ԵՐԵՔ ՄԱՏՆԵՐՈՒ ԼՈՒՌ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
«Տարօրինակ չէ՞. երբ մէկը մատնացոյց կ՚ընէք եւ կը մեղադրէք, ձեր ցուցամատը դիմացինը ցոյց կու տայ, իսկ միւս երեք մատները՝ ձեզ»։
Այս խօսքը յաճախ կը վերագրուի Սիկմունտ Ֆրէօյտին։ Թէեւ այս խօսքի իսկական աղբիւրը յստակ չէ, սակայն, գաղափարը խորապէս կը համընկնի Ֆրէօյտի հոգեվերլուծութեան հիմնական սկզբունքներուն։ Ան մեզ կը ստիպէ մտածել ո՛չ միայն ուրիշներու սխալներուն, այլեւ այն մասին, թէ մենք ինչպէս մասը կը դառնանք մեր դատողութիւններուն, մեղադրանքներուն եւ նախապաշարումներուն։
Մարդ արարածը տարօրինակ սովորութիւն մը ունի. դիւրութեամբ կը նկատէ ուրիշներու թերութիւնները, սակայն, շատ աւելի դժուար կը տեսնէ սեփական սխալները։ Երբ մէկը կը քննադատենք անազնիւ ըլլալու համար, երբեմն մոռցած կ՚ըլլանք մեր իսկ անկեղծութեան պակասները։ Երբ ուրիշը կը մեղադրենք նախանձի կամ ինքնասիրութեան մէջ, յաճախ այդ զգացումները մեր ներսն ալ գոյութիւն ունին, բայց կը մնան ծածուկ։
Ֆրէօյտ այս երեւոյթը կը բացատրէ «արտացոլում» կամ «projection» կոչուող հոգեբանական մեքանիզմով։ Ըստ իրեն, մարդը յաճախ իր մէջ գտնուող, բայց ընդունիլ չուզած զգացումները ուրիշներուն վրայ կը վերագրէ։ Այսինքն՝ մենք երբեմն ուրիշին մէջ կը տեսնենք այն, ինչ որ իրականութեան մէջ մեր հոգիէն ներս կը գտնուի։ Այդ ձեւով մեր գիտակցութիւնը կը փորձէ պաշտպանուիլ սեփական թերութիւններուն հետ առերեսուելէ։
Ահա, թէ ինչու երեք մատներու պատկերացումը այնքան ազդեցիկ է։ Ան կը յիշեցնէ, որ իւրաքանչիւր մեղադրանքի մէջ քիչ մը ինքնաճանաչում կայ։ Երբ կը կարծենք, թէ ամբողջ ճշմարտութիւնը մեր կողմն է, գուցէ կ՚արժէ պահ մը կանգ առնել եւ հարցնել. «Ի՞նչ կայ այս պատմութեան մէջ, որ ինծի կը վերաբերի»։ Գուցէ այն մարդը, զոր կը դատենք, ընդամէնը հայելի մըն է, որ կը ցուցադրէ մեր իսկ անտեսուած կողմերը։
Այս գաղափարը միայն հոգեբանական չէ, այլեւ բարոյական եւ փիլիսոփայական է։ Մարդկային յարաբերութիւններու մեծ մասը կը խաթարուի ո՛չ թէ սխալներու պատճառով, այլ որովհետեւ մարդիկ կը մոռնան իրենց սահմանները։ Երբ մենք մեզ անսխալական կը կարծենք, ուրիշները դատելը կը դառնայ չափազանց դիւրին։ Բայց, երբ կը գիտակցինք, որ մենք ալ սխալող, տկար ու անկատար էակներ ենք, մեր դատողութիւնները կը դառնան աւելի մեղմ, աւելի արդար եւ աւելի մարդկային։
Կեանքի ընթացքին ամէն մարդ պիտի հանդիպի անձերու, որոնց արարքները պիտի զայրացնեն զինք։ Սակայն, իմաստութիւնը միայն ուրիշին սխալը տեսնելը չէ. իմաստութիւնը նաեւ հասկնալն է, թէ այդ սխալը ինչո՛ւ այդքան ուժգին կերպով կ՚ազդէ մեր վրայ։ Երբեմն մեր զայրոյթին աղբիւրը դիմացինը չէ, այլ մեր սեփական անյաղթահարելի վէրքերը, վախերը կամ չլուծուած հարցերը։
Երեք մատներու այս պարզ պատկերացումը խոր յիշեցում մըն է մարդկային խոնարհութեան մասին։ Ան մեզ կը հրաւիրէ նախ մենք մեզ քննելու, ապա ուրիշները դատելու։ Որովհետեւ ինքնաճանաչումը կը սկսի այն պահուն, երբ կը հասկնանք, որ ամէն դատաստանի մէջ մենք ալ քիչ մը ներկայ ենք։
Գուցէ այդ պատճառով ալ ամենէն հասուն մարդիկ քիչ կը մեղադրեն եւ շատ կը հասկնան։ Անոնք գիտեն, որ մարդոց թերութիւնները տեսնելը դիւրին է, իսկ սեփական ստուերներուն նայիլը՝ քաջութիւն կը պահանջէ։ Արդ, երբ ցուցամատը ուրիշին կ՚ուղղենք, երեք լուռ մատներ մեզի կը յիշեցնեն, որ ճշմարտութեան ճանապարհը միշտ մեզմէ կը սկսի։
Թերեւս մարդու ամենամեծ պատրանքը այն է, որ ինք ամբողջովին կը ճանչնայ իր անձը։ Բայց, իրականութեան մէջ, բոլորս ալ ունինք մութ անկիւններ, որոնք երբեմն միայն ուրիշներու մէջ կը նկատենք։ Անոնք հայելիներու պէս են. երբեմն մեզի ցոյց կու տան այն, ինչ որ երկար ժամանակ փորձած ենք չտեսնել։
Ահա՛, թէ ինչու ինքնաքննութիւնը դժուար, բայց անփոխարինելի ճամբայ մըն է։ Մարդը որքան աւելի խոր հասկնայ իր ներաշխարհը, այնքան աւելի քիչ կը շտապէ դատապարտել ուրիշները։ Ան կը գիտակցի, որ ամէն պատմութիւն ունի անտեսանելի կողմ մը, ամէն արարք՝ իր պատճառները եւ ամէն մարդ՝ իր ներքին պայքարները։
Ի վերջոյ, իսկական հասունութիւնը ո՛չ թէ ուրիշներու սխալները հաշուելն է, այլ սեփական սխալներու հետ ազնիւ կերպով առերեսուիլը։ Երբ սա կը սորվինք, մեր խօսքերը աւելի բարի կ՚ըլլան, մեր դատողութիւնները՝ աւելի արդար, իսկ մեր յարաբերութիւնները՝ աւելի մարդկային։ Որովհետեւ երբ մարդը կը ճանչնայ իր ստուերները, ուրիշներուն խաւարը եւս աւելի լաւ կը հասկնայ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ