15 ՅՈՒԼԻՍԻ 10-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ

Այսօր, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ կը նշուի 15 Յուլիս 2016 թուականի տխուր դէպքերուն 10-րդ տարելիցը։ Ձախող պետական հարուածը տասն տարի առաջ եկած էր Թուրքիոյ մէջ ամրապնդել այն գիտակցութիւնը, թէ ժողովրդավարութիւնը, ազգային միասնականութիւնը անփոխարինելի են երկիրը ամէն տեսակ ցնցումէ պահելու համար։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան 15 Յուլիսի 10-րդ տարելիցին առթիւ հրապարակեց յօդուած մը։ Մինչ երկրէն ներս այս դէպքերու ծանրակշիռ յիշողութիւնը վերակենդանացած է, նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիոյ ամենամեծ ուժն է միասնականութիւնը։ «Այս ազգի ամենամեծ ուժն է միութիւնը, միասնականութիւնը եւ եղբայրութիւնը, որ հազար տարիէ ի վեր ուրախութեամբ եւ տխրութեամբ միահիւսուած է», նշեց Էրտողան։

Յօդուածին մէջ պետութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ երբեք պէտք չէ մոռնալ, թէ տասն տարի առաջ սկսած պայքարը տակաւին չէ վերջացած։ ՖԵԹԷՕ-ի եւ նման կառոյցներու պետութեան եւ ազգին դէմ նպատակները պէտք է արգիլուին եւ այս բանին հիմնական նախապայմանն է՝ միշտ վերակենդանացուած ու արծարծուած պահելը 15 Յուլիսի ոգին։ Հետեւաբար, այս գիտակցութիւնը պէտք է փոխան-ցըւի սերունդէ սերունդ։

Նախագահ Էրտողան յօդուածին մէջ 15 Յուլիսի գիշերուան դիմադրութիւնը բաղդատեց Անկախութեան պատերազմին հետ։ Ան ընդգծեց, որ այդ գիշեր թուրք ազգը մեծ դաս մը տուած է բոլոր անոնց, որոնք մտադրած են մայր հայրենիքը բռնագրաւելու, ծաւալապաշտներու հետ համագործակցելու։ Սա պատմութեան ամենամեծ դասերէն մին եղած է։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2026