ՀԵՂՆԱՐ ԱՂԲԻՒՐԸ. ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ ՈՒ ԲՈՒԺԻՉ ԱԿՈՒՆՔՆԵՐԸ

«Հեղնար աղբիւր» անունը հայ մշակոյթին մէջ կը զուգորդուի մաքրութեան, հաւատարմութեան, արհեստի հանճարին եւ մարդկային տխուր ճակատագրին հետ։ 

Շատերու համար ասիկա պատմական իրական առասպել մըն է, սակայն, քիչեր անդրադարձած են, թէ ինչպէ՛ս այս աղբիւրը գրական երեւակայութենէն վերածուած է ժապաւէնի, իսկ յետոյ՝ յուշարձանի։

«Հեղնար աղբիւր»ին պատմութիւնը հասկնալու համար պէտք է թափանցել հայկական մշակոյթի ամենահին շերտերուն մէջ, ուր ջուրը կեանքի, մաքրութեան եւ սրբութեան ակունք էր։

Նախաքրիստոնէական Հայաստանի մէջ ջուրերու ակունքներուն կանգնեցուցած էին «Վիշապ» կոթողները, որոնք, ըստ հիներու երեւակայութեան, կը հսկէին կենսատու ջուրը։ Քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք այդ պաշտամունքը չվերացաւ, այլ կերպարանափոխուեցաւ. աղբիւրներու ակունքներուն վրայ յայտնուեցան խաչքարեր, իսկ ջուրը օրհնուեցաւ ու ստացաւ հոգեւոր մաքրագործման խորհուրդ։ 

Հայկական հեքիաթներու ու դիւցազնավէպի առաջին ճիւղին մէջ ջուրը կը հանդիսանայ սերնդագործութեան սրբազան ակունք։ Գագիկ թագաւորի դուստրը՝ Ծովինարը, սարերուն մէջ աստուածային հրաշք աղբիւրէն մէկ լիուլի եւ մէկ կիսատ բուռ ջուր խմելով կը յղիանայ եւ կը դառնայ վէպի հսկայ դիւցազուններու՝ Սանասարի եւ Պաղտասարի մայրը։ Աւելի ուշ, եղբայրները շրջելով նոյն սարերով՝ կը տեսնեն այդ հրաշք աղբիւրի բարակ երակը, որ կը կտրէր-կ՚անցնէր հզօր ու յորդառատ գետի ջուրը։

«Սասնա ծռեր»ի հերոսները ուժ կ՚առնեն յատկապէս կաթնաղբիւրներէն։

Հայ մարդուն համար սրբավայր էր աղբիւրը, որուն քով արգիլուած էր հայհոյել, աղտոտել կամ ստել։ Անիկա կը համարուէր երկրի «աչքը» (ակը), որ ամէն ինչ կը տեսնէ։

Հայաստանի մէջ աղբիւր կառուցելը բարձրագոյն բարերարութիւն էր (սաւապ)։ «Սաւապ» ընելը տարածուած էր՝ մանաւանդ հին Ալեքսանդրապոլի եւ արեւմտահայ արհեստաւորաց միջավայրին մէջ։ Անոնց պատկերացմամբ՝ «սաւապ ընել» կը նշանակէր կատարել այնպիսի անշահախնդիր բարի գործ մը, որմէ օգտուողները կ՚օրհնէին կառուցողին կամ անոր ննջեցեալներուն հոգին։

Աղբիւրները կը շինուէին յիշատակներու համար՝ կը նուիրուէին վաղամեռիկ հարազատներուն, զաւակներուն կամ յանուն հայրենիքի ինկածներուն։ Ամէն անգամ, երբ անցորդը ջուր կը խմէր եւ կ՚օրհնէր կառուցողը՝ կը համարուէր, որ ննջեցեալի հոգիին լոյս ու հանգստութիւն կը հասնի։

Հայկական իրականութեան մէջ աղբիւրաշինութիւնը բարձրագոյն արուեստ էր, իսկ աղբիւրագործ վարպետը՝ ուստան, կը համարուէր համայնքի ամենայարգուած ու պատուաւոր անձերէն մէկը։

Վարպետութեան առաջին քայլը ջուրի երակը գտնելն էր։ Հին վարպետները իւրօրինակ բնազդ ունէին. անոնք հողի խոնաւութեամբ, բուսականութեամբ կամ լուսաբացին մառախուղի կուտակումներով կը հասկնային, թէ գետնի տակ ուրկէ՛ կ՚անցնի «ոսկէ երակը»։

Ջուրը սարերէն կամ խորքերէն կաւէ խողովակներով քաղաք կամ գիւղ հասցնելը կը պահանջէր թուաբանական հաշուարկ եւ թեքութիւններու ճշգրիտ իմացութիւն։ Իսկ աղբիւրի գուռէն ջուրի հոսելու ձայնը՝ կարկաչիւնը, վարպետները յաճախ կը կարգաւորէին այնպէս, որ անիկա հանգստացնող մեղեդի յիշեցնէր։

Կիւմրիի նման քաղաքներու մէջ արհեստաւորներու համքարութիւնները (միութիւնները) ունէին խիստ օրէնքներ։ Վարպետին խօսքը, անոր ազնուութիւնն ու մասնագիտական գաղտնիքը սուրբ էին։ Ուստան իրաւունք չունէր անորակ գործ ընելու. ատիկա կը խայտառակէր իր տոհմն ու արհեստը։

«ՀԵՂՆԱՐ ԱՂԲԻՒՐ»

Այս հարուստ պատմամշակութային հենքին վրայ է, որ 1930-ական թուականներուն տաղանդաւոր արձակագիր Մկրտիչ Արմէն (1906-1972) կերտեց իր լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն մէկը՝ «Հեղնար աղբիւր» վիպակը (1930-ական թուականներուն)։

Ըստ գիրքի բովանդակութեան, աղբիւրներու հռչակաւոր վարպետ ուստայ Մկրտիչը կը կառուցէ իր կեանքի վերջին՝ քառասուներորդ աղբիւրը՝ ի յիշատակ իր վաղամեռիկ երիտասարդ կնոջ՝ Հեղնարի։ Հեղնարը դաւաճանած էր ամուսինին, սակայն, Մկրտիչը պահելով իր ներքին ցաւն ու արժանապատուութիւնը, կը կառուցէ այնպիսի գաղտնիքով աղբիւր մը, որուն ջուրը կը հոսի միայն իր՝ օրինաւոր ամուսնոյն համար, իսկ օտարներու եւ դաւաճաններու մօտենալու ատեն՝ կը կտրուի։ Վարպետ Մկրտիչը աղբիւրին վրայ կը փորագրէ․ «Ամէն կնիկ իրան մարդու աղբիւրն է, ուրիշ մարդ չի կրնայ խմել անոր ջուրէն»։

Գիրքին մէջ այս աղբիւրը տեղակայուած էր հին Կիւմրիի Ձորի Պողազ կոչուող աւանդական թաղամասին մէջ։ Այդ ժամանակ քաղաքին մէջ ֆիզիքապէս նման աղբիւր գոյութիւն չունէր. անիկա ամբողջութեամբ հեղինակին երեւակայութեան ծնունդն է, որուն մէջ միահիւսուած են ջուրի պաշտամունքը, արհեստաւորի պատիւն ու մարդկային ճակատագիրը։

Գրողին ներշնչանքի աղբիւրները կը սնանէին հայկական կենցաղէն ու միջավայրէն.

Ծնած ըլլալով Կիւմրի՝ արհեստաւորի ընտանիքի մէջ, գրողը մանկութենէն տեսած եւ կլանած էր տեղի համքարութիւններու աւանդութիւնները, անոնց պատուախնդրութիւնը, նիստուկացն ու սովորոյթները։

1930-ականներուն հայ գրականութեան մէջ կար միտում՝ անդրադառնալու հեռացող պատմական քաղաքներուն ու կենցաղին (ինչպէս՝ Եղիշէ Չարենցի «Երկիր Նաիրի» վէպը)։ Մկրտիչ Արմէն վիպակի սկզբնական տարբերակներուն մէջ ձօն ունէր «Ամենասիրելի վարպետ Աւետիք Իսահակեանին», որուն ստեղծագործական քնարականութիւնն ու ալեքպոլեան ոգին նոյնպէս մեծապէս ազդած էին հեղինակին վրայ։

Կիւմրին (Կումայրի, Ալեքսանդրապոլ, Լենինական) միշտ եղած է հայկական արհեստներու եւ իւրօրինակ աղբիւրներու մայրաքաղաքը։ Բացի յօրինուած «Հեղնար աղբիւր»էն, քաղաքն ունի իրական, պատմական աղբիւրներ եւ համքարութիւններ, որոնք կերտած են անոր դիմագիծը։

Կիւմրիի մէջ աղբիւրագործներէն բացի կը ծաղկէին այլ արհեստներ։ Իւրաքանչիւր արհեստ ունէր իր դրօշակը, իր ներքին օրէնսգիրքն ու աւագ վարպետը։

1970 թուականին «Հայֆիլմ» սթուտիոն, բեմադրիչ Արման Մանարեանի գլխաւորութեամբ, նկարահանեց Մկրտիչ Արմէնի «Հեղնար աղբիւր» վիպակը՝ նոյն խորագրով։ Ուստայ Մկրտիչը կը մարմնաւորէր անկրկնելի Սօս Սարգսեանը, շարժանկարն ալ ունեցաւ յաջողութիւն։

Այս շարժանկարի նկարահանումներուն համար նկարահանող խումբը որպէս տեղանք ընտրեց Շիրակի մարզի Վահրամաբերդ գիւղի կիրճը՝ Ախուրեան գետի ափին, Մարմաշէնի վանական համալիրի դրացնութեամբ։ Այնտեղ կառուցուեցաւ աղբիւրը, որուն ջուրի հոսքը նկարահանումներու ժամանակ թաքնուած փականներու միջոցով կը կառավարէր ջրաբաշխ մասնագէտ մը։

Շարժանկարի ցուցադրութենէն ետք հազարաւոր մարդիկ հաւատացին, որ աղբիւրն ու անոր պատմութիւնը իրական են եւ սկսան փնտռել զայն թէ՛ Կիւմրիի, թէ՛ Մարմաշէնի ձորին մէջ։

Տասնամեակներ շարունակ նկարահանման վայրին մէջ գտնուող կարճ բեմադրութեան համար դրուած աղբիւրը քանդուած ու լքուած էր։ Սակայն, նկատի առնելով ժողովուրդի մեծ սէրն ու զբօսաշրջային հետաքրքրութիւնը, 2018 թուականին «Հեղնար աղբիւր»ը վերակառուցուեցաւ։

Այսօր անիկա այլեւս շարժանկարի զարդ չէ, այլ քարէ իրական յուշակոթող, որ կը գտնուի ճիշդ Վահրամաբերդի կիրճին մէջ։ 

Մկրտիչ Արմէնի տաղանդի շնորհիւ ծնած գրական յօրինուածքը, յենլով հայոց ջուրի ու արհեստի դարաւոր պաշտամունքին վրայ, յաղթահարեց ժամանակն ու տարածութիւնը՝ վերածուելով Շիրակ աշխարհի ամենագեղեցիկ իրական սրբավայրերէն մէկուն։ Այսօր «Հեղնար աղբիւր»ը ուխտավայր է, յատկապէս՝ սիրահար զոյգերու համար։ Գտնուելով Մարմաշէնի վանքի հարեւանութեամբ, հոն այցելելը տեսակ մը ուխտագնացութիւն կը դառնայ նաեւ դէպի վանք։

ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԻ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ ՈՒԺԸ

Հայկական լեռնաշխարհը հարուստ է առասպելական ու բուժիչ աղբիւրներով, որոնցմէ ամենանշանաւորներն են էպոսէն յայտնի Սասնայ Կաթնաղբիւրը եւ Հայաստանի զանազան մարզերուն մէջ հանդիպող բուժիչ «Թթու ջուրերը»։ Այս ջրային ակունքները դարեր շարունակ եղած են ուժի, բժշկութեան եւ աստուածային հրաշքներու խորհրդանիշ։

Հայկական «Սասնայ ծռեր» ազգային դիւցազնավէպին մէջ աղբիւրները կը խաղան սրբազան եւ կենսատու դեր։

Ճիշդ այս տեսակի կախարդական ջուրերու յատակէն է, որ Սանասարը դուրս կը հանէ իր առասպելական Քուռկիկ Ջալալի ձին եւ Թուր Կեծակին։

Աւանդավէպին մէջ աղբիւրը կը ներկայացուի իբրեւ Մարութա Բարձրիկ Ս. Աստուածածնի օրհնութեամբ տրուած պարգեւ։

«ԹԹՈՒ ՋՈՒՐ»․ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԲՈՒԺԻՉ ՀԵՂՈՒԿԸ 

Հայաստանի զանազան մարզերուն մէջ (Արագածոտն, Գեղարքունիք, Լոռի, Տաւուշ) կան բնական հանքային աղբիւրներ, զորս ժողովուրդը կը կոչէ «Թթու ջուր»՝ անոնց մէջ առկայ բնական կազերուն եւ իւրօրինակ թթուաշ համին պատճառով։ Այդ ջուրերուն մէջ հանքանիւթեր եւ այլ բնական յաւելումներ կան։ Ըստ աւանդութեան՝ այս ջուրը օժտուած է երիտասարդացնող եւ մարմինը աշխուժացնող յատկութիւններով։

ՄԿՐՏԻՉ ԱՐՄԷՆ

«Հեղնար աղբիւր»ի պատմութենէն ներշնչուած՝ այս յօդուածը յատուկ սիրով ու յարգանքով կը նուիրուի տաղանդաւոր գրող, բանաստեղծ ու թարգմանիչ Մկրտիչ Արմէնի ծննդեան 120-ամեայ յոբելեանին, որուն անմահ «Հեղնար աղբիւր» վիպակն ու գրական վաստակը հայ արձակի ուշագրաւ էջերէն են։

Մկրտիչ Արմէն (իսկական անունով՝ Մկրտիչ Յարութիւնեան) ծնած է 1906 թուականին՝ Ալեքսանդրապոլ (այժմ՝ Կիւմրի), արհեստաւորի ընտանիքի մէջ։ Ուսանած է տեղի Սուրբ Փրկիչ դպրոցին մէջ, տղայոց միջնակարգ հանրակրթական ուսման հաստատութիւնը, ապա՝ Մոսկուայի Շարժանկարի արուեստի պետական համալսարանի բեմագրական բաժինը։

Մկրտիչ Արմէն գրական ասպարէզ մուտք գործած է 1923 թուականին, երբ «Բանուոր» թերթին մէջ տպագրուած է իր առաջին՝ «Անդրկովկաս» բանաստեղծութիւնը։ Հիմնադրած է Լենինականի «Հոկտեմբեր» բանուորա-գիւղացիական գրողներու միութիւնը, իսկ 1934-ին դարձած է Խորհրդային Գրողներու միութեան անդամ։

ԲԵՂՈՒՆ, ԲԱՅՑ ԼՌՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔ ՄԸ

Թէեւ Մկրտիչ Արմէն իր կենդանութեան ատեն չարժանացաւ համատարած մեծ հռչակի եւ երկար տարիներ մնաց իր ժամանակակից նշանաւոր գրողներու շուքին տակ, բայց, ան ունեցաւ բեղուն ստեղծագործական կեանք: Անոր գրիչը երբեք չյոգնեցաւ, իսկ ձգած գրական հսկայական ժառանգութիւնը իրական արժէքն ու ճանաչումը ստացաւ տասնամեակներ ետք միայն:

1937 թուականին, հայ բազմաթիւ մտաւորականներու նման, Մկրտիչ Արմէն նոյնպէս զրպարտուելով կը ձերբակալուի իբրեւ «ժողովուրդի թշնամի» եւ ութ տարի կ՚անցընէ աքսորավայրերու մէջ։ 1945 թուականին կ՚արդարացուի ու կը վերադառնայ Երեւան՝ ստեղծագործական աշխատանքի։ Աքսորի այդ ծանր տարիներու ապրումները խտացած են իր «Պատուիրեցին յանձնել ձեզ» պատմուածքներու ժողովածուին մէջ։

Գրողին մեծագոյն համբաւ ու ժողովրդականութիւն բերաւ «Հեղնար աղբիւր» վիպակը եւ անոր հիման վրայ նկարահանուած շարժանկարը, որուն բեմագրութիւնը ինք՝ Մկրտիչ Արմէն գրած էր։ 

«ԵՐԵՒԱՆ» ՎԷՊԻ ԲԱՑԱՌԻԿ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԸ

Մկրտիչ Արմէնի վաստակին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ «Երեւան» քաղաքային դիւցազնավէպը։ Ասիկա սովորական վէպ չէ, այլ 20-րդ դարասկիզբի արթնցող, կառուցուող ու փոխուող մայրաքաղաքի գեղարուեստական, ընկերային, քաղաքական ու քաղաքային կեանքի ամենախորհրդաւոր հայելին։ Այսօր, այս կոթողային գործը կը վերարժեւորուի իբրեւ հայ գրականութեան ամենաինքնատիպ ու համարձակ էջերէն մէկը, որ երկար տարիներու մոռացութենէ ետք (2017-ի վերահրատարակութեամբ եւ 2024-ի հեռուստատեսային յատուկ անդրադարձներով) վերածուեցաւ գրական իսկական յայտնութեան:

Մկրտիչ Արմէն հեղինակ է նաեւ «Ժիրայր Գլենց», «Աշխարհ» վէպերուն, չափածոյ գործերու եւ մանկապատանեկան բանաստեղծութիւններու։ Անոր գործերը թարգմանուած են ռուսերէն, թրքերէն, պարսկերէն, սպաներէն, չեխերէն եւ այլ լեզուներով։ Միեւնոյն ժամանակ, ան ճանչցուած թարգմանիչ էր. հայերէնի վերածած է արտասահմանցի գրողներու հռչակաւոր երկերը։

1967 թուականին արժանացած է Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի կոչման եւ պարգեւատրուած բարձրագոյն պարգեւով։ Մահացած է 1972 թուականին՝ Երեւանի մէջ։

ԹՐՔԱԿԱՆ ԹԱՂԸ

«Հեղնար աղբիւր» վիպակի առաջին գլուխը ցոյց կու տայ հին Կիւմրիի ազգային ու ճարտարապետական պատկերը։ Քաղաքի բնակիչներու նախահայրերը հիմնականը եկած էին Կարինէն, Իզմիրէն, Պոլիսէն եւ հոն կառուցած իրենց թաղամասերը։ Այս համապատկերին մէջ կայ նաեւ քաղաքի թրքական թաղը։ Կիւմրիի մէջ թրքական թաղի (կամ ընդհանրապէս մահմետական բնակչութեան) գոյութիւնը ունէր պատմական ու ժողովրդագրական շատ յստակ պատճառներ, որոնք կապուած էին տարածաշրջանի անցեալին հետ. 1826-1828 թուականներու ռուս-պարսկական պատերազմէն եւ Ադրիանապոլսի պայմանագիրէն առաջ, Կիւմրին (եւ ամբողջ պատմական Հայաստանը) երկար ժամանակ գտնուած է պարսկական եւ օսմանեան տիրապետութեան տակ: Այդ շրջանին տարածաշրջանին մէջ հաստատուած էին մահմետական տարրեր (թուրքեր, թաթարներ, քիւրտեր եւ այլն): 

Երբ պատմական Հայաստանը անցաւ Ռուսական կայսրութեան տակ, այդտեղէն (յատկապէս էրզրումէն, Պոլիսէն ու Իզմիրէն) հազարաւոր հայեր գաղթեցին ու հաստատուեցան Կիւմրիի մէջ՝ կառուցելով իրենց թաղամասերը: Քաղաքի հին մահմետական բնակչութենէն մաս մը մնաց հոն եւ շարունակեց ապրիլ իր առանձին թաղամասին մէջ: 

Ինչպէս վիպակին եւ պատմական աղբիւրներուն մէջ կը նշուի, Կիւմրին «արհեստաւորներու ժողովուրդի» քաղաք էր, ուր զանազան ազգութիւններ ու կրօններ խառնուած էին իրարու՝ կազմելով մէկ ընդհանուր քաղաքային կեանք: Չնայած կրօնական ու սովորութային տարբերութիւններուն, անոնք քով-քովի կ՚ապրէին, կը գործէին շուկային մէջ եւ ունէին առօրեայ յարաբերութիւններ։

Վէպին մէջ թրքական թաղը ունի հետեւեալ նկարագիրը․ քաղաքի տուներու ճարտարապետական ոճը՝ սեւ ու կարմիր տուֆէ քիւերով, խլափեղկերով ծածկուող փայտեայ դրուագուած դռներով ու երկաթէ թակերով, կը բանայ ո՛չ միայն հայկական, այլեւ յունական ու թրքական թաղամասերու դուրսէն փակ կեանքը։ Վէպին մէջ կը կարդանք, որ թրքական թաղին մէջ կը գտնուէր Հապիպային տունը, որ տասը տարի առաջ Մեքքէ մեկնած ու չէր վերադարձած։ Անոր տունը վարձած էր մահմետականներուն բնորոշ գլխաշորով քօղարկուած, ներքին տապով բռնկուած, 34-35 տարեկան անմատչելի ու առեղծուածային կին մը, որ ինքզինք դարձեալ Հապիպա կ՚անուանէր (բայց իրականութեան մէջ ան Հեղնարն էր՝ վարպետ Մկրտիչի կինը)։ Այդ տունը դուրսէն լիովին փակ էր, բայց ներսէն՝ շէն ու լի եւ դարձած էր Հեղնարի ու ոսկերիչի տղու՝ Վարոսի գաղտնի սիրոյ տունը։ Թաղամասը ունէր խիստ աւանդական սովորութիւններ, որոնք կը դրսեւորուէին նոյնիսկ բաղնիք երթալու կամ աղբիւրէն ջուր բերելու ատեն։ Ջուր բերելու գացող թուրք կիներ, որոնցմէ էր նաեւ մոլլայի կինը, ի վերջոյ կը նկատեն ու կը բացայայտեն գլխաշորի տակ թաքնուած Հեղնարի գաղտնիքը։ Մոլլայի կինը կը կտրէ անոր ճամբան ու ամօթանք կու տայ, իսկ թաղի բնակիչները մոլլայի յորդորով կ՚որոշեն կինը վռնտել, իսկ սիրեկանը՝ ծեծել։ 

Թրքական թաղի այս խիստ ու փակ միջավայրը կը դառնայ այն հարթակը, ուր կը սկսի ծաւալիլ վիպակի գլխաւոր հերոսներու ողբերգութիւնը, որ կը խախտէր նահապետական քաղաքի դարաւոր բարքերը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2026