ՀԱՅ ԳԻՒՏԱՐԱՐՆԵՐ, ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ ԵՒ ԱՅԼ ԱՆՈՒԱՆԻՆԵՐ՝ ԸՍՏ ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ
Մեծանուն լեզուաբան ու հայագէտ Հրաչեայ Աճառեանի «Հայ գաղթականութեան պատմութիւն» աշխատութենէն դուրս հանած ենք պետական բարձր դիրքերու հասած հայերու, յաջողակ գործիչներու, գիւտարարներու տուեալները, որոնք Աճառեան հաւաքած է անցեալ դարու սկզբին՝ ըստ հայկական գաղթօճախներու։ Այս տեղեկութիւնները Աճառեան ի մի բերած է զանազան աղբիւրներէ՝ երկու տարուայ ընթացքին՝ 1904-1906 թուականներուն։ Անշուշտ, այդ թուականներէն ետք հայ գիւտարարներու, պետական ու հասարակական դէմքերու եւ մեծահարուստ ներդրողներու այս պատկառելի ցանկը մեծցած է։ Ժամանակի հոլովոյթին հետ, հայկական հանճարն ու ստեղծագործ միտքը աշխարհի չորս ծագերուն շարունակեցին նորանոր գիւտերով, ընդարձակ ներդրումներով ու մեծագործութիւններով հարստացնել համաշխարհային պատմութեան էջերը՝ շարունակաբար մեծցնելով ու արդիականացնելով այս ցուցակը։ Աճառեան տասնեակ լեզուներով կարդացած է թերթեր, ամսագիրներ, գիրքեր եւ համադրած՝ անունները, երկիրները, տեղեկութիւնները։
ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂԹՕՃԱԽՆԵՐԸ
(ԽՐԻՄ, ՆՈՐ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ, ՊԱՔՈՒ, ԱՍՏՐԱԽԱՆ ԵՒ ԱՅԼ ՎԱՅՐԵՐ)
Միրզոյեանց - Աճառեան կը գրէ, որ 1874 թուականին Միրզոյեանց մականունով հայը Պաքուի մէջ առաջին անգամ նաւթահողին մէջ շատրուան զետեղած է՝ նպաստելով Պաքուի նաւթարդիւնաբերութեան զարգացման եւ քաղաքի ապագային։
Այդ թուականներուն հայաշխարհի եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ յայտնի էին աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքին (Խրիմ, Նոր Նախիջեւանի շրջան), երաժշտագէտ Քրիստափոր Կարա-Մուրզան։ Անոնց կողքին Աճառեան կը դնէ նաեւ երաժշտագէտ, երաժշտահան Ալեքսանդր Սպենդիարեանի, գրողներ Ռափայէլ Պատկանեանի, Միքայէլ Նալպանտեանի անունները։
Ղազար Ղազարեան (Լազարեան) - Սերած Նոր Ջուղայի ազնուական տոհմէն, որ Մոսկուա փոխադրուած էր իր չորս որդիներուն հետ։ Մոսկուայի մէջ 1753-ին կառուցած է կերպասի ու կտաւեղէնի գործարան (արտադրած է ոսկեթել դիպակ, մետաքսեղէն, կերպաս, թաւիշ, որոնք չէին զանազանուիր ֆրանսական ու անգլիական ապրանքներէն)։ Կայսերական պալատը իր յաճախորդն էր։
Յովհաննէս Լազարեան - Ղազարի մեծ որդին. Փեթերսպուրկի մէջ կայսրուհիին հրամանով նշանակուած է արքունի փողերանոցի խորհրդական, ստանձնած է Սիպերիայէն եւ Պերմէն պղնձադրամները մայրաքաղաք փոխադրելու գործը։ Եղած է ատենական խորհրդական, ներքին գործերու պետական խորհրդական։ Աւստրիոյ կայսրէն ստացած է կոմսութեան եւ պարոնութեան տիտղոս։ Իր կտակով, 1815 թուականին, Մոսկուայի մէջ հիմնուած է Լազարեան ճեմարանը։
Աճառեան այս գաղութային կեդրոնի մասին գրելով կը նշէ, որ 1718 թուականին իզմիրցի հայերը Աստրախանի մէջ հիմնած են մետաքսի գործարան եւ ռուսերուն սորվեցուցած են կերպասի ջուլհակութիւնը։ 1810 թուականին Աստրախանի մէջ բացուած է Աղապապեան վարժարանը։
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ
Իսրայէլ Օրի - Յիշուած է հնդկահայ գաղութի պատմութեան ծիրէն ներս՝ իբրեւ ոգեւորիչ կերպար։
Էմին Յովսէփեան - Հնդկահայ վաճառական. Լոնտոնէն Փեթերսպուրկ գացած է, իր միլիոնները տրամադրած է կայսրուհիին եւ առաջարկած՝ Ղարաբաղի հայութեան ազատութիւնը։
Գրիգոր աղա Չաքիկեանց - 1771 թուականին Էջմիածնի մէջ բացած է առաջին տպարանը, շուտով նաեւ՝ թուղթի գործարան։
Աղա Շահամիր Շահամիրեան - (Շամիր Սուլթանում Շամիրեան) Ջուղայեցի միլիոնատէր. Մատրասի մէջ բացած է հայկական դպրատուն, հրատարակած է եւրոպական ոգիով այբբենարան, «Նոր տետրակ» աշխատութիւնը եւ 1773-ին՝ «Որոգայթ փառաց» գիրքը, որ ապագայ Հայաստանի օրինագիրքն էր։
Սամուէլ Մուրատ - Հնդկաստանի նշանաւոր բարերար, որուն անունով հիմնուած է Վենետիկի Մուրատեան վարժարանը (այս անունը Աճառեան յիշատակած է Սեբաստիոյ շրջանի հայերուն մէջ)։
ՊԻՐՄԱ
Մանուկեան գերդաստան - Հասած են կառավարական բարձրագոյն պաշտօններու։
Գերդաստանի նահապետը վարած է Պիրմայի արտաքին գործերու պաշտօնէութիւնը եւ մեծ ծառայութիւններ մատուցած կայսրութեան։
Անդրանիկ որդին վարած է տակառապետի պաշտօն։
Կրտսեր որդին վարած է ծովապետի պաշտօն։
Մինաս Գրիգոր - Պաշտօնեայ կայսերական պալատի մէջ։
Տէր Խաչատուրեան - Պաշտօնեայ կայսերական պալատի մէջ։
Աւդալ Աւդալեան - Պաշտօնեայ կայսերական պալատի մէջ։
ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ
Մելքում Մանուկեանց - Նորջուղայեցի, առաջին հայ անձը, որ երկու ընկերներով գաղթած է Աւստրալիա (Մելպուռն)։
Մարտիրոս (Մարթին) - Հին նախիջեւանցի. Մելպուռնի մէջ տասնեակ տարիներ անգլիացի ընկերոջ հետ զբաղած է ոսկեհանութեամբ։ Իր դատական գործին շնորհիւ (որուն ատեն փաստաբանը ապացուցեց հայերու եւրոպացի-հնդեւրոպական ըլլալը) հայերուն արտօնութիւն տրուեցաւ բնակիլ Աւստրալիոյ մէջ։
ԵԳԻՊՏՈՍ
Վարդան (ուրացեալ զօրավար) - 640 թուականին, արաբ հրամանատար Ամր-իպն-ալ-Ասիի կողմէ նշանակուած է Եգիպտոսի հարկապետ։ Գահիրէի մէջ շինած է վաճառափողոց մը, որ կոչուած է «Սուքի Վարդան» (Վարդանի շուկայ)։
Պատր - 11-րդ դարու Եգիպտոսի մեծ վեզիր, բանակներու հրամանատար, քաջ սպարապետ, պետութեան նեցուկ։ Նորոգած է Գահիրէն, ուր նաեւ հայկական բանակ նստեցուցած է։ Կառավարած է քսան տարի (մահացած է 1094-ին) եւ իրեն փոխարինած է իր որդին։
Վահրամ Պահլաւունի - 1135-1137 թուականներուն եղած է Եգիպտոսի վեզիր (յօդուածը կը նշէ, որ մինչեւ 1167 թուականը վեզիրները հայ էին)։
Պօղոս պէյ - 19-րդ դարու սկիզբը եղած է հարուստ եւ ազնուական հայ խաւի ղեկավարը։ Վարած է արտաքին գործոց, վաճառականութեան գլխաւոր պաշտօնատարի եւ խորհրդականի դերը, երկար ժամանակ կառավարած է երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը։ Մեծ դեր խաղացած է 1832-ին Եգիպտոսի անկախացման բանակցութիւններուն մէջ (եւրոպական լրագիրները զինք կոչած են «խորագէտ եւ մեծահանճար հայ»)։
Արթին փաշա - 1834-ին զօրապետի օգնական, 1835-ին տնտեսագիտութեան եւ թարգմանչութեան վարժարանի տեսուչ, բացած է Բազմարուեստից վարժարանը։ Ստացած է հազարապետի աստիճան, նշանակուած է Պետական ժողովի անդամ, անձամբ թարգմանած է եւրոպական օրէնսդրական գիրքերը եւ սորվեցուցած՝ Մեհմէտ Ալի փաշային։ 1839-ին դարձած է փաշայի առաջին թարգմանն ու քարտուղարը, 1841-ին իբրեւ երեսփոխան գացած է Փարիզ եւ Լոնտոն։ 1844-ին նշանակուած է արտաքին գործոց եւ վաճառականութեան նախարար (ստացած է փաշայի տիտղոս)։
Նուպար փաշա Նուպարեան - Բազմալեզու դիւանագէտ ու քաղաքագէտ՝ եւրոպական հռչակով։ Եղած է արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, փաշաներու անձնական քարտուղար, երկաթուղայիններու ընդհանուր տնօրէն, հանրօգուտ շինութեանց եւ արտաքին գործոց նախարար, եւ վերջապէս՝ Եգիպտոսի նախարարապետ (վարչապետ)։ Կառուցել տուած է Գահիրէ-Սուէզ երկաթուղին։ Իր փառքի պսակն է Եգիպտոսի դատական վերակազմութեան գործը, բնիկ դատարաններու բարենորոգումը, կազմած է յատուկ օրէնսգիրք։ Ապուհումուս գիւղին մէջ մի քանի հազար օրավար հողի վրայ բրինձ մշակած է։ 1904-ին Աղեքսանդրիոյ մէջ կանգնեցուած է իր արձանը։
Կարապետ Գալստեան - Վանեցի վաճառական, հիմնած է եգիպտահայերու առաջին կանոնաւոր դպրոցը՝ Գահիրէի «Խորէնեան» ազգային վարժարանը եւ կտակած է 50 հազար ոսկիի կալուածներ։
Մատթէոս եպիսկոպոս Իզմիրլեան - Եգիպտոսի մէջ Սահմանադրութիւն հաստատած է եւ օրէնքը ամէն ինչէ բարձր սահմանած։
Օրիորդ Մարի Պէյլէրեան - Կիներու հարցերուն նուիրուած առաջին հայ թերթի՝ «Արտեմիս» ամսաթերթի խմբագիր։
Պօղոս Նուպար փաշա - Հնարած է ելեկտրական գութան։ Եղած է ճանապարհներու հաղորդակցութեան եւ երկրագործութեան նախարար։ 1905 թուականին Գահիրէի մէջ բացած է երկրագործական առեւտրական դպրոց, իսկ 1906 թուականին, իր նախագահութեամբ կազմուած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ)։
Կարապետ պէյ Րէիսեան - Աղեքսանդրիոյ բարձրագոյն դատարանի նախագահ (20-րդ դարու սկիզբ)։
Միքայէլ պէյ Րէիսեան - Կառավարութեան գլխաւոր երկրաչափ։
Արթին պէյ Րէիսեան - Աղեքսանդրիոյ խառն դատարանի անդամ։
Տիկին Նաթալիա Միշէլ - Թիֆլիզեցի, Եգիպտոսի առաջին կին փաստաբանը, որ 1908 թուականին փաստաբաններու կաճառ ստեղծած է։
ՍԵԲԱՍՏԻԱՅԻ ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ
Պունիաթ Սեբաստացի - Յայտնի բժիշկ։
Ամիրտովլաթ Ամասիացի - Յայտնի բժիշկ, գրած է «Անգիտաց ենպետ» բժշկական գիրքը (1496թ.)։
Մխիթար Աբբայ Սեբաստացի - Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր։
ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆ․ ՊՈԼԻՍ
Տրդատ (ճարտարապետ) - 990 թուականի մեծ երկրաշարժէն ետք, երբ յոյն ճարտարապետները չեն կրցած վերականգնել Սուրբ Սոֆիայի փլած գմբէթը, նախագծած եւ առաջինէն աւելի կայուն ու գեղեցիկ կառուցած է զայն (31 մեթր տրամագիծով)։
Յովակիմ Ա․ Պրուսացի (եպիսկոպոս) - 1461 թուականին Սուլթան Մահմուտ Բ․-ի կողմէ ստացած է պատրիարքական «Փաթրիք» տիտղոսը, հիմնած է Պոլսոյ պատրիարքութիւնը եւ կազմակերպած պոլսահայոց առաջին համայնքը, որ պաշտօնապէս կոչուեցաւ «Ալթը ճէմաաթ» («Վեց հասարակութիւն»)։
Աճառեան այս առիթով կը գրէ, որ 18-րդ դարուն Պոլսոյ հայկական թաղերուն թիւը կը հասնէր 20-ի, նոյնքան ալ եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ այլն։ Իրարու կը յաջորդեն հարիւրաւոր պատրիարքներ, որոնցմէ Աճառեան ամենաառաջադիմական եւ ազգանուէր պատրիարք կը նկատէ Մկրտիչ Խրիմեանը (Խրիմեան Հայրիկ) եւ կը գրէ, որ անոր անունը կապուած է «թուղթէ շերեփ» արտայայտութեան հետ։
1860-1880 թուականները Աճառեան Պոլսոյ մտաւոր ու հասարակական կեանքի դարագլուխը կը համարէ։ Իրենց գործունէութիւնը կը ծաւալեն բազմաթիւ գործիչներ, գրողներ, թերթեր, թատրոններ, դպրոցներ, տպարաններ, ընկերութիւններ։ Կը յիշեցնէ, որ Պոլսոյ հայերը մեծ դեր խաղացած են օսմանեան տէրութեան մէջ։
Տիւզեան Յովհաննէս Չէլէպի - Ղեկավարած է պետութեան ընդհանուր մաքսային հասոյթը։
Տատեան գերդաստան - Ժառանգաբար իրենց ձեռքն էր պետութեան վառօդապետութիւնը։
Նորատունկեաններ - 17-րդ դարէն սկսեալ արքունի պալատի, պաշտօնեաներու եւ բանակի հացի գլխաւոր մատակարարողներն էին։
Տիւզեանց տոհմ - Սկիզբը արքունի ոսկերչապետներ, յետոյ՝ պետութեան գանձարանի տնօրէններ։
Պէզճեան Յարութիւն ամիրա - Պետութեան գանձարանի տնօրէն։ Աճառեան իր ուսումնասիրած աղբիւրներուն վրայ յենելով կը գրէ, որ Սուլթան Մահմուտը իր պատկերը (բարձրագոյն նշան) նուիրած է իրեն, հիւանդութեան ատեն տեսութեան գացած է եւ ծպտեալ մասնակցած անոր յուղարկաւորութեան։
Յովհաննէս պէյ Տատրեան - Պէյքոզի թուղթի գործարանի վերատեսուչ, Էյուպի մանածի գործարանի տեսուչ, Ազատլըի վառօդապետ։ Հնարած է հրացանի երկաթները ծակելու մեքենայ։ Իր ղեկավարութեամբ շինուած են Պէյքոզի կաշիի, Նիկոմիդիայի չուխայի, Հերեքէի մետաքսեղէնի, Զէյթինպուռնուի երկաթ ձուլելու եւ տպածոյի գործարանները։
Սերվերեան Ճանիկ ամիրա - Արքունի ճարտարապետ։
Պալեաններ - Նշանաւոր ճարտարապետական տոհմ, որ ժառանգաբար ստանձնեց արքունի ճարտարապետութիւնը։
Յարութիւն փաշա Տատեան - Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդական-վարիչ։
Պետրոս Գույումճեան - Հանքերու եւ անտառներու վերատեսուչ։
Նիկողոս աղա - Պատրաստած/հնարած է արքունի հրդեհաշէջ խումբի ջրհանները։
Գաւաֆեան - Հնարած է «ծովը վառելու» նոր յունական հուր։ Այս հրկիզիչը ջուրի մէջ չէր մարեր, այլ ընդհակառակը՝ ջուրին դպչելով աւելի կը բորբոքէր ու կը վառէր։
Քանի որ այս նիւթը ջուրի մակերեսին վրայ կը լողար ու կրակը կը տարածուէր ծովուն վրայ, պատկերաւոր ձեւով կը նկարագրուէր իբրեւ «ծովը վառելու» միջոց։ Ասիկա հին դարերու ծովային պատերազմներու ամենահզօր հրկիզող զէնքն էր։
Դարերու ընթացքին այդ հին բաղադրութեան գաղտնիքը կորսուած էր։ Ըստ Աճառեանի արձանագրած փաստին՝ Գաւաֆեան վերայօրինած կամ վերագտած է այդ քիմիական բաղադրութեան նոր ու արդիականացուած տարբերակը Օսմանեան կայսրութեան ռազմածովային նաւատորմիղին համար։
Պաղտատլեան (տպարանապետ) - Հնարած է բազմագոյն տպագրութիւնը։
Թագւոր Մելքոնեան - Հնարած է «խօսող» ժամացոյցը։
Աճառեան կը գրէ, որ շերամաբուծութիւնը գրեթէ հայկական արուեստ էր, Պոլսոյ նշանաւոր բժիշկները հայեր էին, ծաղիկի պատուաստն ալ հայերուն գիւտն էր։
Աճառեան նաեւ կը գրէ, որ Պոլսոյ մէջ կը գործէ հիւանդանոց մը՝ «արժանի ամէն ազգի նախանձը շարժելու. ունի 5257 քառակուսի մեթր տարածութիւն (յետոյ բարձրացաւ 35000 քառ. արշին) բազմաթիւ բաժանմունքներով. ինչպէս՝ հիւանդանոց, յիմարանոց, անկելանոց, ծերանոց, արհեստանոց, դեղարան, մոմարան եւ այլն. կը խնամէ 1100-է աւելի թշուառներ։
Հայերը կը գերազանցէին նաեւ փաստաբանութեան եւ դեղագործութեան մէջ։
Ըստ Աճառեանի, 1860-ին Ֆուատ եւ Ալի փաշաները մտածած էին տաճկական հանելուկային գիրերը թողուլ եւ պաշտօնական գիր ընդունիլ հայերէնը։ Մեծ եպարքոս Րէշիտ փաշան սորվեցաւ հայ գիրը, որպէսզի տարածէր թուրքերուն մէջ։ Կ՚ըսուի, թէ օսմանեան երեսփոխանական ժողովն ալ նոյնը ընդունուած էր, բայց ազգային փառասիրութիւնը կամ ժողովին շուտ փակուիլը չարտօնեց զայն։
Ժողովրդական բանաստեղծութեան՝ աշուղութեան եւ մանկավարժութեան մէջ եւս հայերը մեծ դեր ունեցան. նոյնիսկ տաճկերէն առաջին եւրոպական ոճով դասագիրքերը հայերը կազմած են, կը գրէ Աճառեան։
ԻՏԱԼԻԱ (ՎԵՆԵՏԻԿ)
Անտոն Սուրեան - 1559-ին հնարած է ծովի յատակը քերելու եւ մաքրելու մեծ գործիք, որով հանած է ընկղմած զինուորական նաւը եւ մաքրած Վենետիկի նաւահանգիստը։ 1570-ին հնարած է նոր տեսակի թնդանօթ։ 1575-1577 թուականներուն, քոլերայի համաճարակի ատեն դեղ հնարած է եւ փրկած շատերու կեանքը։
ՖՐԱՆՍԱ
Յարութիւն - 1671 թուականին Սէն Ժերմէն տօնավաճառին մէջ բացած է առաջին սրճարանը՝ դառնալով Փարիզի սրճարանային կեանքի հիմնադիրը։
Շահան Ջրպետ - 1798-ին Նափոլէոնի կարգադրութեամբ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու վարժարանին մէջ բացուած հայերէն լեզուի դասընթացի պատասխանատու։
Ռուստամ (կամ Ռութան), Միր Դաւիթ, Մուրատ - Նափոլէոն Ա․-ի նշանաւոր հայ թիկնապահներն ու օգնականները։
Յովսէփ Մելքոնեան Պէյրան - Միակ հայն էր, որ ընտրուած է Փարիզի բժշկական կաճառի անդամ, դարձած Պատուոյ լեգէոնի ասպետ, համալսարանի դասախօս։ Հնարած է նոր վիրաբուժական գործիք ու դեղ, որ կոչուած է իր անունով։
Երուանդ Մանուէլեան - Գիտնական, որ գտած է կատաղութեան մանրէն։
Բժիշկ Հազարապետեան - Կոյր բժիշկ, սիրտի հիւանդութիւններու հռչակաւոր մասնագէտ, որ հակառակ իր կուրութեան՝ ճիշդ կ՚ախտորոշէր եւ դեղատոմս կը գրէր։
Միհրան Գալփաքճեան Պոլսեցի - Մարսէյլի մէջ ոչինչէն ստեղծած է սեփական դեղատուն, թուղթի գործարան, միաժամանակ Փարիզի մէջ դասաւանդած է տաճկերէն։
ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ
Յարութիւն Աբէլեան - Ցիւրիխի համալսարանի քիմիագիտութեան փրոֆեսէօր, վարած է պետական պաշտօններ, 1883 թուականին եղած է Ցիւրիխի ցուցահանդէսի վարիչը։ 1896 թուականին բարձրացած է Մասիսի գագաթը։
ՊԵԼԺԻԱ
Տիրան Սէֆէրեան - Հնարած է յատուկ դիտակ մը, որով կարելի էր մինչեւ 20 մմ. հաստութեամբ մետաղէ ամաններու ներսը դիտել (թագաւորական հրամանագիրով այս գիւտի գործածութիւնը պարտադիր դարձած է խտացած կազով աշխատող բոլոր հաստատութիւններուն համար)։
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
Բժիշկ Տատրեան - Հայկական մածունը ներդրած է բժշկութեան մէջ եւ կառավարութենէն ստացած է մածունի վաճառքի մենաշնորհ։
Բժիշկ Եաղուպեան - Բժշկութեան ոլորտի յաջողակ ներկայացուցիչ (հետեւած է Տատրեանին)։
Սեդրակ Մարալեան - 1902 թուականին Ֆրեզնոյի մէջ հնարած է երկու մեքենայ՝ մէկը չամիչ չորցնելու, երկրորդը՝ ծառէն պտուղ հաւաքելու։
Թովմաս - Ըստ Աճառեանի, ամերիկեան թղթադրամի յօրինման գործին մասնակցող հայ, եղած է նաեւ Օհայոյի կառավարիչն ու ֆինանսներու նախարարը։
Բիւզանդ Նշկեան - Մշակած է անասունները սնուցանելու նոր մեթոտ։
Մելքոն Մարգարեան (մշեցի) - Հեղինակ է երեք գիւտի, որոնք յեղաշրջեցին երկաթուղիի վակոններու անիւներու շինութեան գործը։
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅԵՐԸ
Վ. Օսիկեան - Խարբերդցի բժիշկ, հնարած է շերամի գունաւոր մետաքսը՝ 18 զանազան գոյներով։
Բժիշկ Լեւոն Գասպարեան - Հնարած է մեռած մարմինը քարացնելու մեթոտը (գիւտը)։
Բժիշկ Միհրան Գասպարեան - Ճառագայթներով բուժման ամենամեծ մասնագէտը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան