ԱՆՄՈՌԱՑ ՎԱՐԴ ՇԻԿԱՀԵՐԸ
16 յուլիս 2020-ին, վեց տարի առաջ, Վարդավառի տօնի նախօրեակին, մեր աշխարհէն անշշուկ կը մեկնէր պոլսահայ արդի գրականութեան մեծ երախտաւորներէն՝ բանաստեղծ եւ սրտաբան բժիշկ Վարդ Շիկահերը (Պոլիս, 26 դեկտեմբեր 1926 - Պոլիս, 16 յուլիս 2020): Այն ատեն, սփիւռքահայ որոշ թերթեր անդրադառնալով Շիկահերի մահուան, շեշտը մասնաւորապէս կը դնէին անոր լոկ բանաստեղծի տաղանդին վրայ՝ յիշելով, որ բանաստեղծներ Զահրատի, Զարեհ Խրախունիի մեկնումով տերեւաթափը կը շարունակուի եւ հայ գրողներով երբեմնի հարուստ հոյլը Պոլսոյ՝ նախաեղեռնեան տարիներէն սկսեալ, ա՛լ կը զգացնէր ոչ միայն մտաւորականութենէ պարպուող տխուր իրավիճակը ամայացող պոլսահայ համայնքի, այլեւ ա՛լ հայախօս Պոլիս չունենալու հոգեցունց իրողութիւնը, դժխե՜մ ճակատագիրը…:
Իր մահուան 6-րդ տարելիցին առիթով սոյն տողերը կ՚ուզեն լոյս սփռել մեծ բանաստեղծին ծննդեան 100-ամեակին ընդառաջ (26 դեկտեմբեր 2026-ին) մեր բարձրաձայն մտորումները՝ վեր առնելու վաստակն անոր, որ տաղանդաւոր բանաստեղծ մ՚ըլալու փաստին կողքին՝ է՛ր նաեւ համբաւեալ եւ հմուտ սրտաբան: Արդարեւ, մեծահոգի՛ բժիշկ, որուն բազում ծառայութիւններն ու կատարած բուժումները իր բազմաթիւ հիւանդներուն եւ ընդհանրապէս պոլսահայ ու երկրի զաւակներուն՝ անկշռելի են: Եւ այս երկնատուր արժանիքը՝ անոր իրա՛ւ բանաստեղծ մ՚ըլլալուն առընթեր, կը շեշտէ պոլսահայ հասարակութեան հետ մօտիկէն շփուելու, անոր կարիքներուն հասնելու անխառն նուիրուածութիւնը սրտաբան քերթողին: Այս առումով, յիրաւի, Վարդ Շիկահեր սիրտո՛վ մտածող բանաստեղծն էր:
Սի՜րտը…: Բանաստեղծի մը յուզաթրթիռ բաբախումներով կեանք տուող ամենակենսական օրկանը, որուն մէջ գլխագիր սէրը, մարդասիրութիւնն ու արդարապահանջ հոգին, հայու հաւատքն ու յոյսը՝ մարդկային հոգին անհունացնող ու հոգիին ներշնչման թեւեր պարգեւող էական բաղադրիչները, իրա՛ւ բանաստեղծն է, որ վեր կ՚առնեն, որ Վարդ Շիկահերն է իր ողջ գրականութեամբ:
Այո, ի՜նչ շուտ անցան-սահեցան վեց տարիները, բայց չենք մոռնար ու չի՛ մոռցուիր Վարդ Շիկահերը: Որոշ պոլսահայեր նոյնիսկ եթէ այսօր մոռցած են անոր քերթուածներէն տողեր ու կը դժուարանան զանոնք յիշել, բայց վստահաբար, երախտագիտութեամբ չեն մոռնար այն պահերը, վայրկեանները, երբ անոնք կարողացան վերականգնել ու վերագտնել իրենց առողջութիւնը՝ շնորհիւ մասնագէտ սրտաբան Վարդ Շիկահերի՝ վերջինին նուիրեալ հոգատարութեան, անմիջական ցուցմունքներուն ու խորհուրդներուն շնորհիւ:
Արդարեւ, 1915-ի Մեծ եղեռնէն ետք տքթ. Վարդան Կոմիկեանով սկսուած ու Կարպիս Ճանճիկեանով, Արա Կարմիրեանով, Զաւէն Պիպեռեանով շարունակուած գրողներու, մտաւորականներու, բանաստեղծներու փաղանգին մէջ անոնց սերնդակից-ժամանակակիցը համարուող Վարդ Շիկահեր, պոլսահայ քերթողական արուեստի մէջ ակօսեց ինքնուրոյն դրոշմ, տարբեր՝ Զահրատին ու Զարեհ Խրախունիին արդիաշունչ գրական ուղիէն, հակուած մնալով չափածոյ ու յանգաւոր բանաստեղծութեան կանոններուն՝ Թէքէեանի, Վարուժանի, Մեծարենցի գրականութեանց ամրակուռ շղթային շարունակուող մէկ օղակն հանդիսանալու ճիգով, անոնց մտածողութեան ու զգացմանց, այլեւ անոնց փարթամ բառամթերքին ոսկեցոլուն թրթիռները պոլսահայ (իմա՝ իսթանպուլահայ) գրականութեան նոր ժամանակներու շունչին ու ոգիին խառնելու շիկահերեան ինքնատպութեամբ:
Այսօր, յիշելով Վարդ Շիկահերը, չենք կրնար չյիշել նաեւ բանաստեղծ բժիշկին կեանքի պայքարի մտաւորական ընկերը՝ Թարգմանչաց վարժարանի երբեմնի ժրաջան ու նուիրեալ, համեստ տնօրէնուհին, կրթանուէր գործիչը, տիկին Զեփիւռ Նշանեան-Շիկահերը, որ ամբողջ կեանք մը նուիրեց կրթադաստիարակչական սրբազան գործին, սրտամաշ ժամանակներ տալով ու տրամադրելով իր ամուսնոյն՝ Վարդ Շիկահերի գրական գործերու դասաւորման ու անոնց հրատարակման համար, որպէս անոր հաւատարիմ սրտամօտիկ խորհրդատուն՝ ուրախ եւ տխուր օրերու: Վերջին հաշուով՝ բանաստեղծ բժիշկ, որ Աստուածառաք իր տաղանդով, բանաստեղծական ու արձակ երկերով եւ հրապարակագրական, օրագրային ու վերլուծական բազմաթիւ էջերով, ան առաւել հարստացուց պոլսահայ գրական հարուստ գանձարանը:
Գրական նկարագի՞րը Վարդ Շիկահերի: Անխառն բարութեան ու անկեղծութեան շաղախով կոփուած անձնաւորութիւն մ՚ան ապաքէն: Իր նուիրաբերումները՝ սրտաբան-բժիշկի իր կոչումին ընդմէջէն, մարդկութեան եւ իր ժողովուրդին ծառայելու ոգին, ո՛չ միայն անքակտելիօրէն սերտ մնացին իրարու՝ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան, այլեւ անոնք համաձուլուելով՝ ստեղծելով Վարդ Շիկահեր բանաստեղծ-բժիշկը:
Ուսանողական գրասեղաններէն սկսած էր երեւան գալ բանաստեղծելու ընդոծին տաղանդը Վարդ Շիկահերի: Մեսրոպ Մաշտոցէն յետոյ, Կոմիտաս Վարդապետին հանդէպ բանաստեղծին բուռն սէրն ու անունջ երախտագիտութիւնը՝ զերդ զգացումներու շքերթ ու մտածումներու տարփողեալ տողանցք, բազմաթիւ քերթուածներու շարքին ան թուղթին յանձնեց զանակ առ զանակ, շքեղ արեւմտահայերէնով մը: «Կոմիտաս» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը, գրուած 1984-ին, Կոմիտաս Վարդապետի վախճանման յիշատակին առիթով, Շիկահեր խոր ապրումով գրեց իր ընթերցողներուն.-
Դուն սրբակաթ հոծ երգերու մասունքին մէջ յաւէ՜տ կաս,
Հոգիներու հաղորդութի՜ւն, երգի նշխա՜ր, Կոմիտաս:
Ոսկեհանգոյց հիւսկէնին մէջ, գեղջկական ջի՜նջ տաղերուն
Ժողովուրդն է՝ որ կը հանգչի, պարզո՜ւկ կեանքով, Կոմիտաս:
Կը հանգչի հոն՝ սո՜ւրբ վաստակով ու սէրերովն իր անհո՜ւն.
Անոր ժպտին, անոր երգին՝ Դուն մօտիկն ես, Կոմիտաս:
Հնձուորներու հոյլերու քրտինքովն յորդ՝ երբ բարձրանայ
Խուրձերու դէզն ոսկեսլաք, կալի՛ն մէջ ես, Կոմիտաս:
Ու կալի երգն այնքա՜ն թովիչ, հոգեզուարճ կը հնչէ
Երգերուն հետ արտոյտներուն՝ Դուն օրհներգա՜կ Կոմիտաս:
Մշակին հետ սեղան նստած՝ երբ կը բաժնես հա՛ցն արդար,
Իր հոգիէն քաղուած երգին՝ Դուն ձայն կու տաս, Կոմիտաս:
Երբ գեղջկուհին կուժն իր ուսին՝ ելլէ՜ սարերն հերարձակ,
Չորս հովերէն մեզ կը բերես ահուզարն իր՝ Կոմիտաս:
Մարալ ջան-ի, Սօնա եար-ի, Նազաններու սէ՜րն համակ,
Հո՜ւր ու կըրա՜կ, հոգու ճըրա՜գ, կը պատմես մեզ, Կոմիտաս:
Աղբիւր երթի թափօրներէն՝ պարերգ, ցնծերգ երբ հոսին,
Որպէս ծաղիկ՝ Դուն կը քաղես, փո՛ւնջ կը կազմես, Կոմիտաս:
Ամէնո՛ւր միշտ, սիրակարօտ՝ գիւղի երգով Քե՛զ կը կանչենք,
Երգի մշա՛կ, Երգի բանուո՛ր, մեր պանծալի՜ Կոմիտաս:
Իզմիթ քաղաքի Պարտիզակ (Մեծ Գիւղը) գիւղաւանն է եղած Վարդ Շիկահերի ծնողներուն՝ Միհրան եւ Երանուհի Շիկահերներու ծննդավայրը: Ինք՝ Վարդ Շիկահերը, բենիամինը տան չորս զաւակներուն՝ Հայկ-Արամ, Սաթենիկ, Վարդ-Օննիկ (յետագային Վարդ Շիկահեր՝ գրական անունով) եւ Պերճ-Կարօ, ունեցած է նոյն հոգեկերտուածքը հոգեւորական իր հօր, որ Լուսաւորչեան-Գայիանեան վարժարանի տնօրէնութիւնը ստանձնելուն առընթեր վարած է ուսուցչական պաշտօններ՝ դասաւանդելով հայերէն լեզու (աշխարհաբար), գրաբար եւ կրօն:
Աւանդապաշտ ու հոգեւոր ծնողներու զաւակն ըլլալով, բնականաբար Վարդ Շիկահերի մէջ մարդկայնական գիծը շեշտուած է ոչ միայն իր աշխարհականի կեանքէն ներս, այլեւ արտացոլած է իր շարք մը բանաստեղծութիւններուն մէջ, ուր մասնաւորապէս մեծարենցեան միստիք ու թէքէեանական խոհափիլիսոփայական ապրումներ կ՚անհունացնեն ե՛ւ կ՚ազնուացնեն իր հոգին՝ տաճարներու, եկեղեցիներու, դպրոցներու աննիւթեղէն անյիշաչարութեամբ, իր իմացականութեան մէջ ալ այդ բոլորին կայլակները ողողելով իր գրական ստեղծագործութիւններու պարտէզին մէջ՝ իբրեւ արդարապահանջ աղօթք ու մարդասիրութեան անշէջ կրակ:
Իր «Երկու տաճար» հնչեակէն կու տամ վերջին երկու տուները միայն, որոնք բաւ են տարածելու ապացոյցը վերի ըսուածներուն.-
Դպրոցներ մեր, երկրորդ տուներ հայրենական, բո՜յն զուարթուն,
Վեհանուն Սուրբն Օշականի հիմնադիրն է անոնց յաւէտ
Ու Առաջին Ուսուցիչը՝ Հայու բոլոր զաւակներուն:
Երկու տաճար, երկու ջերմոց. «Աղօթքի տուն», «Կրթանքի տուն»,
Ամէն երկնի ու աստղի տակ, պարտինք ընդմիշտ գուրգուրագին
Պահե՛լ զանոնք շէ՜ն, աննուա՜զ, փարիլ անոնց սիրազեղուն:
Իր մանկութեան տարիները Պէշիկթաշ անցուցած Վարդ Շիկահեր յաճախած է տեղի Մաքրուհեան, ապա Օրթագիւղի (Միջնագիւղ) Թարգմանչաց, Թաքսիմի Էսաեան վարժարանները: Այնուհետեւ, 1944-ին շրջանաւարտ ըլլալով Մխիթարեան լիսէէն՝ աշակերտած է Ստեփան Կուրտիկեանի, Զոհականի (Համբարձում Յարութիւնեան), հայր Պետրոս ծ. վրդ. Տէր Պօղոսեանի, հայր Հմայեակ ծ. վրդ. Համբարեանի, Մանասէ Սուլթանեանի, Ստեփան Քիւրքճեանի նման մտաւորական, հայագէտ անուանի ուսուցիչերու, որոնք ընդարձակած ու կռանած են միտքի հորիզոնները երիտասարդ Շիկահերի՝ հայրենաիրութեան ու մարդասիրութեան սնուցիչ հուրքով: Յետագային, բանաստեղծը խոր երախտագիտութեամբ է, որ կը յիշէ ու կը գրէ յիշեալ լուսամիտ անձնաւորութիւններուն մասին: 1944-1981 թուականներուն ան դասաւանդած է Պոլսոյ Մխիթարեան, Էսաեան եւ Ֆէրիգիւղի միջնակարգ վարժարաններէ ներս: 25 տարեկանին ընդունուելով Իսթանպուլի համալսարանի բժշկական բաժանմունքը՝ 1957-ին վկայուած է այնտեղէն իբրեւ սրտաբան եւ ներքին հիւանդութիւններու մասնագէտ բժիշկ:
Բժշկական մասնագիտութիւնը ո՛չ թէ եղած է Շիկահերի ծնողաց կամ այլոց թելադրութեամբ, այլ՝ մարդասիրութեան փարելու եւ այդ կոչումը սիրայօժա՛ր կրելու երիտասարդ բանաստեղծին խոր համոզմամբ, այդ մասնագիտութեան արիւնատար երակներուն մէջ հոսեցնելով իր քերթողութեան կապոյտ կսկիծները, յուռթի յուզումները, սիրտին սիրաւեր սարսուռները:
Առիթներով ի՛նք է արտայայտուած, թէ աւելի քան վաթսուն տարի ծառայելէ յետոյ իր ասպարէզին մէջ, իր ծառայութիւններն ու զոհողութիւնները իր հոգիին բերած են խիղճի անհուն անդորրանք, երջանկութեան ու գոհունակութեան գոլուտ արեւներ: Չէ՞ որ բժիշկի մը տուած երդումին Ալֆան ու Օմեկան պէտք է ըլլայ ամէն բանէ առաջ մարդասիրութիւն, որուն անհունաստեղծ երկնակամարին տակ դարերէ ի վեր կ՚արարեն աշխարհի ժողովուրդներն ու գիտնականները:
Իր ասպարէզին զուգահեռ հաւատաւոր նուիրուեալ մը ուսուցչական սրբազան գործին՝ Շիկահեր հասցուց իրեն նման նուիրեալ ուսուցիչներ ու գրողներ, երեւելի դէմքեր պոլսահայ համայնքի մէջ: Եւ իբրեւ կրթանուէր դաստիարակ՝ ան սերմանեց մանաւանդ գրականութեան եւ հայոց լեզուի սէրը իր աշակերտներուն մէջ, զանոնք ուղղորդեց ե՛ւ յորդորեց բոլորին, որ իրենց շրջապատին մէջ միշտ հեռու մնան բացասական, ժխտական երեւոյթներու տեղի տալէ եւ տապալե՛ն չարիքն ու պատրանքը՝ միշտ մարդասիրական մօտեցումներով:
Իր գրական ժառանգութիւնը թէեւ չեղաւ ծանրակշիռ՝ բաղդատմամբ Զահրատի եւ Զարեհ Խրախունիի երկերուն, բայց ի՛նչ որ ան տուաւ՝ արժէքաւոր ու մնայուն գոհարներ են հայ գրականութան գանձարանին:
Յիշենք իր քերթողագիրքերէն՝ «Այգաբաց» (1980), «Չորս տող միայն» (1993), «Բարի աստղի տակ» (1999): Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ բնորոշ է հակուածութիւնը դէպի խոհափիլիսոփայական մտածողութիւն («Նոյն արեւուն տակ», 1996): Յոյժ հետաքրքրական են իր բժշկագիտական «Կիսադարեայ պատմութիւն թրքահայ բժշկութեան», 1923-1975 ու «Մեր կենսաբանական ցաւերը եւ Աննա Ասլանի նիւթ H-3», 1964, ինչպէս նաեւ յուշագրական աշխատութիւնները՝ «Մխիթարեանի պարտէզէն» (1992) խորագիրով:
Եօթ տուննոց իր «Հողը սուրբ, ժամ ու դպրոց» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը կարդալով կարելի է ուրուագծել ամբողջական պատկերը, գրական նկարագիրը Մարդ-Բանաստեղծ Վարդ Շիկահերի: Կու տամ երկու տուն յիշեալ քերթուածէն.-
Ուսուցիչը դարերով մականն իր բարձըր բռնեց,
Ամէն առտու փութաց վաղ՝ դպրոց, վարժոց, դպրատուն,
Իր կոչումին սրբութեամբ տաճարացո՛ւց միշտ զանոնք,
Դպրոցն ըրաւ քաղցր ապրոց, օրրան՝ ջերմիկ երդերուն,
Մտքերն արթո՛ւն, սրտերն արի՛, հոգիները շէ՛ն պահեց:
Դարե՜ր անցան, հողը սուրբ, դպրոցն ու ժամը գիւղին
Եղան հիմեր ու պատճառ՝ յաւերժական մեր ազգի.
Հերթով եկան, անց կեցան անդապահներն անձնուրաց.
Հոգիներու, մտքերու բանուորները քաջարի,
Բայց հողը սուրբ, ժամ ու դպրոց անա՜նց, անմա՜հ մնացին:
Արդարեւ, ամրակուռ ընդելուզուած են Հայ գրականութիւնը, Հայ դպրոցը եւ Հայ եկեղեցին Վարդ Շիկահերի ներաշխարհէն ներս, որուն մէջ ամէն օր եւ ամէն ժամ քովէ քով կը ղօղանջեն մեսրոպաբոյր Հայ լեզուն:
Ամփոփ՝ Մարդերգակ բանաստեղծ է Վարդ Շիկահեր, որուն անմեռ վաստակով իրաւունք ունին հպարտանալու զինք ծնած Հայ ազգը եւ հարկաւ՝ համայն պոլսահայութիւնը առաջին հերթին։
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ