ՀԱՒԱՏԱԼ
«Ամենայն ինչ վասն որոյ աղօթս արարեալ խնդրեցէք, եւ հաւատայցէք թէ առնուցուք, եղիցի ձեզ». (ՄԱՐԿ. ԺԱ 24)։
«Այս պատճառով կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ի՛նչ որ աղօթքով խնդրէք, հաւատացէ՛ք, որ պիտի ստանաք եւ ձեր խնդրածը պիտի տրուի ձեզի»։
Արդարեւ, աղօթքով խնդրուածը ստանալու համար անհրաժեշտ է՝ հաւատա՛լ։
Հաւատքը՝ մարդուն պատասխանն է Աստուծոյ, որ Ինքզինք կը յայտնէ եւ Ինքզինք անոր կու տայ, իր կեանքին գերագոյն իմաստը՝ նշանակութիւնը որոնող մարդուն միաժամանակ յորդառատ լոյս կը սփռէ։
Հաւատալու մէջ, մարդկային իմացականութիւնը եւ կամքը կը համագործակցին աստուածային շնորհքին հետ։ Ուստի, Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Հաւատալը արարք է բանականութեան՝ որ շնորհքին միջոցաւ Աստուծմէ դրդուած կամքին հրամանին տակ, աստուածային ճշմարտութեան կը յարի»։
Արդարեւ, «Հաւատամք»ին վերջի «Ամէն»ը կը վերակոչէ եւ կը վերահաստատէ իր առաջին «Կը հաւատամ» բառը։ Հաւատալ՝ Աստուծոյ խօսքերուն, խոստումներուն, պատուիրաններուն, հաւատարմութեան «Ամէն» ըսել է, ամբողջովին ապաւինիլ եւ վստահիլ Անոր, որ անհո՜ւն սիրոյ եւ կատարեալ աներկբայ հաւատարմութեան «Ամէն»ն է։
Քրիստոնեային ամէնօրեան պիտի դառնայ այն ատեն «Ամէն» մը՝ իբր պատասխան մեր Մկրտութեան հաւատքին դաւանութեան «Կը հաւատա՛մ»ին։
Մեր աղօթքները ընդունելի ըլլալու համար անհրաժե՛շտ է հաւատալ Յիսուս Քրիստոսի եւ զԻնք մեր փրկութեան համար Առաքող՝ Հօր։ «Եւ քանի որ առանց հաւատքի անկարելի՛ է հաճելի ըլլալ Աստուծոյ». (ԵԲՐ. ԺԱ 6) եւ հասնիլ Անոր որդիներու վիճակին մասնակցութեան, ուստի եւ ո՛չ ոք առանց հաւատքի կ՚արդարանայ եւ ո՛չ ոք յաւիտենական կեանքը կ՚ընդունի, եթէ հաւատքին մէջ «մինչեւ վերջ չէ յարատեւած». (ՄԱՏԹ. Ժ 22, ԻԴ 13)։
Աւետարանը կը վկայէ բազմաթիւ հրաշք բժշկութիւններու՝ որոնք կատարուած են աներկբայ, հաստատ հաւատքով…
Աստուծոյ մարդուն տուած Հաւատքը ձրի պարգեւ մը՝ շնորհ մըն է։ Մարդ կրնայ կորսնցնել այս անգնահատելի պարգեւը։ Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ Տիմոթէոսը. «Մղէ՛ գեղեցիկ պայքարը, պահպանէ՛ հաւատքդ եւ մաքուր խիղճդ. ոմանք մերժեցին զայն եւ ասոր համար հաւատքին մէջ նաւաբեկ եղան». (Ա ՏԻՄ. Ա 18-19)։ Հաւատքին մէջ ապրելու, աճելու, զարգանալու եւ մինչեւ վերջ յարատեւելու համար, պարտինք զայն սնուցանել, աճեցնել Աստուծոյ Խօսքով։ Պարտինք աղերսել Տէրը, որ զօրացնէ զայն։ Հաւատին ո՛չ թէ քանակը, այլ ո՛րակն է կարեւորը։
Հաւատքը պէտք է գործէ «սիրով» (ԳԱՂ. Ե 6), (ՅԱԿ. Բ 14-26), եւ պաշտպանուի «յոյսով» (ՀՌՈՎՄ. ԺԵ 13) եւ արմատանայ հաստատ, անտարակոյս, աներկբայ հաւատքով։ Արդարեւ, այս հաստատ հաւատքով աղօթակից ըլլալ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի՝ որ հրաշք բժշկութիւններու պատճառ դարձած է։
Հաւատքը նախաճաշակել կու տայ մեզի լոյսը, յոյսը եւ ուրախութիւնը երանաւէտ տեսութեան, որ այս աշխարհի վրայ մեր ճանապարհորդութեան վախճանն է։ Այն ատեն Աստուած «դէմ յանդիման». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 13-12) պիտի տեսնենք «Ինչպէս որ է». (Ա ՅՈՎՀ. Գ 2)։
Հաւատքը յաւիտենական երանելի՜ կեանքին արդէն իսկ սկիզբն է։ Սուրբ Բարսեղ Մեծ (Բարսեղ Կեսարացի. 329-379 թթ.) կ՚ըսէ. «Հաւատքին օրհնութիւնները հայելիին արտացոլումին մէջէն այժմէն իսկ սեւեռելով, մենք կարծես արդէն իսկ կը տիրանանք այս սքանչելիքներուն, որոնց մասին մեր հաւատքը կը հաւաստէ, թէ օր մը պիտի վայելենք զանոնք»։
Արդարեւ, ոչինչ աւելի ատակ է ամրացնելու մեր հաւատքը եւ մեր յոյսը՝ քան մեր հոգիներուն մէջ խորապէս դրոշմուած այն համոզումը, թէ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՄԱՐ ԱՆԿԱՐԵԼԻ ԲԱՆ ՉԿԱ՛Յ։ Քանի ամէն ինչ, որ յետոյ «Հաւատա՛մք»ը պիտի առաջարկէ մեզի հաւատալ, ըլլա՛ն ամենամեծ, ըլլա՛ն ամենէն անիմանալիները, ըլլա՛ն նաեւ բնութեան սովորական օրէնքներէն աւելի վե՛ր բաները, մեր միտքը հազիւ թէ աստուածային Ամենազօրութեան եւ Ամենակարողութեան գաղափարը ունենայ, դիւրութեամբ եւ առանց ո՛չ մէկ վարանումի պիտի ընդունի զանոնք։
Կեանքը պատահական չէ՛, այլ իմաստութեամբ եւ բանականութեամբ ծրագրութեամբ եւ նախագծուած ընթացք մը, որ ուղղութիւն կը ստանայ ամբողջ եւ կատարեալ հաւա՛տքով։ Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին է, որ հաւատքով կատարուած աղօթքը արժէք կը ստանայ եւ դրական պատասխան կը ստանայ։ Անշուշտ, աղօթքի ընթացքին հաւատքի չափ համբերութիւնն ալ անհրաժեշտ է. աղօթքը պարզ առեւտուր մը չէ՛, եւ Աստուած մեր գործակատարը չէ, որ մեր ուզածը, փափաքածը անմիջապէս կատարէ։ Ժամանակը Ան կ՚որոշէ. յարմարագոյն եւ պատշաճ ժամանակը՝ որ ո՛չ թէ աղօթող մարդը, այլ Աստուած կ՚որոշէ։
«Ես կը հաւատա՛մ» ըսող անձը՝ կ՚ըսէ նաեւ. «Ես կը վստահիմ եւ կը փարիմ իմ հաւատացածին»։ Այսինքն, «հաւատալ»ը պարզ մտածում մը, սովորական արարք մը չէ՛, այլ իմացականութեամբ ապրո՛ւմ մը, համոզում մը՝ որ առանց վարանումի, առանց տարակուսանքի ընդունուած է։ Եւ հաւատացեալի կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ այն ճշմարտութիւնը, թէ երբ կ՚ուշանան երբեմն աղօթքի պատասխանները, այդ կը նշանակէ, որ կատարեալ հաւատքով կատարուած չեն աղօթքները եւ Ամենակարողն Աստուած առիթ կու տայ աղօթողին՝ որ աւելի եւս զօրացնէ իր հաւատքը, քանի որ զօրաւոր հաւատքով կարելի՛ կ՚ըլլայ ամէն անկարելի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 14, 2026, Իսթանպուլ