկած ձեւս, բայց այդ գործողութեան իր առաջին ականատես ըլլալն էր փաստօրէն:
-Ինչո՞ւ պահեմ, տղա՛ս: Ներկեցի, վերջացաւ:
-Ինչքա՜ն ատենէ կը ներկեսկոր…
Ժամանա՞կն էր արժէքաւորը տասներեք տղուս համար, իմ թափած ջա՞նքս, թէ՞ երկուքը՝ ճի՛շդ չկրցայ հասկնալ:
-Ամէն ինչ պէտք չէ՛ պահել. ընելը պահելէն կարեւոր է, ըսի:
Չզալացաւ, այսօրուան չեմ գիտեր որ «ճեներէյշըն»ին պատկանող տղաս եւ բաներ մը հարցուց «անսխալական» իր ուղեցոյցին՝ AI-ին…
Ե՞ւ… սխալած չելաւ տղուս «հնաոճ մաման»:
«Բուժումի համար օգտագործողները կը պահեն, քանի որ սահած ժամանակի ընթացքին փոխուող ձեւերուն, ոճերուն ու գոյներուն հետ ի յայտ կու գայ «մանտալա»ն գծողին կամ ներկողին հոգեւոր աճն ու յառաջընթացը… մնացածները՝ քեզի պէս անջատուելու համար գործածողները, աւելի ճիշդ է, որ թափեն», աչքերը գետնէն չբարձրացնելով կարդաց տղաս:
-Հիմա positive vibes (դրական ալիքներ) դուրս հանեցիր դուն, պատռուած թուղթը ցոյց տալով եզրափակեց ան:
Օօ՜, արհեստական բանականութիւն, AI, Gemini, Chat GPT եւ դեռ հնարուելիք մեր գործընկերներ, վստահելի մեր ուսուցիչներ, անհերքելի փաստ ու վկաներ… ինչպէ՞ս ապրեցանք «մենք» առանց ձեզի…
Պատռտուած «մանտալա»ս խաղաղօրէն թափած պահուս ակամայ Ճաբոնի կեռասենիները յիշեցի. անոնք ալ նշանաւոր աւանդոյթ մը ունին կապուած «անցողիկ գեղեցկութեան» հետ: Գարնան հետ բացուող հրաշագեղ կեռասենիներուն տակ կը հաւաքուին ճաբոնցիները՝ մէկ կամ առաւելագոյնը երկու շաբաթ տարուան մէջ. ժամանակաւորապէս ծաղկող այդ կեռասենիներուն տակ առտու, գիշեր միասին կը նստին, կը դիտեն, կ՚ուտեն, կը խմեն, կը զրուցեն, կը գծեն, կը կարդան… մէկ խօսքով՝ գիտակցաբար կը վայելեն հաճոյք մը, որ ո«չ թէ կրնա՛յ անհետանալ, այլ՝ պիտի՛ անհետանայ անպայման:
Այդ ծառերուն տակ պիտի հաւաքուէի՞ն մարդիկ, եթէ տարուան բոլոր եղանակներուն բացուէին այդ ծաղիկները:
Եղանակաւոր մեր կեանքին իրական պատկերը չե՞ն կարճ ժամանակով ծաղկող ու շուտ թափող այս ծաղիկները:
Կարճ ու անցողիկ, ուրեմն՝ արժէքաւոր:
Կեանքի հաճոյքներէն ո՞ր մէկը յաւերժ է. կը հարցնեմ:
Ո՛չ մէկը՝ աներկմիտ:
Այսքան կարճ մեր կեանքերուն մէջ ինչո՞ւ ամէն ինչ պահելով այսքան տարուած ենք այլեւս. հազար հատ նկար, նկարնե՜ր, նամակներ, վիտէոներ, հագուստներ, պտոյտներ ու քաղաքներ…
Ինչո՞ւ բան մը ընելէն, էապէս, խորապէս ընելէն, ընելու այդ պահը ապրելէն ու հասկնալէն աւելի տարուած ենք այդ պահը կորսնցնելու վախով ու զայն «իրբ թէ» չկորսնցնելու համար տեղ մը արձանագրելու, կարծես՝ յաւերժացնելու մտահոգութեամբ:
Հարսանիքի գացողը հարսանիքը դեռ չվերջացած իր նկարները կը դնէ ու նկարին տակ մարդոց գրածներով կ՚արժեւորէ իր ապրածը: Նոյնը հանդէսի, համերգի, պտոյտի գացողն է, ծովափին ու ճաշարանի մը մէջ նստողը, ըստ իրեն «զարմանալի» բան մը ուտողն ու «մեր» չճանչցաճ հիւթերը խմողը…
Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կորսնցուցինք կեանքի գեղեցիկ պահերը ի՛սկապէս ապրելու մեր ունակութիւնը, թէ՞ միշտ ալ չենք ունեցած զայն ու այդ սնանկութեան ակնբախ ըլլա՛լն է, որ այսօր կ՚ապրինք պարզապէս…
Ինչո՞ւ կարիք կը զգանք ամէն գեղեցկութեան տիրանալու:
Գեղեցկութիւնը ապրիլն ու ըմբոշխնե՞լն է էականը, թէ՞ զայն պահելը:
Խորհուրդ մը ըլլալու չէ՞ որոշ գեղեցկութիւններու պարզապէս ապրելուն ու համերաշխօրէն անոնց անցնելուն թոյլ տալուն մէջ:
Մեր երիտասարդութիւնը, մեր սէրերը, մեր յաջողութիւնները, մեր ուրախութիւնները, ինչո՞ւ կը զօրենք կեանքին մեզի ընծայած գեղեցկութիւնները արհեստականօրէն հոսկէ-հոնկէ քաշքշել ու երկնցնել… երաշխիքներ կը պահանջենք այլեւս, կարծես, բայց արդեօք այդպիսի՞ն է կեանքը:
Ամէն ինչ կ՚ըսեն, իսկութեան մէջ, քանի մը օր ծաղկող ու առանց աւելորդաբանութեան, լուռ ու անաղմուկ թափող կեռասենիները. կ՚ըսեն, այո՛, բայց՝ սրտով լսողին:
Հաշուըւած վայրկեաններուն քանակին մէ՞ջ է իսկական գեղեցկութիւն մը, թէ՞ անոր ձգած անջնջելի հետքին ու անմոռաց տպաւորութեան:
Տարին քանի մը օր ծաղկող կեռասենիներէն դաս մը կրնա՞նք առնել:
Ի՞նչը ի՛սկապէս մերն է որեւէ վայրկեան մահուան թուրով կտրուելիք մեր կեանքին մէջ:
Կրնա՞նք ընդունիլ կեանքը՝ անապահով, անկայուն, կարճ, երկար, ուրախ եւ տխուր…
Կրնա՞նք ծառին տակ նստիլ ու գիտակցաբար վայելել գեղեցկութիւն մը, որ շուտով պիտի անհետանայ…
Թափուելիք ծաղիկներուն, կեանքին, ըսածները կրնա՞նք լսել:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ