ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկիզբ առած հայագիտական եւ կրօնագիտական դասընթացքներուն առթիւ սփիւռքի զանազան թեմերէն ժամանած շուրջ երեսուն երիտասարդները: Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, արդէն երկու տարիէ ի վեր կը կազմակերպուին նման դասընթացքներ, որոնց նպատակն է զօրացնել երիտասարդներուն հայոց լեզուի եւ պատմութեան իմացութիւնը, հարստացնել անոնց հոգեւոր գիտելիքները, ինչպէս նաեւ զանոնք հաղորդ դարձնել Հայաստանի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան եւ ազգային արժէքներուն: Այս նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս հայորդիներուն համար կը կազմակերպուին նաեւ մշակութային ձեռնարկներ եւ ուխտագնացութիւններ՝ դէպի Հայաստանի զանազան սրբավայրերը։ Ծրագիրը կը համակարգուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի Եկեղեցականաց եւ երիտասարդաց վերապատրաստման ծրագրի փոխ-տնօրէն Տ. Շնորհք աբեղայ Սարգսեանի կողմէ։ Ծրագրի կազմակերպչական հարցերուն մէջ իրենց նպաստը կը բերեն նաեւ՝ Ղազարավանքի միանձնուհիները։

Իր խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց զանազան երկիրներէ ժամանած հայորդիներու՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համախմբման առթիւ եւ հետաքրքրուեցաւ անոնց առօրեայով եւ ուսումնառութեան ընթացքով։ Ան ընդգծեց, որ նման կրթական ծրագրերը նպատակաուղղուած են սփիւռքահայ երիտասարդներու հայեցի դաստիարակութեան եւ կրթութեան ապահովման, ազգային եւ հոգեւոր ինքնութեան զօրացման, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի հետ կապի առաւել ամրապնդման: 

Հուսկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայորդիներուն յորդորեց՝ ձեռք բերուած գիտելիքները ծառայեցնել իրենց աշխարհասփիւռ համայնքներուն եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի զօրացման:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2026