Ուրբաթ 17, Յուլիս 2026
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՄԵԾ ՏՕՆ
Երեւանի մէջ ընթացք առած է «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ վերջին տարիներուն գեղարուեստասէրները համախմբող յաւակնոտ հարթակի մը վերածուած է։ Փառատօնի կարմիր գորգի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս։ Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ փառատօնի հիմնադիր-նախագահ, յայտնի բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեան։
«Ոսկէ ծիրան»ի այս տարուան պատուոյ հիւրն է՝ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ դերասան Սիմոն Աբգարեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2026