ԱՌԱՆՑ ՎԱԽԻ՝ ԵՐԿԻՒՂՈՎ

Կար ժամանակ, որ մարդիկ չէին կրնար զանազանել վախն ու յարգանքը, սարսափն ու մեծարանքը. այս երկու տարբեր երեւոյթները միախառնուած էին, որովհետեւ վախը մարդուն մօտ հնազանդութիւն կը ծնի եւ այդ հնազանդութիւնը կը սկսի դիտուիլ որպէս առաքինութիւն: Ի դէպ, այս երեւոյթը պէտք չէ միայն վերագրել անցեալին, որովհետեւ մեր իրականութեան մէջ եւս պակաս չեն նման երեւոյթներ։ Այսօր եւս մայր մը իր զաւակը զգաստութեան հրաւիրելու եւ անոր այս կամ արարքը կանխելու համար կը դիմէ նոյն միջոցին՝ վախին, կարծելով, որ վախով դաստիարակութիւնը լաւ արդիւնքներ կրնայ ստեղծել, մինչ իրականութեան մէջ այդ մէկը կը յաջողի միայն «պահը փրկել»ու: 

Երկիւղ եւ վախ ամբողջութեամբ տարբեր բաներ են։ Պատիժի վախի պատճառով ի գործ դրուած որեւէ արարք, որեւէ մօտեցում երբեւէ որպէս երկիւղ եւ յարգանք կարելի չէ նկատել, որովհետեւ վախը սարսափ կը ստեղծէ, իսկ երկիւղը սէր եւ սէրը երբեք մարդը չի կրնար կաշկանդել, որովհետեւ մին պատասխանատուութեան գիտակցութենէն, իսկ միւսը պատասխանատուութեան հանդէպ վախէն է, որ յառաջ կու գայ։ Ի դէպ, այս բոլորը կը վերաբերի թէ՛ մարդկային եւ թէ երկնաւորին հանդէպ ունեցած մեր յարաբերութիւններուն: Ընտանեկան ներքին կեանքը լաւագոյն վկան է այն իրողութեան, որ վախի վրայ ստեղծուած յարաբերութիւնները երբեք դրական արդիւնքներ չեն կրնար ունենալ եւ այդ մթնոլորտի մէջ հասակ առնող մանուկները միշտ վստահութեան խնդիրի դիմաց կը գտնեն իրենք զիրենք: 

Մեր նիւթը, սակայն, այսօր պիտի ըլլայ հոգեւոր վախի եւ երկիւղի մասին, որովհետեւ յաճախ ականատես կ՚ըլլանք, որ մայրեր իրենց զաւակները սաստելու համար «Աստուած պիտի պատժէ» արտայայտութիւնը կ՚ունենան. այս արտայայտութիւնը մանուկներուն մէջ կը ստեղծէ «պատժող», «ջղային» Աստուծոյ մը պատկերը, որ սիրելէ աւելի կը բարկանայ, խրատելէ աւելի կը պատժէ ու մարդուն կեանքին մէջ օրհնութեան փոխարէն սարսափ կը դառնայ։ Անշուշտ, Աստուած ունի բազմաթիւ ստորոգելիներ, որոնցմէ մէկն է Դատաւորը եւ մեր պատկերացումին մէջ դատաւորները միշտ ջղային, խիստ ու պահանջկոտ մարդիկ որպէս ներկայացուած են։ Անշուշտ, այդ մէկը եւս դաստիարակութեան մէկ մասն է, որովհետեւ միշտ չէ, որ մեր կարծածն ու իրականութիւնը կը համապատասխանեն։ Տրամաբանութիւնը կ՚ըսէ, որ վախը անձը կը հեռացնէ եւ մարդը կարիքը ունի Աստուծոյ մօտենալու։ Վախը երբեք մարդուն Աստուծոյ մեծութիւնը, անսահման սէրն ու սրբութեան գիտակցութիւնը չ՚արթնցներ: Օրինակը վերցուցէք դպրոցական կեանքէն. աշակերտը կ՚ատէ այն ուսուցիչը՝ որուն հանդէպ վախ ունի, մինչ կը սիրէ այն ուսուցիչը, որ սիրով ու գուրգուրանքով կը մօտենայ իրեն։ Վախը պարտականութիւն, պարտաւորութիւն կը ծնի մարդուն մէջ, մինչ այդ բոլորը սրբազան կ՚ըլլան, երբ ինքնաբուխ ու վախէ անկախ զգացումներով ի գործ դրուին:

Կար ժամանակ, որ մարդիկ կ՚ըսէին, թէ եկեղեցւոյ մէջ պէտք է պահել լռութիւնը։ Այդտեղ Աստուծոյ տունն է եւ պէտք է յարգանքի ծայրայեղ վիճակին մէջ մարդ լռութեամբ իր կապը ստեղծէ իր եւ Աստուծոյ միջեւ։ Սակայն, ժամանակը կամաց-կամաց սկսաւ փոխել այս համոզումը եւս՝ ի տարբերութիւն այլ փոխածներուն՝ այս մէկը դարձնելով շատ աւելի դրական։ Կար ժամանակ, որ եկեղեցւոյ մէջ մայրեր կը փորձէին նոյնիսկ լռեցնել աղմկող մանուկները, սակայն, ժամանակը եկաւ ըսելու՝ Նոր կտակարանին մէջ կը կարդանք նման խօսք մը. «Ամէն բան թող ըլլայ վայելչութեամբ» (Ա. Կորնթացիս 14:40)։ Սակայն, մանուկներու ձայնն ու աղաղակը եկեղեցւոյ մէջ երբեւէ որպէս անվայել վիճակ կարելի չէ ընդունիլ, որովհետեւ մանուկներուն ձայնը Աստուծոյ համար հաճելի է. նոյնպէս հաճելի է նաեւ ձայնը երիտասարդութեան, ձայնը մարդկութեան, որովհետեւ եկեղեցին ո՛չ միայն լռութեամբ աղօթելու, այլեւ բարձրաղաղակ զԱստուած փառաբանելու սրբավայր է։ Մի քանի օրեր առաջ հայրենասէր մը կը քննադատէր այն երեւոյթը, որ այս օրերուս թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի տարբեր եկեղեցիներէն ներս համերգներ ու հանդիսութիւններ կը կազմակերպուին։ Մեր մէջ կայ խաւ մը, որ կը հաւատայ, թէ եկեղեցին լոկ աղօթքի տեղ է. մինչ Աստուածաշունչը կու գայ Աստուծոյ մեծութիւնը այլ ձեւով յայտնելու. «Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան»։ Երիտասարդներու, մանուկներու ներկայութիւնն է, որ փառաբանութիւն է Աստուծոյ եւ այդ մէկը շատ աւելին կ՚արժէ, քան մեքենայաբար արտասանուած բազմաթի՜ւ աղօթքներ: 

Եկեղեցւոյ հայրերը «Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան» արտայայտութիւնը կը մեկնեն հետեւեալ ձեւով. մանուկը պէտք է եկեղեցի առաջնորդել իր փոքր տարիքէն, սակայն, ո՛չ վախի եւ կամ պարտադրանքի ազդեցութեան տակ։ Հոգեւոր կեանքը լոկ մեծահասակներուն համար չէ, որովհետեւ մանուկի մը ներկայութիւնը, նոյնիսկ աղմուկը Աստուծոյ համար կրնայ ընդունուիլ որպէս աղօթք, որովհետեւ Աստուած սրտերը քննող Աստուած է եւ այդ մանուկին սիրտին մէջ չարութիւն, նենգութիւն կարելի չէ գտնել: Այդ իսկ պատճառով պէտք չէ քննադատել այն երիտասարդները, որոնք եկեղեցւոյ մէջ նոյնիսկ շատ անգամ ոչ-հոգեւոր պատճառներով հանդիսութիւններ կը կազմակերպեն։ Եկեղեցւոյ սրբազան պատերուն տակ տեղի ունեցած իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն պէտք է ընդունիլ որպէս օրհնութիւն։ Մենք այսօր պէտք է քաջալերենք, որպէսզի երիտասարդները գան եկեղեցի՝ անկախ հոգեւոր թէ ընկերային պատճառներէ դրդուած:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ինչ որ պարզ է, ինչ որ դուրս է ժամանակէն եւ տարածութենէն, ան մարդկային հոգիին յատուկ արդարութեան եւ արդարադատութեան զգացմունքն է, որու այս կամ այն հասարակութիւնը կ՚ենթարկուի այս կամ այն բարոյական հասկացողութիւնը եւ անոր վճիռին ականջ կը դնէ:

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2026